Իգնա Սարըասլան – Պոլսահայ բանաստեղծ, բանասէր եւ բժիշկ։
Պոլսահայ նորագոյն գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն Իգնա Սարըասլան ծնած է 1945ին, Պոլսոյ մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան եւ ֆրանսական Ս. Ժոզէֆ վարժարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն կրթութեան հետեւած է Պոլսոյ համալսարանի Ճէրրահփաշայի բժշկական բաժանմունքին մէջ՝ վկայուելով իբրեւ վիրաբոյժ։
Սկսած է գրել 14 տարեկանին։ Աշխատակցած է Պոլսահայ մամուլին, տալով քերթուածներ, գրական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ։
Ունի տեսակցութիւններու շարք մը, կատարուած Ս. Պապին, Աննա Ասլանի, եւ բազմաթիւ երաժիշտ ու բանաստեղծ՝ երեւելի դէմքերու հետ։
Անոր թրքերէն քերթուածները, որոնք հրատարակուած են Թուրք գրական պարբերաթերթերու մէջ եւ սփռուած Թուրքիոյ ձայնասփիւռներէն, տեղ կը գրաւեն անթոլոժիներու եւ Թուրք լեզուի ու գրականութեան դասագիրքերու մէջ։
1962-ին շահած է Սարգիս Պօղոսեան բանաստեղծութեան մրցանակը։ Իսկ 1973-ին արժանացած է ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Հիմնարկի գրական բաժնի Ա. մրցանակին, իր «Լօ»ն, իբր առաջին հատորը «Սփիւռքահայ գրականութիւն» տարեգիրքերուն։
Ինգա Սարըասլան 1990-ին հրատարակած է իր ուսումնասիրած մէկ գործը՝ գեղատիպ հատորով մը՝ «Յիսնամեայ Յուշամատեան Ս. Թագաւոր Երգչախումբի» (1938-1988) խորագրով:
1994-ին հրատարակած է իր բանաստեղծութեանց Բ. Հատորը «Քառասմբակ Սէրերով», զայն ձօնելով իր տիկնոջ Մարիին:
Բանաստեղծական հատորներն են՝ «Լօ» (1974, որ կ’արժանանայ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան առաջին գրական մրցանակին, վերահրատարակուած՝ 1985-ին Երեւանի մէջ, որպէս՝ «Սփիւռքահայ Գրականութիւն» տարեգիրքերու առաջին հատոր), «Քառասմբակ Սէրերով» (1994, Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակ), «Սիրոյ Գոյնը» (1998)։
Բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են տարբեր լեզուներով։ Ունի գրական–հրապարակագրական վաստակ, նաեւ թարգմանութիւններ։
Վերջերս Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Իգնա Սարըասլանի նոր «Գոյներ Հետքեր» բանաստեղծութիւններու հատորը:
Առաջին եւ միակ հայագիր հեղինակն է, որ ընտրուած է Թուրքիոյ գրողներու միութեան անդամ, ինչպէս եւ Համաշխարհային Գրողներու «Փէն» Միութեան Պատուոյ Խորհուրդի Անդամ։
Իգնա Սարըասլան կը բնակի եւ կը ստեղծագործէ իր ծննդավայր քաղաքին՝ Պոլսոյ մէջ։
Ա՜Խ ԳԱՏԸԳԻՒՂ
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ մանկութեանս փողոցները
Մէկ առ մէկ պտտէի
Մանկութեանս չափ անբիծ
Մանկութեանս չափ անգին
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի
Եւ պատանութեանս թաղերը շրջէի
