Նշուած է «Հայկական ժառանգութեան ամիս»ը Օնթարիոյ նահանգին մէջ
Օրերս, Գանատայի Օնթարիօ խորհրդարանին մէջ նշուած է «Մայիս ամիսը՝ հայկական ժառանգութեան ամիս» միջոցառումը մասնակցութեամբ՝ Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտի, քաղաքական բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու եւ հայ համայնքի նշանաւոր ներկայացուցիչներու:
Ի դէպ, Օնթարիոյի խորհրդարանը այս տօնը ամրագրած է 105-րդ օրինագիծով, ըստ որու՝ իւրաքանչիւր տարուան մայիս ամիսը պիտի ճանչցուի՝ որպէս հայկական ժառանգութեան ամիս: Օրինագիծը ներկայացուած է նահանգի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Արիս Պապիկեանի կողմէ:
Այս օրէնսդիր ժողովն առաջինն է Գանատայի, որ ընդունած է օրէնք, որով յարգանքի տուրք կը մատուցէ Օնթարիօ բնակող հայերուն՝ իրենց գործուն ներդրումի եւ Գանատայի հանրային, քաղաքական կեանքին մէջ աւանդի համար:
Միջոցառման ընթացքին պատգամաւոր Արիս Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Ֆորտին եւ նախարարներուն՝ իրենց միաձայն աջակցութեան ու օժանդակութեան համար։
Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ նշած է. «Հայերը այս նահանգի անբաժանելի մասնիկն են, եւ հակառակ որ, մայրենի հողէն հազարաւոր մղոններ հեռու են, կարողացած են պահպանել իրենց մշակոյթը եւ աւանդութիւնները»:
Պապիկեան միջոցառման ժամանակ նաեւ ներկայացուցած է իր հեղինակութեամբ գրքոյկը, ուր անդրադարձ կատարած է հայ ժողովուրդի՝ դէպի Գանատա գաղթելու պատմութեան, գանատահայերու նշանակալի աւանդին՝ նահանգի հանրային, մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ քաղաքական շրջանակներուն մէջ, Գանատայի բանակի կողքին՝ Օնթարիոյի հայ համայնքի մասնակցութեան Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի մարդասիրական օժանդակութեան՝ Ցեղասպանութիւնը վերապրող հայ ժողովուրդին, «Ճորճթաունեան տղաներ» մարդասիրական առաքելութեան, դաշնային եւ նահանգային օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու կողմէ հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման: