«Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն»ը Գիւմրիի Շիրակի մարզային գրադարանէն ներս

«Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն»ը Գիւմրիի Շիրակի մարզային գրադարանէն ներս Շիրակի մարզային գրադարանի արեւմտահայերէնի կայքէջի (arevmtahayeren-shmg.am) վերջին նախաձեռնութիւններէն մէկը արեւմտահայ բանաստեղծութեան փառատօն կազմակերպելն էր, որուն մասնակցելու ցանկութիւն յայտնած էին աշխարհի 15 երկիրներու 34 ստեղծագործողներ: Առցանց փառատօնը կայացաւ Մարտ 21-ին, Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առթիւ: Փառատօնին հետեւելու համար գրադարան հրաւիրուած էին մարզի մշակութային, կրթական եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներ,…