Իգնա Սարըասլան

Իգնա Սարըասլան – Պոլսահայ բանաստեղծ, բանասէր եւ բժիշկ։ Պոլսահայ նորագոյն գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն Իգնա Սարըասլան ծնած է 1945ին, Պոլսոյ մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան եւ ֆրանսական Ս. Ժոզէֆ վարժարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն կրթութեան հետեւած է Պոլսոյ համալսարանի Ճէրրահփաշայի բժշկական բաժանմունքին մէջ՝ վկայուելով իբրեւ վիրաբոյժ։ Սկսած է գրել 14 տարեկանին։ Աշխատակցած է Պոլսահայ մամուլին, տալով…

Ինքնատիպ հայկական գիրք՝ գտնուած Իսթանպուլի Քաղաքապետարանի գրադարանին մէջ

Ինքնատիպ հայկական գիրք՝ գտնուած Իսթանպուլի Քաղաքապետարանի գրադարանին մէջ Իսթանպուլի քաղաքապետարանի Թաքսիմի «Աթաթիւրք» գրադարանէն ներս պահուող հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրքերը հետազօտելու ընթացքին (2017-2020-ին) հայաստանցի մատենագէտներ անոնց մէջ գտած են գիրքեր, որոնք կը բացակային Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, որ, ինչպէս յայտնի է՝ կը նկատուի հայատառ տպագիր գրականութեան ամենէն մեծ պահոցը աշխարհին մէջ: Իսթանպուլի քաղաքապետարանի «Աթաթիւրք» գրադարանին…

Սփիւռքահայ հեղինակաւոր պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան

ՎԱՍՏԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ Հայկական գիտական աշխարհը կը սգայ մեծ կորուստ մը. ոչ եւս է սփիւռքահայ հեղինակաւոր պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, որ արդարօրէն կը դասուի վաստակի ախոյեաններու շարքին։ Լոս Անճելըսի մէջ, ան նախընթաց օր կնքած է իր մահկանացուն 90 տարեկան հասակին։ Հայոց պատմութեան զանազան ծալքերը բացայայտած մեծանուն գիտնականին մահը կարեւոր կորուստ մը կը նկատուի նաեւ համաշխարհային պատմութեան…

Լեզուական Հնհնուքներ (4). Աւանդականութիւն. Յակոբ Չոլաքեան

Լեզուական հնհնուքներ – 4 աւանդականութիւն Աւանդականութիւնը գրական լեզուի կանոնակարգը անփոփոխ պահելու խնդիր ունի։ Բոլոր գրական լեզուներն ալ տեղ մը կամ չափով մը աւանդապաշտ են: Գիտակից լեզուակիրները աւանդը անաղարտ պահելու նախանձախնդրութիւն ունին։ Լեզուական այս կամ այն կարգի նորութիւնը կամաց-կամաց քաղաքացիութիւն կը ստանայ ու կը միաձուլուի համակարգին մէջ։ Հակառակ պարագային՝ ամեն անհատական, տեղական եւ ժարգոնային արտայայտութիւն ու…

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան մէջ նշուեցաւ «Հիմնադիրի օր»-ը

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան մէջ նշուեցաւ «Հիմնադիրի օր»-ը Ամեն տարի Յուլիս 20-ին՝ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի մահուան տարելիցին, Հիմնարկութեան մէջ կը նշուի «Հիմնադիրի օր»-ը. տեղի կ՚ունենայ հանդիսաւոր ծիսակատարութիւն եւ եկեղեցական արարողութիւն։ Ինչպէս կը տեղեկանանք Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքէն՝ այս տարի պատարագը տեղի ունեցաւ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի մասնակցութեամբ, որ իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ նաեւ նախորդ…

«Հայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20րդ դարուն եւ 21րդ դարու սկիզբին» Գիտաժողովը Հայկազեան Համալսարանին մէջ

«Հայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20րդ դարուն եւ 21րդ դարու սկիզբին» Գիտաժողովը Հայկազեան Համալսարանին մէջ 27 յունիս 2023-ի երեկոյեան, Պէյրութի մէջ ընթացք առաւ Հայկազեան համալսարանի եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) գործակցութեան արդիւնք «Հայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին» գիտաժողովը, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Բարի գալուստի բացման խօսքին մէջ Հայկական…