Նորա Պարութճեան
Ծնած եմ Լիբանան՝ Պուրճ Համուտ, աւարտած եմ Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը։ Մասնագիտական գործունէութիւնս սկսած եմ լրագրութեամբ, մաս կազմած եմ սփիւռքահայ երկու թերթերու խմբագրութեան եւ աշխատակցած մի քանիին։ 1986-էն ի վեր կ’ապրիմ Ֆրանսա։ Այսօր բազմամեայ ուսուցչուհի եմ, հայերէն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդեմ փարիզեան արուարձանի մէջ գործող Դպրոցասէր վարժարանին մէջ։ Հսկայածաւալ նիւթ մը՝ աշակերտներս, այսինքն ուսուցիչներս։
2020-ի Փետրուարի վերջին կեանքի կոչեցի ԾԻԾԵՌՆԱԿ անունով կայքէջ մը, ուր արեւմտահայրէնով կ’արտայայտուին պատանիներ եւ երիտասարդներ. www.dzidzernag.wordpress.com
Կը գրեմ անհաշիւ, առանց մտածելու գրածիս եւ անոր ճակատագրին մասին։ Ազատութիւնս ամէն բանէ վեր է։
Կ’ուսումնասիրեմ 19-րդ դարու հայ ազգային շարժումն ու պատմական վէպը։
Գարշահոտ պարտէզ բառերու
գարշահոտ պարտէզ բառերու
անարմատ
ճարպոտ գոլորշի
կրծուած սիրոյ
կպչուն յաճախանք անտանելի գիրերու
ոսկորի վրայ ձայնի խծբծանք
չի լքեր
ուժ չունի ատոր
կտրել-արիւնել-հոսիլ-ընդլայնիլ
կիրքը՝ ըլլալ ուզելու
ու չկարենալ
սպաննել իր ներսինը
որ հակառակորդ իսկ չունի
իր փոսին մէջ ծփուն լեզու
որ խաղալով չընկղմելու կը նայի
անբասիրը մահն է միայն
որ կը ներէ զղջացողին
բայց ո՞ւր երթալ
ջնջուելով ջնջելու
ամէն տեղ է Խորհուրդը
որ զինք մեզմէ խնայէ
ու չյանձնէ ծանծաղ քիմքին
ազնուութիւնը անբռնելի բարութեան
բռնուեր է մազերէ
դաւաճանութիւնը խցանած է բերանը
խորխորատին
քանզի
երբ վար իջնէ գեղեցկութիւնն
չափ չի ճանչնար
կը կուրանայ երեսին
կը բազմաճի անհունօրէն յատակին
վարերէն չվախնալ պէտք է
Դարձեալ
ձայները
պարապ սենեակին պատերուն հարեցան
խուլ են եւ մութ խելագար
ձայնազուրկ լեզուներու պէս սկսան պատռտիլ
անլսելի անաղմուկ
ողբալիօրէն անիմաստ
հաւատքն իրենց ցնցոտի
ցուցադրուած միսերուն չարութիւնը կարմրած
ստիպուած է հանդուրժել
ու բերանը չբանալ
քանզի ինքզինք չարդարացուց
չընդլայնեց ծակտիկները
քիչ մը դուրս ներծծելու
ի՞նչ կը սպասեն
բութ խելազուրկ ձայները
որ ոչ առնել եւ ոչ ալ տալ սորված են
կաթիլին մէջ իրենց միզած քրտինքին
ովկիանոսը ճեղքելու պէս կը մտնեն
կը շարժտկին
ու չեն հաւնիր
կը ձանձրանան
խոնջաբեկ
խենթացողի ակնկալիք՝ թերեւս
խաղաղութեան թող չաղօթեն այլեւս
ատոր համար մեծնալ մը պէտք է
Կարելի երաժշտութիւն
կը հատէ
կը կարենայ կտրտել
ամէն բջիջ ճշմարտութեան կը կապէ
ինքզինքին մէջ ինքզինքին հետ խմորուելու կը բերէ
կը բացուի
ու ետեւէն կը գոցէ
ձայներն
կը թափթփեն կպչուն բոլոր արգելքները մարմինին
կը դանդաղի հալելու
կը յանձնուի
անսահմանին ափերուն
փշուրները մ նալու կը հաւաքէ մանանայի աստուածահոս հացին պէս
չի բաժներ, չ’ուզեր կիսուիլ
ոչ իսկ տեղը յայտնել մէկուն
անջրպետի փառքին մէջ կը սուզուի վեր
ուր մ ինակ, ուր լեցուելու կը թաղուին
ո՞վ իրմէ զատ
կրնայ դուրս գալ որովայնին բացուածքէն
ու կոկորդը անօթութեան դէմ մաքրել
չհասնելուն բռնէ ուղին
ինքնիր վրայ ոլորուի
երկար-երկար կեանքի մը չափ ձիւթալի
գիրերէն
քալէ ձայնին
ինքն իր վրայ ինքն իր մէջէն
երկարող մ եղեդիին երկարի
ո՞վ իրմէ զատ
կեանքէն կրնայ դուրս մնալ
ու քիմքին վրայ սիրաբանիլ
իր անունէն հրաժարած համին հետ
անծանօթ մանուկին մէջ՝ բաժնուիլ
անկարելի
կարելի երաժշտութիւն
մնացեալը
զրահապատ խլութիւն
Մանուկ
թող հանդարտին կիրքերը
անէծքն իրենց զիս քերթելէ ձանձրանայ
թող հաշտուին բարկութեան հետ
իրենց բոլոր կաթիլները քրտինքի
ու զիս թողուն
թողուն մինակ
դիակին հետ մանուկիս.
ես զայն ծնայ առանձինն
ու առանձին պիտի կրեմ ուսերուս
մինչեւ թաղուիմ իր սրտիկին չոր երակին փաթթուած
առուակ մը կար միւս կողմը
ուր թաթիկը զուարճութեամբ կը թրջէր
չարութեան դէմ՝ գերմանուկ
ձեռքին ցոլքեր կաթկթուկ
յոգնութենէն դողահար իմ երեսիս
չըլլալիքին բոյրը մէկիկ մէկիկ կը շարէր
գիշերն հազիւ կը թափթփէ լոյսերը
մութ ցերեկը իր արեւով կը հարէ
կը ճաթռտին
երկրի վրայ տեղ չունեցող հետքերը
սպի անգամ չի մնար
կ’այրի հիմա որովայնս
որ հաւատաց նախ ինծի
ապա պարարտ ախորժին
ան բերանի պէս նօթի կը բացխփէ
պարապին դէմ այսօրուան
մինչ դագաղս լեցուն է
երկրի վրայ փոս չունեցող
փորէն մերժուած թերմանուկիս
անթաղելի դիակով
Տատանեալ Լեզուիս Տակ
տատանեալ լեզուիս խարխափումին տակ
անգամ մը եւս խորտակուած ինկայ
մօր որովայնը երեւակայող սաղմ ի մը նման
կծկուած
ու քեզ կանչեցի
մի քշեր դուն զիս
այգիներէդ դուրս
ուր կը բաժնուի
ինքզինքս ինձմէ
ուր կ’օտարանայ մէկ եսս միւսէն
կը վառումարի ախտը ներսիդիս
խաղալու ելած սիրահետողի պէս
որ չի գիտեր իր խաղը ծածկել
բայց կ’անդամալուծէ հմայքին ուժով
կը խոչընդոտի մորթս լոյսին դէմ
ու խորհուրդներըն իր քաջակորով
որդնոտած թեփերու թափթփուքներով
կը կուտակուին եղունգներուս տակ
մաքրուելու իբրեւ կեղտ
ու զազրելի թիւրիմացութիւն
պապանձած խօսքերը՝ հնազգեստ հիմա
հայրերն ուրացած զաւակներու պէս
նորագունազարդ իրենց ճիւղերը
օդին բերանը փրկութեան տեղ կ’արձակեն
բայց ի՞նչ ձեւով դիմադրեն
անարտօնեալ սոյրերու խենթ արտահոսքին
որ ոչ հարցում ոչ պատճառ
ոչ ալ կասկած կը շալկեն
երբ փչեն
բախտի հասցէին ողբերու դաժան
առեւտուր մը այդ հողերուն տէր է հիմա
բարեկամը գլխատած
յաղթականի պէս
կ’իշխէ ու կը ցրէ
ո՞վ ո՞ւր տարտղնի
ԾԸ. Տարի, 2019 թիւ 1
«Բագին»