Ճանչնանք մեր բառերը (9)- Ծա՞ծք, Թէ՞ Ծածկ

Ճանչնանք Մեր Բառերը (9) – Ծա՞ծք, Թէ՞  Ծածկ   Ծածք բառը արեւմտահայոց մէջ առաջինը գործածուած կը գտնեմ Մխիթար Սեբաստացիի «Հին հայկազեան բառարան»-ին մէջ (1749)՝ «անծածք տեղիս» բառակապակցութեան մէջ (էջ 146բ), բաց բառայօդուածի բացատրութեան մէջ: Յատկանշական է, սակայն, որ Սեբաստացի ծածք կամ անծածք բառայօդուած չէ մուծած իր բառարանին մէջ՝ այս մէկը հաւանաբար համարելով «ռամիկ» կամ «աշխարհաբարեան», որ գրաբարը չունէր,  կամ ալ ինծի բոլորովին անծանօթ՝ ուրիշ պատճառով…