Անկրկնելի Հալէպը. Հայրենակցական Միութիւններ
Արեւմտեան Հայաստանի բազմահարիւր քաղաքներէն ու գիւղերէն տեղահանուած եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան մնացորդացի առաջին կայքերը հանդիսացան սուրիական տարածքները: Սահմանամերձ շրջաններէն գաղթականները ընդհանրապէս հաստատուեցան մօտակայ քաղաքներ եւ գիւղեր: Այնթապցիներն ու մարաշցիները` դէպի Հալէպ, քիլիսցիները` Ազեզ, տիգրանակերտցիներն ու սասունցիները` Գամիշլի, ուրֆացիները` Թել Ապիատ եւ շրջակայքը, պերեճիկցիները` Ճարապլուս… եւ այսպէս հաստատուեցան Սուրիա, դէպի Հալէպ ու հարաւի կամ ծովեզերեայ այլ քաղաքներ:
Այս հոսքը, սակայն, մէկ ուղղութեամբ չէր, ոմանք աքսորի հեռակայ վայրերէն վերադարձի ճամբուն վրայ հասան բնօրրանի մօտակայ այս գաւառները: Ուրիշներ աւելի հեռացան, ինչպիսիք են վանեցիները, որոնք տարածուեցան Իրաքի մէջ: Այլ երկիրներ` Եգիպտոս, Յորդանան Պաղեստին եւ Լիբանան հասնող գաղթականներն ալ մնացին հոն, ուր կարողացան շարունակել իրենց առօրեան եւ վաստակիլ հանապազօրեայ հացը:
Բացառաբար քեսապցիներն ու Մուսա Լերան գիւղերու բնիկները, որոնք տարագրուած էին դէպի Յորդանան եւ Եգիպտոս, վերադարձան իրենց թալանուած, քանդուած եւ մասամբ մըն ալ այրած օճախները:
Միջազգային քաղաքական լուրերուն առաջնահերթ նիւթերէն է գաղթականներու հարցը, որոնց թիւը այսօր կը հասնի շուրջ եօթանասուն միլիոնի, անօթեւան մարդիկ, որոնք քաղաքական եւ կենցաղային պայմաններու բերումով ցրուած եւ տարածուած են երկրագունդի վրայ:
Մեր ժողովուրդի գողգոթան եւ տարագրութենէն վերադարձի պատկերը` հարիւր տարիներ առաջ, խճանկարն էր այսօրուան գաղթականներու կացութեան:
Վրանաքաղաքներ… թիթեղածածկ գաղթակայաններ… արեամբ ու քրտինքով շաղախուած ցեխապատ խրճիթներ, ապա` համեստ տուներ: Այս փուլերը անցնելէ ետք, սփիւռքի առաջին կայանը` Հալէպ քաղաքը, քսաներորդ դարու կիսուն կը հաշուէր չորս հարիւր հազար բնակչութիւն, որուն մէկ քառորդը հայեր էին:
Անթիւ եւ անհամար եկուորները բնականաբար պիտի խմբուէին յարանուանական, գաղափարական եւ գաւառական պատկանելիութեան հովանիին տակ, իրենց նորահաստատ խրճիթներուն եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն մէջ:
Այդ սերունդի խօսակցական առօրեան գաւառէն բերուած բարբառն էր, բախտաւոր եղած եմ մասամբ հասկնալու, սակայն դժբախտաբար չեմ խօսած մօրենական մեծ հօրս տան մէջ հնչող Հաճընի բարբառը, որ այլ բարբառներու նման` իր հոգեվարքը ապրեցաւ մինչեւ քսաներորդ դարու աւարտը: Ներկայիս կ՛ապրին Քեսապի եւ Մուսա Լերան գրեթէ նոյնանման բարբառները:
Հայրենակցական այս համախմբումներէն յառաջացան միութիւններ, որոնցմէ ոմանք ցայսօր կը գոյատեւեն` իրենց հայապահպանման ծառայութեան լուման ներդրելով գաղութահայ կեանքին մէջ:
Սուրիահայութեան ժամանակակից զանգուածային գաղթը իր ջաղացքին մէջ աղաց, ապա շաղեց հայրենի բնագաւառներու անուններով հայրենակցական անուանումները` այնթապցի, սասունցի, քիլիսցի, տիգրանակերտցի, մարաշցի, զէյթունցի, արաբկիրցի, ատանացի, հաճընցի, ուրֆացի, սեբաստացի եւ ընդհանրապէս պատմական Հայաստանի քարտէսի տեղանուններով բնորոշուած համախմբումներու շարքը:
