Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ
Անցնող շաբթուան ընթացքին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ երեք ներկայացումներով ելոյթ ունեցաւ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը, որ Լիբանան կը գտնուէր հրաւէրով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 7 Յունիսին ներկայացուեցաւ «Տունը սահմանին», Հինգշաբթի 8 Յունիսին` «Փարիզը վտանգաւոր քաղաք է», որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նիւթով, խաղարկութեան ոճով եւ մարմնաւորած խորհուրդով տպաւորեց երկու օրերուն ալ սրահը լեցուցած լիբանանահայերը, իսկ Ուրբաթ 9 եւ Շաբաթ 10 Յունիսին մանուկները իրենց շուրջ համախմբեցին «Քեռի քուչին, Թոմ էնտ Ճերին եւ միւսները» մանկապատանեկան ներկայացումները:
Խումբին Լիբանան գտնուելու ծիրին մէջ, հրաւէրով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2023-ի երեկոյեան «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հիւրասիրութիւն` ի պատիւ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատերախումբին: