«Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն»ը Գիւմրիի Շիրակի մարզային գրադարանէն ներս
Շիրակի մարզային գրադարանի արեւմտահայերէնի կայքէջի (arevmtahayeren-shmg.am) վերջին նախաձեռնութիւններէն մէկը արեւմտահայ բանաստեղծութեան փառատօն կազմակերպելն էր, որուն մասնակցելու ցանկութիւն յայտնած էին աշխարհի 15 երկիրներու 34 ստեղծագործողներ:
Առցանց փառատօնը կայացաւ Մարտ 21-ին, Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առթիւ: Փառատօնին հետեւելու համար գրադարան հրաւիրուած էին մարզի մշակութային, կրթական եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներ, մասնաւորապէս ՀՀ ԳԱԱ Շիրակի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ա. Հայրապետեանը, ՀՀ Գրողներու միութեան Շիրակի բաժանմունքի քարտուղար Ա. Կարապետեանը եւ ծնունդով Շուշեցի բանաստեղծ Ռոպերթ Եսայեանը: Ներկաներու շարքին էին նաեւ Բանաստեղծութեան օրուան առթիւ կազմակերպուած գրական ցերեկոյթի մասնակից դպրոցականներ, մանկավարժներ, ինչպէս նաեւ ընթերցողներ եւ գրադարանի աշխատակիցներ:
Ծանօթանալով փառատօնին ներկայացուած նիւթերուն` ներկաները, ողջունելով նախաձեռնութիւնը, գնահատեցին անոր դերը արեւմտահայերէնը մոռացութենէ փրկելու օրախնդիր գործին մէջ: Ծաւալուած միտքերու աշխոյժ փոխանակութեան ընթացքին միտք յղացաւ հրատարակուած ունենալու, իր տեսակի մէջ եզակի, այս նախաձեռնութեան մասնակիցներու գործերու տպագիր ալմանախ: ՀՀ Գրողներու միութեան Շիրակի բաժանմունքի քարտուղար Ա. Կարապետեանը պարտաւորուեցաւ մինչեւ տարեվերջ փառատօնին ներկայացուած նիւթերը պարբերաբար տպագրել ՀԳՄ Շիրակի բաժանմունքի «Եղեգան փող» պաշտօնաթերթին մէջ:
Փառատօնի ընթացքին հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը հետեւէին նաեւ ԿԳՄՍ նախարարութեան Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան վարչութեան աշխատակիցները (Նազիկ Յովասափեան, Արմէն Սարգսեան, Տաթեւիկ Սուքիասեան):
Շիրակի մարզային գրադարանը կը նախատեսէ փառատօնը դարձնել աւանդական, կազմակերպել ամէն տարի` Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան կապակցութեամբ:
Ծանօթանալ նաեւ «Ալիք Մետիա»ի անդրադարձին՝ https://www.aliqmedia.am/2022/03/21/54561/?fbclid=IwAR1lWlkIn9rhu36uO_1CI0krKZVVKSEtIdi5ihfkfjfpfyZ2uRwJI_znY6c