Այսօր ալ նոր պանդխտութեան կայքերուն մէջ` Աւստրալիա, Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, եւրոպական երկիրներ եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու վրայ, ուր հասան սուրիահայերը, հոն իրազեկ դարձան այլ երկիրներէ եկուորներու` թրքահայ, եգիպտահայ, պարսկահայ, լիբանանահայ, իրաքահայ, որոնք արդէն իսկ կարգ մը մեծ գաղութներու մէջ հիմնած էին իրենց միութիւնները:
Այս բոլորին կողքին, դժբախտաբար, մեծ համեմատութիւն մը կը կազմէ հայրենիքէն արտագաղթած արեւելահայութիւնը, որ ընդհանրապէս յաւելումի ընթացքի մէջ է:
Սուրիահայն ալ իր կարգին փնտռեց իր երկրացին, յառաջացան նոր ծանօթութիւններ, համախմբումներ, խնամութիւններ` ընտանեկան ծառի մը նման նոր ճիւղ մը ծաղկեցնելով հայ ժողովուրդի գաղթականութեան պատմութեան մէջ, զոր ուսումնասիրած էր մեծ բանասէր Արշակ Ալպոյաճեանը` «Պատմութիւն հայ գաղթականութեան» հատորով:
Վերադառնանք սուրիահայութեան, որ իր փայլուն օրերու զենիթը ապրեցաւ քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակին` տնտեսապէս բարգաւաճ, կազմակերպուած, կրթական մակարդակ մը նուաճած նոր սերունդով, որ աչքի փուշն էր հիւսիսի արիւնարբու թշնամիին, որ իր հայաջինջ ծրագիրի իրագործումը տեսաւ Սուրիոյ ապակայունացման մէջ:
Հալէպի մէջ հայրենակցական ուշագրաւ երեւոյթներէն է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ քահանաներու հայրենակցական պատկանելիութիւնը, ըստ որուն, ծուխերը` Արեւմտահայաստանի քաղաքներէն եւ գիւղերէն սերած իրենց աշխարհագրական դրութեամբ, ունին իրենց տաներէց քահանայ հայրերը. այս երեւոյթը նախապատերազմեան շրջանին հաւանաբար եզակի գոյն մըն էր սփիւռքահայ երանգապնակին վրայ:
Այդ օրերուն քաղաքի չորս եկեղեցիներուն մէջ կը ծառայէին տասնչորս քահանայ հայրեր, Հալէպի Հայ առաքելական եկեղեցիներն ալ, անկախ իրենց թաղային դիրքերէն, ունին հայրենակցական պատկանելիութիւն. մայր եկեղեցին` հինգհարիւրամեայ Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եղած է բնիկներու` արաբախօս հայերու` «արման ատիմ»-ներու եւ նախեղեռնեան շրջանի պանդուխտ սասունցիներու եկեղեցին, որուն մասին Տարօնի աշխարհի բնիկները «Քառսուն Մանուկ մերունն է» կ՛ըսէին:
Նոյն շրջափակին մէջ նոյնքան եւ աւելի տարիք ունեցող այժմու «Զարեհեան» թանգարանը նախապէս այնթապցիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին էր, որ քառասուն տարիներ առաջ փոխադրուեցաւ վիլլաներու շրջան` նոյնանուն նորակառոյց եկեղեցի մը, իսկ այս անուանակոչութիւնը` ի յիշատակ Այնթապի Ս. Աստուածածին գեղակերտ տաճարին:
Մարաշցիները ունին Ս. Գէորգ եկեղեցին` հայկական գեղակերտ ճարտարապետութեամբ, անոր կառուցումը աւարտած է 1955-ին, 1915-ին Մարաշ ծնած Զարեհ սրբազանի առաջնորդութեան օրերուն, հայաբնակ Աճուր Թարլա թաղամասին եւ Նոր Գիւղի ծայրամասին միջեւ, կողքին կը գործէր Մարաշի Ազգային Մեսրոպեան ծխական վարժարանը, որ շրջանի հայութեան նօսրացումին եւ աշակերտութեան թիւի նուազումին պատճառով փակուեցաւ Սուրիոյ պատերազմի նախօրեակին:
Հալէպի մէջ չորրորդ եկեղեցին Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին է, որ հիմնուած էր 1932-ին, Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի առաջնորդութեան շրջանին: Հոս ընդհանրապէս համախմբուած են Հայաստան աշխարհի հայախօս գաւառներու բնիկները:
Հալէպի եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու կազմութեան ընթացքին կը յարգուէր անդամներու հայրենակցական պատկանելիութեան անգիր օրէնք մը: Դժբախտաբար քահանաներու եւ աշխարհական ծառայողներու հայրենակցական պատկանելիութեան այս դրութիւնը խախտած է յետպատերազմեան շրջանին, հայ համայնքի թիւի նօսրացման եւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հրկիզումին ու փակումին պատճառով: Գործող քահանայ հայրերու թիւն ալ նուազած է կէսի համեմատութեամբ, այժմ կը գործեն ութ քահանաներ:
Հալէպի մէջ հիմնուած եւ ցարդ գործող հայրենակցական միութիւններուն ամբողջական ցանկը օր մը հաւաքական յիշողութեամբ կարելի է ունենալ, բանասիրական աշխատանք մը, որ պէտք է համալրուի պատկերներով, արխիւային նիւթերով, հրատարակութիւններով, կրթական, մարզական, բարեսիրական եւ մշակութային գործունէութեամբ:
Անհատական յիշողութեանս վստահելով` համառօտ ակնարկով պիտի ներկայացնեմ ցարդ գործող միութիւնները, սկսելով պետական արտօնագիր ունեցողներէն:
Այնթապցիներու Կրթասիրաց մշակութային միութիւնը, «Ճեմիէթ տար էլ թարպիէ ալսաքաֆիէ» պետական անուանումով, ունի նաեւ համանուն վարժարան, որ վերջերս վերակոչուեցաւ Կրթասիրաց Չեմպերճեան վարժարան: Այս դպրոցը կարելի է ծխական վարժարան համարել, Աստուածածին եկեղեցւոյ դրացնութեամբ, ընդարձակ տարածութեան մը վրայ հայաշատ Վիլլաներ թաղամասի կեդրոնը: Դպրոցի շէնքին գետնայարկը կայ գեղակերտ հանդիսասրահ մը, ուր կը գործէ նաեւ միութեան թատերախումբը: Անցեալին այս դպրոցը Հալէպի հին քաղաքի հայաշատ թաղերէն` Զոքաք Արպինի արաբական ընդարձակ բակի մը մէջ էր: Վարժարանի անմահանուն տնօրէնի` Գրիգոր Պողարեանի հեղինակութեամբ, 1974-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած են «Այնթապականք» Ա. եւ Բ. հատորները, իսկ 1994-ին Հալէպի մէջ հրատարակուեցաւ Եղիա Յ. Տոլպագեանի «Այնթապն ու այնթապահայը»:
Գերմանիկ Վասպուրական մշակութային միութիւնը կը համախմբէ մարաշցիները, պետականօրէն ճանչցուած` «Նետի ալ շապիպէ ալ մուսաքաֆէ», կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն: Մարզական բաժինը կոչուած էր «Ալ Ահտ Էլ ճատիտ», որ փայլուն անցեալ ունէր յատկապէս ոտնագնդակի մարզին մէջ: Ունի սկաուտական վաշտ եւ փողերախումբ: Մշակութային իր տարեգրութեան մէջ արձանագրուած է յիշարժան գործունէութիւն` թատերախումբով եւ գրական ձեռնարկներով: Միութիւնը Նոր Գիւղի շրջանին մէջ կառուցած է բազմայարկ կեդրոն մը` բաժին մը վարձակալութեան տրուած գրասենեակներով: Գերմանիկ Վասպուրական մշակութային միութիւնը իր նպաստը ունէր Ազգային Մեսրոպեան վարժարանին: Տիգրան Կիւլիզեանի խմբագրութեամբ Հալէպի մէջ հրատարակուած են զոյգ հատորներ` «Ոսկեմատեան նուիրուած` «Գերմանիկ Վասպուրական» մարզական միութեան յիսնամեայ յոբելեանին 1926-1976 եւ պատմութիւն Սուրիոյ «Ազատագրութեան վահան»-ին», 1977-ին լոյս տեսած, ինչպէս նաեւ` «Յուշամատեան «Գերմանիկ-Վասպուրական»-ի եւ Մարաշի հայրենակցական Միութեան», 1982-ին:
Ուրֆացիները եզակի են` ունենալով իրարմէ անջատ գաղափարական սկզբունքներէ մեկնած երկու միութիւններ:
Ուրֆայի վերածնունդ միութիւնը պետականօրէն ճանչցուած է «Ճեմիէթ ալ նահտա ալ սաքաֆիէ»` կեդրոնատեղի ունենալով Սուլէյմանիէի Ռիայեթ Շապապ շրջանի մէջ յարկաբաժին մը: Այս միութեան գործունէութիւնը ընդհանրապէս կեդրոնացած է հայրենակցական եւ մշակութային ծիրին մէջ:
Վերոնշեալ երեք միութիւնները խորհրդային տարիներուն մաս կազմած են «Ազգային յառաջդիմական ճակատ»-ին, ՀՄՄ-ի, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Թէքէեան մշակութային միութեան եւ Ազգային մշակութային միութեան համախմբումին հետ:
Ուրֆայի Հայ երիտասարդաց միութիւն. ասիկա նշեալ գաւառի երկրորդ միութիւնն է Հալէպի մէջ, իսկ որպէս կեդրոն` գրասենեակ մը ունի Նոր Գիւղի «Կիլիկիա» շէնքին մէջ: Միութիւնը 2011-ին վերահրատարակեց տոքթ. Արամ Սահակեանի «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները» երկհատոր աշխատասիրութիւնը:
Պատմական Ուրֆայէն կը գործէ նաեւ Կարմուճի Տիկնանց միութիւնը: 1990-ին Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ Ատոմ Ա. քհնյ. Քէհէեանի «ԿԱՐՄՈՒՃ» հատորը:
Տիգրանակերտցի բնիկները բոլոր գաւառներով Հալէպի մէջ ունին Տիգրանակերտի հայրենակցական միութիւնը, Նոր Գիւղի մայր պողոտայի վրայ ծանօթ է «Տիգրանակերտ» վարդագոյն շէնքը, ուր ունի իր կեդրոնը եւ «Տիգրիս» հանրային գրադարանը, որ նախապէս շրջանի միայարկ տուներէն էր: Միութիւնը շինարարական այս յաջողութենէն ետք, ձեռնարկեց աւելի անդին այլ կալուած մը գնելու եւ հասութաբեր շէնք մը շինելու: Տիգրանակերտցիք 1946-ին հրատարակած են «ՏԻԳՐԻՍ» տարեգիրքը, դժբախտաբար տակաւին անտիպ կը մնայ` «Տիգրանակերտի յուշամատեան»-ը, ժրաջան անդամներէն Վարուժան Թովմասեանի աշխատասիրութեամբ:
Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւնը շրջան մը կողքին ունէր «Տարօնի արծիւ» մարզական ակումբը, իսկ սկաուտական շարժումին հիմնադիրը Լեւոն Աբգարեանն էր, մարզականը դադրեցաւ 1961-ին: Մկրտիչ Մկրտիչեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած են «ՍԱՍՈՒՆ» (1948) եւ «ՏԱՐՕՆ» (1949) տարեգիրքերը: «Տարօնի արծիւ» պարբերաթերթի վերջին թիւը 1952-ին լոյս տեսած է Հալէպի մէջ: Միութիւնը 2003-2019 տարիներուն հրատարակած է ուշագրաւ օրացոյց մը, ուր իւրաքանչիւր տարի ներկայացուած է Տարօն աշխարհի արգանդէն ծնած վեց մտաւորական դէմքեր, այս երախտարժան կամաւոր աշխատանքը կատարած է սասունցի արմատներով գրականագէտ Լեւոն Շառոյեանը: Տարօնցիք իրենց գրասենեակը ունին «Տիգրանակերտ» վարդագոյն շէնքին մէջ: Միութեան երկարամեայ վարչական, նախկին պետական երեսփոխան Լեւոն Ղազալ իր բնակարանը կտակած էր միութեան:
Քիլիսի Հայ երիտասարդաց միութիւնը ծնունդ առած է իր բնօրրանին մերձակայ Ազեզի մէջ, ուր համախմբուած քիլիսցիները այդ գաւառի հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը կազմէին` երբեմնի Ս. Թագաւոր եկեղեցիով եւ ծխական վարժարանով, տարիներու ընթացքին գաղութի զաւակները փոխադրուեցան Հալէպ, ապա` սփիւռքի զանազան գաղութներ:
Քիլիսի պատմութիւնը եւ հայրենակցական գործունէութիւնը պահպանուած է Համբարձում Պէրպէրեանի եւ Խորէն Ա. քհնյ. Նէրսէսեանի (Հալէպ) խմբագրած «Յուշամատեան Քիլիսի հայոց» հատորին մէջ, (Պէյրութ, 1969): Քիլիսցիները իրենց ներկայացուցիչը ունին Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին մէջ: Միութեան ջանքերով Սուլէյմանիէ շրջանի մէջ կառուցուեցաւ քառայարկ հասութաբեր շէնք մը` «Պալեան» կտակին կողմէ նուիրուած տան հողաշերտին վրայ: Այս կառոյցին մէջ միութիւնը ունեցաւ իր կեդրոնը:
Զէյթունցիները Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան մէջ ներկայութիւն են` մարաշցիներու կողքին: Այս միութիւնն ալ Նոր Գիւղի մէջ իրագործեց բազմայարկ հասութաբեր շէնք մը, որուն գետնայարկի սրահը որպէս ակումբ կը ծառայէ:
Բալուցիներն ու պերեճիկցիները ունին իրենց հայրենակցական միութիւնները, Արաբկիրը, Խարբերդը, Քղին ու այլ շրջաններու միութիւնները գործունէութիւն ծաւալած են Հալէպ քաղաքի մէջ:
Սեբաստացիները իրենց միութեան լուծարումէն ետք, Բերիոյ թեմի առաջնորդարանին փոխանցած են իրենց ընդարձակ կալուածը, ուր հետագային կառուցուեցաւ «Կիլիկիա» շէնքը:
Վերոնշեալ միութիւններու կալուածները պետական տոմարներու մէջ արձանագրուած են առաջնորդարանի անուան տակ` որպէս ազգապատկան անշարժ գոյք, դրական երեւոյթ մը, որ կը կանխէ որեւէ անհատական չարաշահում` միութիւնը լուծուելու պարագային:
Հայրենակցական միութիւնները ամէն նոր տարի կ՛այցելեն հայրենակիցներուն` իրենց հրատարակած օրացոյցերով: Անոնց գործունէութիւնը ընդհանրապէս կեդրոնացած է տոհմիկ ձեռնարկներով` յաճախ մատուցելով բնօրրանի խոհանոցի համադամները:
Մեր ժողովուրդի մշակութային գանձարանին հպարտութիւններէն են կանացի ձեռագործները, այս արուեստի մասամբ աղքատ գրադարանը հարստացաւ երեք հատորներով. հալէպաբնակ հայրենի արուեստագէտ Հրազդան Թոքմաճեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսաւ «Մարաշի ասեղնագործութիւնը», Հալէպ, 2010-ին, եւ «Այնթապի ասեղնագործութիւնը», Երեւան, 2015-ին, համանուն միութիւններու հրատարակութեամբ, իսկ «Ուրֆայի ասեղնագործութիւնը – Ա. հատոր» Հալէպ, 2014-ին, Բերիոյ հայոց թեմին կողմէ: Այս մատեանները կը յաւերժացնեն հայ կիներու ստեղծագործ մատներու նրբաճաշակ արտադրութիւնները:
Բոլոր հայրենակցական միութիւններուն հիմնական նպատակը եղած է սատարել հայ աշակերտին` իրենց եկամուտը գրեթէ ամբողջութեամբ ի սպաս դնելով հայկական վարժարաններու մէջ կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներուն:
Փորձեցի ամփոփ կետերու մէջ ներկայացնել գաղութահայ կեանքին մէջ այս կարեւոր յենարանները` պատուհան մը բանալով ապագայ պատմաբաններուն աւելի ընդարձակ եւ ամբողջական ներկայացնելու Հայաստան աշխարհի գաւառներէն հասած սերունդներուն հայրենակցական գործունէութիւնը:
Հալէպահայութեան տարաբախտ ճակատագրին հետ կամաց-կամաց կը նօսրանան նաեւ այս միութիւնները: Քաջ գիտնալով, որ անցնող տասնամեակը, եթէ բնականոն ընթացք ունենար, սուրիական հայրենիքի վերելքին զուգահեռ, հալէպահայութիւնը եւ հայրենակցական միութիւնները աւելի աշխուժ դերակատարութիւն պիտի ունենային հայապահպանման վեհ գործին մէջ:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
«Ազդակ»