Ահա սա եռյարկանի քարաշէն շէնքը
Նախակրթարանս Արամեանը
Իր լայնանիստ սանդուխներով
Իր բարձր ձեղուններով
Փայտի վառարանով տաքցող դասարաններով
Եւ իր մաշած տախտակամածներով
Մուտքի ձախակողմեան դռնէն
Դէպի վեր բացուող նրբանցքին վրայ
Պոկուած պաստառ մը
Պաստառին վրայ շարժանկարի սեւ-ճերմակ ժապաւէն մը
«Թիթանիք»ը
Մենք փայտէ նստարաններու վրայ քով քովի նստած
Հետաքրքրութեամբ կը դիտէինք
Մանկապարտէզին մէջ Օր. Հնազանդը
Առաջին ոտանաւորը սորվեցուց ինծի
Առաջին դասարանին մէջ Տիկին Սիրվարդը
Մեզի ասեղ-դերձան-մկրատը ծանօթացուց
Մկրատը-ասեղը ինչպէս կը գործածուի
Սորվեցուց
Ես ալ ապրուստս
Մկրատով-ասեղով-դերձանով հոգացի
Վիրաբոյժ եղայ
Յիշատակներով օծուած
Եռյարկանի դարաւոր քարաշէն շէնքը
Պատմութեան յանձնուեցաւ
Այսօր հոն կը բարձրանայ
Դպրոցի նոր շէնքը
Եւ ահա ամբողջ թաղամաս մը գրաւող լիսէն
Սէն-Ժոզէֆը
Մուտքի աւազանին ճիշդ կեդրոնը
Ժայռի մը վրայ բարձրացող
Սուրբ Յովսէփի արձանին ետին կանգնած
Այդ փառաւոր դպրոցը
Ուր հայրս եւ ես
33 տարի տարբերութեամբ աշակերտեցինք
Մանկութեանս չափ արագընթաց
Մանկութեանս չափ անմոռաց
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ պատանութեանս փողոցները պտտէի
Ահա «Սիւրէյյա» շարժանկարի սրահը
Որուն առջեւ պոչի մտանք
«Ավարէ»ն դիտելու համար
Կամ ամառուան տաքին
Բացօթեայ
«Սիւրէյյա»յի պարտէզին մէջ
«Թարզան»ին արկածախնդրութիւններով
Տարուեցանք
Եւ սա «Օփէրա»յի շարժանկարի սրահը
Ուր Ալէն Տըլոնի – Ռոմի Շնայտէրի
Սիրային ժապաւէնները դիտեցինք
Սեղանաւոր Ժան Լօրանտոյի անունը կրող
Լօրանտօ փողոցին սկիզբը
Սա անկիւնի ապարանքն ուր այսօր
Նախակրթարան մը կը բարձրանայ
Ահա հոն կը բնակէր Գալուստ Կիւլպէնկեան
Որ 1875ին կ՛աշակերտէր Արամեան Վարժարանի
Նախկին Լօրանտօ փողոցը ներկայիս
Կը կոչուի Շաիր Նէֆի
Մանկութեանս չափ անմոռանալի
Մանկութեանս չափ անջնջելի
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ մանկութեանս փողոցները պտտէի
Միւհիւրտար թաղամասին
Նախկին Պիւլպիւլ փողոցին մէջ
Որ այսօր Կիւնտօղտու կը կոչուի
Լոյսերու մէջ կը շողար
Ճարտարապետական ոսկեզօծ գոհար մը
Հոյակապ ապարանքը Մաթուս Էֆէնտի Ունճեանի
Եւ իր կրտսեր եղբօր Աբիկ Էֆէնտի Ունճեանի
Շէնքին ձեղնայարկին մէջ
Մեկուսացած կ՛ապրէր
Իրենց ամուրի քոյրը Նեկտարինէն
Արդէն իսկ վեց տարի առաջ սպաննուած էր
Աբիկ Էֆէնտի Ունճեան
Երբ 1911ին մահացաւ Նեկտարինէն
Եւ տարաբախտ քրոջ յիշատակը յետ մահու
Կցուեցաւ Արամեան Վարժարանի անունին
Թէ ինչպէս
Մաթուս Ունճեան ի յիշատակ իր հանգուցեալ քրոջ
1912ին ազգին նուիրեց
Ունճեան աղջկանց վարժարանի շէնքը
Այս առթիւ վարժարանը Արամեան անունին կողքին
Ստացաւ նաեւ Ունճեան անունը
Ահա Օսմանեան Պետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար
Գաբրիէլ Էֆէնտի Նորատունկեանի ապարանքը
