Վանի Մէջ Հայկական Ժառանգութիւնը Կը Պահպանուի Նուիրեալ Հայորդիին Ջանքերով

Վանի Մէջ Հայկական Ժառանգութիւնը Կը Պահպանուի Նուիրեալ Հայորդիին Ջանքերով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութենէն ետք Վանի մէջ հայերու պատմութիւնն ու մշակոյթը արտացոլող շինութիւններուն մեծ մասը աւերուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ westernarmeniatv.com-ը։ Պատմական շէնքերէն կանգուն մնացած են միայն քանի մը հատը, իսկ միւսներէն՝ միայն պատերը։ Հայկական արմատներով Իպրահիմ Իլհանը, ո կ՝ապրի «Վանի սիրտը»…

Գիւմրիի Երիտասարդական Պալատի Դահլիճին Մէջ Բացուեցաւ Սաղարթի «ՏԱՌԵՐԻ ՃԱԽՐԱՆՔ» Ցուցահանդէսը

Գիւմրիի Երիտասարդական Պալատի Դահլիճին Մէջ Բացուեցաւ Սաղարթի «ՏԱՌԵՐԻ ՃԱԽՐԱՆՔ» Ցուցահանդէսը Օրերս Գիւմրիի երիտասարդական պալատի դահլիճին մէջ բացուեցաւ լիբանանահայ նկարչուհի Արմէնուհի Սաղդասարեանը՝ Սաղարթի «ՏԱՌԵՐԻ ՃԱԽՐԱՆՔ» ցուցահանդէսը։ «Տառերի ճախրանք». այսպիսի վերտառութիւն ունի այն հրաշք ցուցահանդէսը, որ ներկայացուեցաւ գեղանկարչուհի Սաղարթի կողմէ։ Իւրաքանչիւր ազգ, երկիր ունի մեծ ճանաչում ոչ թէ իր տարածքներուն մեծութեամբ, այլ՝ մշակոյթով, մշակութային արժէքներով։ Առանց մշակոյթի…

Լեզուական Հնհնուքներ (2). Միասնական Ուղղագրութիւն. Յակոբ Չոլաքեան

Լեզուական Հնհնուքներ (2). Միասնական Ուղղագրութիւն Մեր երկու գրական լեզուներու մերձեցման դէմ կանգնած մեծագոյն խոչընդոտը նկատուեցաւ նոր ուղղագրութիւնը, որ լիովին կը կտրէր նոր հայերէնը անոր դասական եւ միջին որակներէն, նաեւ արեւմտահայերէնէն, որ սփիւռքի մէջ յամառօրէն կառչած մնաց աւանդական ուղղագրութեան։ Աւանդական ուղղագրութիւնը զերծ չէր եւ չէ ներքին հակասութիւններէ եւ երկձեւութիւններէ, որոնք մամուլի մէջ եւ առանձին հեղինակներու կողմէ…

Լիբանանահայ թատրոնը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց

Լիբանանահայ թատրոնը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց Կար ժամանակ երբ լիբանանահայ թատրոնը կենսունակ էր թէ՛ թատերախումբերու թիւով եւ թէ՛ ներկայացուած նիւթերով, եւ այնքան ատեն որ ապրող ու կեանքով էր լեցուն գաղութը, նոյնքան ապրող էր հայ բեմը: Քորոնան եկաւ ընդհանրապէս խախտելու ընկերային կեանքի հիմերը եւ հաւաքական կեանքը մտաւ մահաքունի մէջ: Հիմա որ կը խօսուի քորոնայի մօտալուտ աւարտին մասին,…

Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկ Գասպար Կարոյեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկ Գասպար Կարոյեան Ծնած է Խարբերդ  գաւառի Փերչենճ գիւղը, 1884-ին: Զաւակն է Մկրտիչ Կարոյեանի, որ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերէն: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ: 1895-ին մազապուրծ փրկուած է կոտորածէն: Հայրը զինք տարած է Խարբերդ նահանգի Մեզիրէ քաղաքի ֆրանսացի քափուչին հայրերու որբանոցը, ուր շարունակած է ուսումը: Այնուհետեւ միջնակարգ ուսումը ստացած…

Օտարաբանութիւնները կը հեղեղեն արեւելահայերէնը. Յակոբ Չոլաքեան

Օտարաբանութիւնները կը հեղեղեն արեւելահայերէնը.Յակոբ Չոլաքեան   Շատ բնական է կարծել, որ ամեն հայ իրաւունք ունի բողոքելու, թէ ի՛նչ ըսել է մէկ ազգ, բայց երկու լեզու, եւ ամեն հայ իրաւունք ունի պատկերացնելու մէկ ընդհանուր լեզու, որ իրողապէս չկայ, բայց ոմանց միտքին մէջ կրնայ ծագիլ․ մէկը կ՛ըսէ գրաբարը վերակենդանացնենք․ միւսը կ՛ըսէ թող ատիկա արեւելահայերէնը ըլլայ, երրորդը կ՛ըսէ…

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկ- «ԹՈՒՄՈ» կեդրոն համագործակցութիւն. Առաջատար թեքնաբանութիւնը եւ հայերէն լեզուն

Առաջատար թեքնաբանութիւնը եւ հայերէն լեզուն Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը համագործակցի Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն բազմաթիւ մասնագէտներու հետ՝ աջակցելու լեզու եւ թեքնաբանութիւն ոլորտին մէջ անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններու իրականացումին: Ասոնց շարքին են՝ հայերէնի համընդհանուր ուղղագրիչները, հայերէնի բառակազմութիւնը վերլուծող կայքէջերն ու տուեալներու շտեմարանները, համապատասխան յաւելուածները, հայերէնի քերականութիւնը վերլուծող հարթակները, թուայնացուած հրատարակութիւններն ու հայերէնով որոնելի առցանց գրաւոր նիւթերը: Հաշուի առնելով հայերէնի գործածութիւնը բարելաւելու մեր…

Փանոս Ճերանեանի «Թրթիռներ…»ը. Յովհաննէսեան Կարօ

Փանոս Ճերանեանի «Թրթիռներ…»ը 2020ին, թագավարակի համաշխարհային տագնապալի օրերուն, Փանոս Ճերանեան հրատարակեց իր վեցերորդ հատորը՝ Թրթիռներ…ը (Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, 103 էջ)։ Գիրքը պատրաստ էր 2013ին եւ յանձնուած՝ Պօղոս Սնապեանին, որ չհասաւ խմբագրել զայն՝ առողջական պատճառներով (ան մեռաւ 14 Յունիս, 2014ին)։ Գիրքը անտիպ մնաց եօթը տարի։ 2020ին բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան խմբագրեց այս քերթողագիրքը, որուն սկզբնական…

Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ

Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ Անցնող շաբթուան ընթացքին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ երեք ներկայացումներով ելոյթ ունեցաւ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը, որ Լիբանան կը գտնուէր հրաւէրով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։ Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 7 Յունիսին ներկայացուեցաւ «Տունը սահմանին», Հինգշաբթի 8 Յունիսին` «Փարիզը վտանգաւոր…

«Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» Նիւթով Համաժողով՝ Տիգրանակերտի Մէջ

«Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» Նիւթով Համաժողով՝ Տիգրանակերտի Մէջ Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ տեղակայուած Տիճլէ համալսարանի մշակութային կեդրոնին մէջ, 2 Յունիսին տեղի ունեցաւ քննարկում մը՝ «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ․ գիտութիւն, մշակոյթ եւ արուեստ» նիւթով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք»ը։  Ձեռնարկը կազմակերպած էին թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը եւ Տիճլէ համալսարանը։ Քննարկման մասնակցեցան Տիգրանակերտի փոխնահանգապետը, Տիճլէ համալսարանի ոխտնօրէնը,…