Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն. Մերձեցման Հարցեր
Պատմական Ակնարկ
Հայերէնը մէկ եւ անտրոհելի հասկացողութիւն է բոլոր հայերուս համար, անկախ անկէ` թէ որակապէս իրարմէ որքանո՛վ կը տարբերին մեր խօսուածքները` բարբառ ըլլան անոնք, խօսակցական լեզու, թէ գրական հայերէնի ճիւղերէն մէկը:
Գրական հայերէնի երկու ճիւղերը` արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը, երբեք չեն դիտուած իբրեւ երկու լեզուներ, որովհետեւ զանոնք կրողները դաւանած են մէկ հայրենիքի ու մէկ ազգի գաղափարը, հետեւաբար զանոնք նկատած են իբրեւ միեւնոյն ազգային լեզուի գրական տարբերակները, որոնք կազմաւորուած են պատմաքաղաքական եւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ, ծառայած` ազգային ինքնութեան պահպանման, նպաստած` մեր մշակոյթի զարգացման ու ժառանգաբար հասած` մինչեւ մեր օրերը, իւրաքանչիւրը` իր տարածաշրջանին մէջ կամ խառն ի խուռն, ինչպէս է պարագան մերօրեայ քանի մը գաղութներուն:
Գրական հայերէնի արեւմտեան ճիւղը Ցեղասպանութեան պատճառով կորսնցուցած ըլլալով իր զարգացման բնական միջավայրը` գոյատեւելու խնդիր ունի, իսկ արեւելեան ճիւղը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փաստօրէն պետական լեզու դառնալով` զարգացման աւելի նպաստաւոր պայմաններ ձեռք բերած է: Ասիկա, սակայն, հարցականի տակ չի դներ արեւմտահայերէնի գոյութեան իրաւունքը: Անիկա աշխարհասփիւռ արեւմտահայութեան ինքնութեան պահպանման, գրականութեան ու մշակոյթի զարգացման, մասամբ նաեւ գիտութեան ու աշխարհաճանաչման ընկալման, հաղորդակցութեան լեզու է ու իբրեւ Հայ դատի անմիջականօրէն կրող զանգուածի լեզու, յանուն ազգային գերագոյն իտէալներու, դատապարտուած է կենդանի մնալու` առանց տարանջատուելու գրական հայերէնի արեւելեան ճիւղէն: Մեր գրական լեզուի երկու տարբերակները այս հանգրուանին մէջ տակաւին դատապարտուած են առանձին գոյատեւելու` բայց ընդմիշտ մերձեցման ու չօտարուելու միջոցներ ստեղծելով եւ իրագործելով:
Հայ մտաւորականութիւնը գրական երկու ճիւղերը ընդունած է իբրեւ պատմական իրողութիւններ. ոչ ոք առաջադրած է մերժել մէկը եւ ընդունիլ միւսը: Զարթօնքի, իրապաշտ ու նախաեղեռնեան սերունդներու մեր գրողները անկաշկանդ կերպով աշխատեցան իրենց ի գործ ղրած գրական լեզուի տարբերակը զարգացնելու, կանոնակարգելու գործը` առաւել կամ նուազ չափով օգտուելով գրաբարի, միջին հայերէնի ու իրենց կրած բարբառներու ատաղձէն, մեր լեզուի ներքին զարգացման բոլոր հնարաւորութիւններէն: Ատոր ապացոյցն է, որ նախաեղեռնեան սերունդի մեր երկու գրական լեզուներն ալ հասան բառապաշարի հարստացման, լեզուի արտայայտչական միջոցներու զարգացման, քերականութեան կանոնակարգման ու կայունացման ցանկալի մակարդակի: Ու այդ գործընթացին մէջ շատեր թելադրեցին գրականները մօտիկցնելու ու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները նուազեցնելու սկզբունքը եւ անով առաջնորդուեցան: Ահաւասիկ ատոր շնորհիւ է, որ թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ՛ արեւելահայ գրականները ուղղագրութեան բարեկարգման բոլոր վէճերուն մէջ միացան ընղհանրական կանոնակարգի մը շուրջ ու դուրս մղեցին այնպիսի բարբառային առանձին երեւոյթներ, որոնք աւելի եւս պիտի ընդլայնէին անդունդը (ինչպէս արեւմտահայերէնի շարունակական ներկայի կոր-ը, ստորադասականի նէ-ն, յոգնակի ստացականութեան նիս, նիդ, նին մասնիկները, արեւելահայերէնի օժանդակ բայի ա տարբերակը, ցուցական դերանուններու էս, էդ, էն տարբերակները եւ այլն): Տիրապետող կեցուածք ստեղծուեցաւ շեշտուած բարբառայնութեան դէմ, որուն շնորհիւ շեշտակի փոփոխութիւն կը նկատուի կարգ մը գրողներու վաղ ու յետին շրջանի ի գործ դրած լեզուական որակներուն միջեւ (Պերճ Պռօշեան, Ռաֆայէլ Պատկանեան, Գաբրիէլ Սունդուկեան, Աւետիք Իսահակեան. արեւմտահայոց մէջ Թլկատինցիէն Զարդարեան անցումով լուծուեցաւ բարբառայնութեան խնդիրը): Բոլորը գիտէին լեզուի բառապաշարի հարստացման մէջ օտարամուտ եզրոյթներու անհրաժեշտութիւնը, բայց կը նկատէին նաեւ մէկ կողմէ գերակայ լեզուներու ու միւս կողմէ` մեր գրական լեզուներու բաղաձայնական համակարգի տարբերութիւններէն յառաջացած այդ շերտի բառամթերքի տարանջատիչ էութիւնը: Կեցուածք ստեղծուեցաւ օտար եզրոյթներու փոխարէն` հայերէնի բառակազմական հնարաւորութիւններէն օգտուելու եւ հայերէնը ազատելու այդ օտարումի ծառայող բեռէն: Ասոր մէջ կը մտնէին նաեւ արեւելեան լեզուներէն բարբառներու միջոցով յատկապէս արեւելահայ բանաստեղծութեան մէջ մուտք գործած բառերու հսկայ քանակը հայերէնով փոխարինելու անհրաժեշտութիւնը (ազիզ, ղուրբան, եարա, բալա, թաւա, շիրա եւ այլն):
Կարեւոր է նշել, որ նախաեղեռնեան շրջանին մեր երկու հատուածները մամուլէն դուրս նաեւ գործակցութեան անմիջական բեմեր ալ կրցան ստեղծել: Քաղաքական պայմաններու բերումով հալածական արեւմտահայ թատրոնը կ՛երեւէր Թիֆլիսի մէջ: Արեւմտահայ գրողներ կը ստեղծագործէին ու ճամբայ կը բանային արեւելահայոց մէջ (Ծերենց, Շանթ, Առանձար), իսկ արեւելահայ գրողներ` արեւմտահայ շրջանակներու մէջ (Շիրվանզադէ, Ահարոնեան, Իսահակեան): Եւ ասիկա բնականաբար պիտի երեւէր գրական լեզուներու մերձեցման ոլորտին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք այդ վարչակարգին ստեղծած փակ պայմաններուն ու շատ հարցերու պարագային, տիրող կուսակցութեան Կենտկոմի պարտադրած օրէնքներու բերումով, կարելի է ըսել, որ մեր գրական երկու լեզուներուն միջեւ մինչ այդ ստեղծուած կամուրջները քանդուեցան: Լեզուի կանոնակարգման հարցերու քննարկումները առողջ հունէ ղուրս դրուեցան, ու նուիրականացաւ առաւօտուն լոյս տեսած պետական օրէնքը: Գրական երկու ճիւղերու մերձեցման առաջին ծանրագոյն հարուածը եղաւ Ուղղագրութեան ռեֆորմը (բարեփոխումը, Խմբ.), որ ուղղակի կերպով չինական պարիսպ ստեղծեց հինի ու նորի միջեւ, արեւելահայերէնի հին որակի եւ ընդհանրապէս դարաւոր հայ գրականութեան ու նորի միջեւ, եւ ամէնէն կարեւորը` օտարեց աւանդական ուղղագրութիւնը պահող սփիւռքի մեր գրական աշխարհը` արեւելահայ ըլլայ, թէ արեւմտահայ: Պետական լեզու նկատուող հայերէնը ըմբռնուեցաւ միայն արեւելահայերէնը, ու դարձեալ բնական ընթացքով արեւմտահայերէնը համարուեցաւ բարբառ ու դուրս դրուեցաւ երկրի պաշտօնական հաստատութիւններէն, տարրական դպրոցէն: Ու այս մթնոլորտին բնական հետեւանքը եղաւ այն, որ արեւմտահայերէն ստեղծագործող հին ու կայացած հայրենադարձ յայտնի գրողներ փոխեցին իրենց գրականը, մամուլը փակեց արեւմտահայերէնի էջը: Սփիւռքի մէջ արտադրուած գիրքն ու մամուլը Հայաստանի շուկայ չիջան:
Հետագայ տասնամեակներուն, յատկապէս 1960-ական թուականներէն ետք, որոշ ըմբռնումներ պարբերաբար բարեփոխուեցան ինչպէս արեւմտահայ թէ սփիւռքահայ գրականութեան, այդպէս նաեւ արեւմտահայերէնի նկատմամբ: Սփիւռքահայ հեղինակներ լոյս տեսան հայրենիքի մէջ, պարբերականներ հրատարակուեցան սփիւռքահայութեան համար (անշուշտ` նոր ուղղագրութեամբ), սփիւռքահայ գրականութիւնը տեղ գտաւ բուհերու (բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն) ծրագիրներու մէջ, դասական ուղղագրութեամբ դասագիրքեր առաքուեցան սփիւռք եւ այլն: Աւելի՛ն. որոշ լեզուաբաններ բարձրաձայնեցին արեւմտահայերէնի բառապաշարէն օգտուելու ու յատկապէս նորամուտ օտար բառերը արեւմտահայերէնի հետեւողութեամբ հայացնելու անհրաժեշտութիւնը: Արեւմտահայերէնի մասին խօսուեցաւ արդէն իբրեւ աշխարհաբարի գրական երկու ճիւղերէն մէկը: Ոմանք նոյնիսկ արծարծեցին նոր ուղղագրութեան բերած անպատեհութիւններուն մասին: Հայրենի մտաւորականութիւնը չէր կրնար անտարբեր գտնուիլ մէկ կողմէ արեւելահայերէնի զարգացման զարտուղութիւններուն ու միւս կողմէ` մեր երկու գրականներու մերձեցման հրամայականին նկատմամբ:
Սփիւռքի մէջ գրական երկու լեզուներուն նկատմամբ նախաեղեռնեան մօտեցումները աւելի շօշափելի դրսեւորումներ ունեցան: Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք արտասահման անցած մեր մտաւորականութիւնը տեղ գտաւ սփիւռքահայ մամուլին, բեմին, կրթութեան ու հասարակական ատեաններուն մէջ: Յեղափոխական ու քաղաքական նախկին գործիչներու վաւերագրական ու յուշագրական գրականութիւնը երեւան բերաւ երկու գրական լեզուներու իւրայատուկ մերձեցման յատկութիւններ: Հայաստանեան գրական աշխարհէն դուրս շպրտուած մեր դասականները եւ խորհրդահայ գրողները` Րաֆֆի, Չարենց, Ակսէլ Բակունց, Լեռ Կամսար, Գուրգէն Մահարի, Մկրտիչ Արմէն ու դեռ տասնեակ-տասնեակ գրողներ լոյս տեսան սփիւռքի մէջ` իրենց բնագրային հարազատութեամբ: Տարեկան տասնեակ-տասնեակ անուն գիրքեր: Սփիւռքի մէջ գրական ո՛ր լեզուով ստեղծագործելու, մամուլի էջ կազմելու հարց երբեք չէ դրուած: Արեւելահայ եւ խորհրդահայ գրականութիւնը լայնօրէն կը փնտռուէին դպրոցական եւ հանրային գրադարաններուն մէջ: Խորհրդային գիրքի գրախանութներու հայերէն բաժիններու առջեւ հերթ կը գոյանար: Դպրոցական ընթերցարաններու մէջ միշտ տեղ գտած են արեւելահայ գրողները: Նախակրթարաններու վարի կարգերէն արեւելահայերէնը հասկնալի ու ընթեռնելի կը դառնար հայ դպրոցականին համար: Մինչեւ օրս սփիւռքի նախակրթարաններէ շրջանաւարտը արդէն ոչ միայն կը զանազանէ, այլեւ անկաշկանդ կերպով արեւմտահայերէնի կը վերածէր արեւելահայերէնի բացառականն ու ներգոյականը (ջրից, ջրում), ներկայ ու անկատար ժամանակները, վաղակատարը (գրում եմ, գրում էի, գրել եմ, գրել էի), դերանունները (սա, սրա, սրան, սրանից), կը ճանչնայ խոնարհման տարբերութիւնները եւ այլն: Միով բանիւ` արեւելահայերէնը դեռ տարրական նախակրթարանի մէջ օտար ու անհասկնալի լեզու չէ: Կ՛արժէ վկայել, որ Արեւելքի մեր գաղութներու մէջ նախակրթարանի վերի կարգերու աշակերտը բնագիրէն կը կարդայ Թումանեանի «Գիքոր»-ը, Աղայեանի հեքիաթները, Րաֆֆիի «Խենթը», «Ջալալէտտին»-ը, «Կայծեր»-ը եւ այլն: Ընթերցանութեան եւ քերականութեան դասագիրքերուն մէջ միշտ ալ նկատելի է արեւելահայերէնին նոր յատկութեամբ մը չհակադրուելու միտումը թէ՛ բառագիտութեան եւ թէ՛ ձեւաբանութեան մակարդակներուն վրայ: Աշակերտը հետզհետէ կը զանազանէր հիմնական բառամթերքի իմաստային, կիրառական, ձեւաբանական մասնակի տարբերութիւնները ու միայն արեւելահայերէնին յատուկ բառերը (վայրկեան-րոպէ, ճերմակ-սպիտակ, ձգել-գցել, ըսել-ասել, դգալ-գդալ, հով-քամի, երեխայ-մանուկ, լեռ-սար, գիր-տառ, հէնց, ջան եւ այլն): Քերականութեան դասագիրքերը մերձեցման եզրերը գրական լեզուի կանոնակարգին մէջ յամառօրէն կենդանի պահելու միտումով թելադրեցին հոլովական ու հնչիւնափոխութեան այնպիսի տարբերակային ձեւեր, որոնք աւելի յատուկ են արեւելահայ գրականին: Լեւոն Շանթ իր «Քերականութիւն» գիրքին մէջ շատ աւելի համարձակ քայլ առաւ: Ան հիմք ունենալով արեւմտահայ խօսակցական լեզուին մէջ գոյութիւն ունեցող, բայց գրականին կողմէ դուրս դրուած տրականաձեւ ուղիղ խնդիրի պարագան` թելադրեց գրել` ես քեզի կը սիրեմ, դուն ինծի կը փնտռես կաղապարը` ընդհուպ մերժելով հայցական հոլովաձեւի առկայութիւնը դերանուանական հոլովակարգին մէջ: Շանթի մահով ալ վերջ գտաւ Շանթի դպրոցին մէջ իրագործուող այս մօտեցումը: Հայրենիք-սփիւռք բնականոն յարաբերութիւններու պայմաններու պարագային, կը կարծեմ, որ այդ տարիներուն մերձեցման շատ աւելի մեծ ու կայուն ձեռքբերումներ կրնային ունենալ մեր երկու գրականները:
Սփիւռքը, իր արեւելախօս թէ արեւմտախօս հատուածներով, խորհրդային վարչակարգի հետ ամենաջերմ, թէ ոչ մէկ պաշտօնական յարաբերութիւն ունեցող հատուածներով չվարանեցաւ ու չզլացաւ տրամաբանական ու առողջ մերձեցման գործընթացին մէջ լուրջ մեխեր մխրճող հայաստանեան երեք երեւոյթներուն դէմ բարձրաձայն բողոքելէ ու կեցուածք արտայայտելէ.
Ուղղագրական բաժանումը,
Օտար եզրոյթներու անկասելի առատացումը,
Արեւմտահայերէնի հանդէպ անհրաժեշտ կեցուածքի բացակայութիւնը:
(Շար. 1)
Յակոբ Չոլաքեան