Ուր երբեմն ճաշի կը հրաւիրուէր
Անուանի վիպագիր Փիէռ Լօթին
Որ այդ օրերուն
Ֆրանսական դեսպանատան «նաւային կցորդ»ն էր
Սեղանին շուրջ ճիշդ իր քով
Կը նստէր Նորատունկեանի քենին
Գրագիտուհի Անայիսը՝ Եւփիմէ Աւետիսեանը
Իսկ Գաբրիէլ Նորատունկեան
1869ի շրջանաւարտ Սէն-Ժոզէֆ Քոլէժի
Իր անթերի ֆրանսերէնով
Կը մասնակցէր զրոյցին
Եւ յաճախ ան էր որ կը վարէր զրոյցը
Մօտայի բարձունքին վրայ հիասքանչ
Տեղ կը գրաւէր
Մխիթարեան գիշերօթիկ վարժարանը
Որուն 1900ին կ՛աշակերտէր Դանիէլ Վարուժան
Դասարանի պատուհանէն կը դիտէր ան
Գալամըշը – Ֆէնէրպահչէն – Կղզիները
Եւ հեռուն իր ձիւնածածկ կատարով
Պրուսայի Ողիմպոսը
Տարի մը վերջ նոյնքան գեղեցիկ քաղաք մը
Վենետիկ պիտի մեկնէր ան
Հիմա հոն ոչ շէնքը կայ Մխիթարեաններուն
Ոչ ալ ճռուողիւնը աշակերտներուն
Այդ օրերէն յամեցող միակ յիշատակն որ կը մնայ
Անունն է փողոցին՝ Մէքթէպ փողոց
Ահա Հարենցներու տունը
Մաթուս եւ Աբիկ Ունճեան հարազատներու քեռորդին
Աստուածատուր Հարենցի ապարանքը
Ուր յաճախ կ՛այցելէր – կը հիւրասիրուէր
Կը գիշերէր Կոմիտաս Վարդապետ
Հարենցի կողակիցը դաշնակահարուհի Արուսեակին հետ
Երկար ժամեր
Կ՛աշխատէր իր հեղինակութիւններուն վրայ
Եւ Ներսէս Օհանեանի տունը
Այդ ասպնջական տունը
Սագըզկիւլիւ փողոցին մէջ
Նախկին Ափոլլոն թատրոնի փողոցը
Ուր 20 Նոյեմբեր 1918ին
Վախճանեցաւ Օրմանեան Պատրիարք
Որբերուն նեցուկն էին Ներսէս Օհանեան
Եւ իր բարեսիրտ կողակիցը Ֆիլօմէն
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ յիշատակներու փապուղիին մէջ շրջէի
Անկիւնադարձին շուարած – շլմորած
Աչքերս շլացած
Ապշահար դէմ առ դէմ գայի
Բոլոր այն գրական հին դէմքերուն հետ
Որոնք Գատըգիւղ ծնան
Կամ Գատըգիւղ ապրեցան
Բոլոր այն պատմական դէմքերուն հետ
Զորս չեմ ճանչցած
Բայց միշտ յարգանքով մօտեցած եմ անոնց յիշատակին
Վահան Մալէզեան – Օննիկ Չիֆթէ Սարաֆ
Զարուհի Գալէմքեարեան
Եւ իր զարմիկը Եղիա Տէմիրճիպաշեան
Եւփիմէ Աւետիսեան՝ Անայիս
Տիգրան Կամսարական
Եւ իր մօրաքոյրը Էլպիս Կեսարացեան
Քլարա Եազըճեան
Եւ իր խօսեցեալը Գրիգոր Զօհրապ
Որոնք 1 Փետրուար 1888 Կիրակի
Պիտի ամուսնանային Գատըգիւղի մէջ
Եւ հին ուսուցիչներն Արամեան Վարժարանի
Որոնք համաստեղութիւն մըն էին անգտանելի
Ռուբէն Որբերեան – Արշակ Չօպանեան
Պետրոս Կարապետեան – Նշան Թորոսեան
Յակոբ Գուրգէն – Հրաչեայ Աճառեան
Վռամշապուհ Քհնյ. Քիպարեան – Եղիշէ Արք. Դուրեան
Մոռացումի ամենակուլ փոշին թօթափած
Երանի
Երանի թէ
Անկիւնադարձին դէմս գտնէի զանոնք
Յիշատակները փշրուած հայելիի մը կը նմանին
Չէք կրնար դպչիլ – չէք կրնար մէկտեղել
Ձեր ձեռքերը – ձեր սիրտը կ՛արիւնեն
Գատըգիւղի փողոցներուն
Եւ պատմութեան մշուշապատ էջերուն մէջ հիմա
Վիրաւոր լռութեան մը արձագանգը կը լսուի
7.12.2020
ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