Երեւանի մէջ. Տեղի ունեցաւ Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու հաւատքով» հատորի շնորհանդէսը

Երեւանի մէջ. Տեղի ունեցաւ Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու հաւատքով» հատորի շնորհանդէսը Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկաբնակ գործիչ, մտաւորական, գրող Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքի շնորհանդէսը: «Աստղերու հաւատքով» խորագրով գիրքի ամերիկեան ներկայացումը կայացած էր շաբաթներ առաջ՝ Pasadena Antique Warehouse-ի մէջ՝ ներկայութեամբ ամերիկահայ մտաւորականներու, հասակարական-քաղաքական, մշակութային եւ այլ ասպարէզներու ներկայացուցիչներու: Հայաստանեան շնորհանդէսը նոյնպէս բազմամարդ էր. ընթերցողները մէկ յարկի տակ համախմբած էր արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը, որու դարաւոր…