Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան
Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանը Եւրոպայի մէջ գտնուող հայկական ամենահզօր վարժարաններէն մէկը եղած է: Հիմնադրուած է 1836-ին, Իտալիա՝ Վենետիկի մէջ, Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ, էտուարտ Ռափայէլի Ղարամեանի միջոցներով, կրելով Ռափայէլեան վարժարան անուանումը։ Եղած է գիշերօթիկ: 1980-ականներուն ունեցած է մօտ 120 սան, որոնցմէ շուրջ 45-ը ուսանած է անվճար։ 1870-էն կոչուած է Մուրատ-Ռափայէլեան (կրթական հաստատութեան կը միանայ Փարիզի Մուրատեան վարժարանը, որ 1929-ին կ’անջատուի եւ դարձեալ կը բացուի Փարիզի մէջ, սակայն Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը կը պահպանէ իր անունը)։
1917-ին տեղափոխուած է Հռոմ, 1918-ին՝ դարձեալ Վենետիկ։ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին ժամանակ փակուած է եւ դարձեալ վերաբացուած է՝ 1950-ին։ 1867-ին Ֆրանսայի, 1879-ին Իտալիոյ կառավարութիւնները Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը օժտած են լիկէոնական իրաւունքներով։
Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանէն ներս դասաւանդած են հեղինակաւոր անուններ, որոնց շարքին են՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Ս․ Թէոդորեան, Մ․ Նուրիխան, Վ․ Աւգերեան, Ա․ Գասքանտիլեան, Դ․ Նազարէթեան, Գ․ Ճելալեան, Գ․ Նահապետեան, Վ․ Հացունին եւ այլք, նաեւ ֆրանսացի եւ իտալացի ուսուցիչներ:
Վարժարանի շրջանաւարտներէն են Դանիէլ Վարուժան, Թովմաս Թերզեան, Մկրտիչ Աճէմեան, Վ․ Սվաճեան, Ա․ Արապեան, Վ․ Փափազեան, Յ․ Փափազեան, Է․ Շահին, Զ․ Մութաֆեան, Գ․ Ալեմշահ, Էտկար Մանաս եւ ուրիշներ։ Վարժարան յաճախած են նաեւ եւրոպացիներ։
Անուանի հայագէտներէն Հէնրիկ Հիւպշման, Փ․ Ֆետտերը, Ֆ․ Նեւ, Պրոսսէն, Է․ Դիւլորիէն, Ն․ Եորգան, Ֆրետերիք Ֆէյտին եւ ուրիշներ մշտական կապերու մէջ եղած են Մխիթարեաններուն եւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի հայագէտներուն հետ։
Վարժարանը ունեցած է հարուստ գրադարան, թանգարաններ, մարզական հրապարակներ, գործած են «Սայեաթ-Նովա» նուագախումբն ու թատերական խմբակը։
1985 թուականէն սկսեալ, շրջանաւարտներու թիւը զգալի նուազած է: 1991 թուականէն վարժարան ուսանելու եկած են նաեւ պատանիներ Հայաստանէն: Իսկ 1997 թուականին՝ նիւթական դժուարութիւններու եւ աշակերտներու թիւի նուազման հետեւանքով վարժարանը փակուած է:
Վարժարանը այսօր չի գործեր: