«Քաղաքը կարդում է». Գիրքի Երեւանի չորրորդ փառատօն
Երեւանի մէջ, Յուլիս 30,31 եւ Օգոստոս 1-ին երեք օր շարունակ, Աբովեան փողոցի կեդրոնական մասը՝ Նկարիչներու միութեան շէնքի դահլիճը, «Զանգակ» գրատունը եւ «Մոսկուա» շարժանկարի սրահը հիւրընկալած էին հրատարակիչներ, գրողներ, գրաքննադատներ եւ ընթերցողներ: Տեղի ունեցան գրական-մշակութային տասնեակ միջոցառումներ՝ գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառներէն զատ նաեւ նոր տպուած գիրքերու շնորհանդէսներ, գրական քննարկումներ, մասնագիտական աշխատարաններ, հանդիպումներ յատուկ ընտրուած հիւրերու հետ: Շուրջ յիշուն հրատարակիչներ ներկայացուցին իրենց նոր գիրքերը, որոնք վաճառուեցան մինչեւ 40-50 տոկոս զեղչով:
2017 թուականին հիմնուած Գիրքի Երեւանի փառատօնը նոր իրադարձութիւն մըն է մեր իրականութեան մէջ, զայն կը կազմակերպէ միացեալ պետական կառոյցը՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը:
Ամէնամեայ պարբերականութեամբ հանրութեան կը ներկայացուին Հայաստանի մէջ զանազան հրատարակչութիւններու կողմէ տպագրուող գիրքերը՝ հայ ժամանակակից գրականութիւնը, թարգմանական գործերը եւ անցեալին տպուած եւ այսօր վերահրատարակուող գիրքերը:
Այս տարուան փառատօնը կը կրէր չարենցեան «Ժամանակիդ շունչը դարձիր» խորագիրը՝ գրողի ծննդեան 125-ամեակին ընդառաջ՝
Գիրքի Երեւանի փառատօնը կազմուած էր չորս բաղադրիչներէ. բանաստեղծութեան եւ արձակի ներկայացում, գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառներ, շնորհանդէսներ եւ բանախօսութիւններ ու գիրքերու քննարկումներ:
Փառատօնի ծիրէն ներս հանդիպումներ տեղի ունեցաւ անուանի գրող, գրականագէտ, թարգմանիչ՝ Ալեքսանդր Թոփչեանի եւ այս տարուան Եւրոպական Միութեան գրական մրցանակակիր Արամ Պաչեանի հետ: Հանդիպում մը կազմակերպուած էր գրող Հրանդ Մատթէոսեանի կնոջ՝ Վերժինէ Մատթէոսեանի հետ: Ան ներկայացուց Հրանդ Մատթէոսեանը՝ բոլորովին ուրիշ տեսանկիւնէ:
Փառատօնի այցելուները հնարաւորութիւն ունեցան ներկայ գտնուելու երիտասարդ արձակագիր Լուսինէ Խառատեանի «Անմոռուկի փակուղի» գիրքի շնորհանդէսին: Շնորհանդէսներու ձեւով ներկայացուցեան նաեւ Գոհար Մանուկեանի «Հարիւր տարուայ մարդասիրութիւն. հայկական Կարմիր խաչը 1920-է ի վեր», Լեւոն Սահակեանի «Կռիւ տալով», Արմինէ Գաբրիէլեանի «Շուշաններ», Անուշ Սարգսեանի «Անոն», ինչպէս նաեւ կարգ մը թարգմանական գիրքեր, որոնք վերջին մէկ տարուայ ընթացքին տպուած են: Նոր տպուած գիրքերէն մաս մը, որ արդէն շնորհանդէսներ ունեցած էին, պարզապէս քննարկումներու ձեւով ներկայացուեցան:
Երիտասարդ գրողներ, արձակագիրներ ստացան մրցանակներ, իսկ «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին մէջ ներկայացուցեաւ շարժանկարին եւ գրականութեան կապը:
Փառատօնի գիրքերուն մէջ տեղ կը գրաւէին նաեւ արեւմտահայերէնով գիրքեր. մասնաւորապէս արեւմտահայերէնով հրատարակութիւններ ներկայացուցած էին «Յովհաննիսեան» հիմնարկը, «Սփիւռք» հրատարակչութիւնը, այլ հրատարակչութիւններ եւս: