Աթէնքի Սոֆի եւ Լեւոն Յակոբեան վարժարան
Դեռեւս 5-6-րդ դարերէն ի վեր հայերը սկսած են բնակութիւն հաստատել Յունաստանի մէջ՝ կեդրոնանալով հիմնականին մէջ Աթէնք, Թեսաղոնիքէ, Կոմոտինի, Կաւալա, Օրեստիադա, Դիդիմոտիխո քաղաքներուն, Կրետէ եւ Կոս կղզիներուն մէջ: Ինչպէս եւրոպական շարք մը երկրներու մէջ, այստեղ եւս ձեւաւորուած է ուժեղ հայ համայնք, որ առ այսօր զգալի դեր ունեցած է սփիւռքի մէջ՝ հայապահպանութեան գծով: Յունաստանի մէջ հայերը գրեթէ ամէնուր են՝ հոգեւոր-մշակութային ոլորտէն մինչեւ հասարակական-քաղաքական, կրթական եւ այլ ոլորտներ։ Այստեղ կարելի է հանդիպիլ տաղանդաւոր արուեստագէտներու, բժիշկներու եւ ձեռնարկատէրերու։ Յունաստանի մէջ կը գործէ շուրջ 40 դպրոց, 4 ամենօրեայ եւ 8 միօրեայ դպրոց, լրատուամիջոցներ, մշակոյթի կեդրոններ եւ խումբեր, տարբեր հասարակական կառոյցներ։ Երկրէն ներս հայ համայնքի ղեկավար կառոյցներն են Ազգային առաջնորդարանը եւ Ազգային վարչութիւնը։
Յունաստանի մէջ հայկական կարեւոր կրթարաններէն է Սոֆի եւ Լեւոն Յակոբեան ամենօրեայ վարժարանը, որ հիմնադրուած է 1963 թուականին՝ մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ։ Վարժարանը կառուցուած է Սոֆի Յակոբեանի բարերարութեամբ՝ ի յիշատակ իր ամուսնոյն: Այն ունի մանկապարտէզ (2 դասարան), նախակրթարան (6 դասարան), ինչպէս նաեւ յունական բաժին՝ իր յոյն ուսուցիչներով, որոնք կը վարձատրուին պետութեան կողմէ, իսկ ուսումը կ’իրականացուի պետական ծրագրով: Վարժարանէն ներս աշակերտները կը սորվին հայոց լեզու, հայ գրականութիւն, կրօն եւ պատմութիւն:
Յունաստանի մէջ Սոֆի եւ Լեւոն Յակոբեան վարժարանի կողքին հայկական կարեւոր կրթական հաստատութիւններէն են նաեւ «Ճենազեան», «Գալփաքեան» եւ «Զաւարեան» վարժարանները։