Լոյս տեսած է «Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175-ամեայ տարեդարձին առթիւ» հատորը
Այս տարի կը լրանայ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ 175-րդ տարեդարձը: Այս յոբելենական առիթով, բազմաթիւ ձեռնարկներու կարգին, լոյս տեսաւ «Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ՝ 175-ամեայ տարեդարձին առթիւ» հատորը, զոր խմբագրած եւ աշխատասիրած է վերապատուելի տքթ. Վահան Յ. Թութիկեան: Ան յուշամատեանի յառաջաբանին մէջ կը գրէ, որ Հայց. Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ անոր եկեղեցական միութիւններուն մասին բազմաթիւ գիրքեր եւ գրքոյկներ գրուած են հայերէնով եւ այլ լեզուներով, սակայն այս գիրքը առաջին հրատարակութիւնն է, ուր Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը կազմող հինգ եկեղեցական միութիւններու եւ երկու աւետարանչական/բարեսիրական կազմակերպութիւններու պատմութիւնը մէկ հատորի մէջ կը ներկայացուի։
Հատորը կը բաղկանայ չորս գլխաւոր մասերէ: Առաջին մասին խորագիրն է «Համառօտ պատմութիւն Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ», որ կը բաղկանայ 56 էջերէ եւ աշխատասիրութիւնն է վեր. Թութիկեանին: Հեղինակը սեղմ պարագիծի մէջ կը ներկայացնէ Հայց. Աւետարանական եկեղեցւոյ ծագումը, Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը եւ անոր անդամ մարմիններու կազմութիւնը, Հայց. Աւետարանական եկեղեցւոյ դաւանութիւններն ու վարդապետութիւնները եւ հուսկ, Հայց. Աւետարանական եկեղեցւոյ ներդրումներն ու ծառայութիւնները հայ ազգին:
Գիրքին երկրորդ մասը՝ «Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի անդամ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները» համառօտ պատմութիւնն է ՀԱՀԽ-ի անդամ եօթ եկեղեցական եւ աւետարանչական/բարեսիրական կազմակերպութիւններու՝ գրուած այդ մարմիններու կողմէ նշանակուած հեղինակներու գրիչով:
Հատորին երրորդ մասը կը բաղկանայ շնորհաւորագրերէ, որոնք կու գան հայ ազգի հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարներէն:
Հատորին չորրորդ մասը կը բաղկանայ երեք գլուխներ պարունակող յաւելուածէ մը:
Հետաքրքական շարադրանքով վեր. Թութիկեան «Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ ծագումը» գլուխին մէջ կը ներկայացնէ այս հնագոյն եկեղեցւոյ սկզբնաւորումը, գրելով, որ 1 յուլիս 1846-ին, 37 այր մարդիկ եւ 3 կիներ Ս. Հոգիին առաջնորդութեամբ հիմը դրին նոր հայ եկեղեցւոյ մը Կոստանդնուպոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ, զոր անուանեցին Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցի:
Հակառակ անոր որ այս յուշամատեանը գեղարուեստական գիրք մը չէ, բայց սահուն ընթերցանութիւն կը պարգեւէ զայն ձեռքը առնողին: Ընթերցողը զարմանքով կը յայտնաբերէ այն աշխարհատարած գործունէութիւնը, որ 175 տարիներու ընթացքին կատարած է Հայց. Աւետարանական եկեղեցին:
Վերապատուելի Վահան Թութիկեանի կազմած այս պատմական հատորէն քաղելով, հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը ներկայացնենք «Հայ Աւետարանական եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ», «Հայ Աւետարանական եկեղեցին Հայաստանի եւ Կովկասի մէջ» եւ «Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցի» բաժիններէն: