Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ

Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ Անցնող շաբթուան ընթացքին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ երեք ներկայացումներով ելոյթ ունեցաւ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը, որ Լիբանան կը գտնուէր հրաւէրով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։ Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 7 Յունիսին ներկայացուեցաւ «Տունը սահմանին», Հինգշաբթի 8 Յունիսին` «Փարիզը վտանգաւոր…

«Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» Նիւթով Համաժողով՝ Տիգրանակերտի Մէջ

«Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» Նիւթով Համաժողով՝ Տիգրանակերտի Մէջ Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ տեղակայուած Տիճլէ համալսարանի մշակութային կեդրոնին մէջ, 2 Յունիսին տեղի ունեցաւ քննարկում մը՝ «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ․ գիտութիւն, մշակոյթ եւ արուեստ» նիւթով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք»ը։  Ձեռնարկը կազմակերպած էին թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը եւ Տիճլէ համալսարանը։ Քննարկման մասնակցեցան Տիգրանակերտի փոխնահանգապետը, Տիճլէ համալսարանի ոխտնօրէնը,…

Կը գլխագրուին…չեն գլխագրուիր…

Կը գլխագրուին…չեն գլխագրուիր… Ուրեմն կը շարունակենք գլխագրումի բնաբանը: Կը գլխագրուին աշխարհագրական տարածք ցոյց տուող բարդ անուններու բոլոր բաղադրիչները. —Փոքր Ասիա, սակայն՝ փոքրասիական —Մերձաւոր Արեւելք, սակայն՝ մերձարեւելեան —Ծայրագոյն Արեւելք —Միջին Ասիա, սակայն՝ միջինասիական —Վերին Եգիպտոս, Ստորին Եգիպտոս[1]                    –Հարաւային Արաբիա, սակայն՝ հարաւարաբական       —Հարաւային Ամերիկա, սակայն հարաւամերիկեան —Հարաւային Ափրիկէ, սակայն՝ հարաւափրիկեան —Արեւմտեան Հայաստան կամ Արեւմտահայաստան, արեւմտահայկական —Արեւելեան Հայաստան կամ Արեւելահայաստան, արեւելահայկական           Արշակունի, մխիթարեան եւ նմանները չեն գլխագրուիր իբրեւ…

Վահան Թէքէեան Ազգային Հարցերու Իրատես Բանաստեղծը. Յարութիւն Իսկահատեան

Վահան Թէքէեան Ազգային Հարցերու Իրատես Բանաստեղծը Հայրենի գրականագէտ Աբգար Ափինեան ուսումնասիրած է մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները, խմբագրականներն ու վէպերը եւ հեղինակած է «Վահան Թէքէեան Եւ Հայաստանի Ապագան» ուսումնասիրութիւնը, որ հրատարակուած է «Համահայկական Գրողների Միութիւն»ի կողմէ, ՍՊԸ «Լուսակն» հրատարակչատուն,Երեւան, 2021, 96 էջ: Ծանօթանալով այս ամփոփ եւ օգտաւէտ գիրքին ու անոր բովանդակած նիւթերուն մասին աւելի մանրամասնութիւններ…