Արեւմտահայերէն… Սփիւռքահայ Գրականութիւն…(2)
Եւ վերապրողներս եղանք ՍՓԻՒՌՔ:
Յիշենք, որ նախկին Օսմանեան Կայսրութենէն միայն Կ. Պոլիսը մնաց իբրեւ սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութներէն մէկը: Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Միացեալ նահանգներու մէջ արեւմտահայութեան համար մինչ այդ, միաբանական կեդրոնները չհաշուած, կային մշակութային հարթակներ՝ յատկապէս Եգիպտոս, Պոսթոն ու Նիւ-Եորք, Փարիզ, որոնք այսպէս թէ այնպէս դեր մը ունեցան նորեկները գրական անդաստան առաջնորդելու տեսակէտէն: Գրական աշխոյժ շարժում մը սկիզբ առաւ: Միացեալ Նահանգներու, ապա Ֆրանսայի մէջ իր հայրենիքը կորսնցուցած մարդու ներաշխարհը եւ օտարութեան մէջ իր տեղն ու ինքնութիւնը փնտռող հայ մարդու առօրեան գեղարուեստական արտայայտութիւն ունեցաւ, ու մենք առաջին հերթին ճանչցանք սփիւռքահայ կամ գաղթահայ գրականութեան ամերիկահայ եւ ֆրանսահայ հատուածները:
Արդար պիտի չըլլար ամիրիկահայ գրականութիւն պիտակումին տակ զետեղել միայն Միացեալ Նահանգները. պէտք չէ մոռնալ Հարաւային Ամերիկայի ու յատկապէս Արժանթինի բերած նպաստը սփիւռքահայ գրականութեան, իսկ Եւրոպայի մէջ Ֆրանսայի կողքին մանաւանդ Պալքանեան երկիրներու մէջ շարունակուող գրական աւանդոյթները:
Բայց մասնաւոր ուշադրութիւն ընելու պարագայ մըն է այն իրողութիւնը, որ Սփիւռքահայ գրականութեան ամերիկահայ եւ ֆրանսահայ հատուածներու ներկայացուցիչներէն ոչ մէկը Ֆրանսայի կամ Ամերիկայի ծնունդ է, ոչ մէկը ֆրանսահայ եւ ամերիկահայ վարժարաններէն (հատուկենտ) եկող գրիչ մըն է: Ամերիկայի պարագային բոլորն ալ գաւառէն կու գան, գաւառի դպրոց յաճախած կամ Պոլսոյ մէկ դպրոցէն անցած, արեւմտահայերէնը եւ Յովհաննէս Թլկանտինցիի գրական հանգանակները իրենց հետ գաղթական բերած գրողներ են (Համաստեղ՝ Փերչէնճ – Մեզիրէ, Վահէ Հայկ՝ Խարբերդ, Բենիամին Նուրիկեան՝ Հիւսէյնիկ – Խարբերդ, Արամ Հայկազ՝ Շապին Գարահիսար – Կ. Պոլիս, Անդրանիկ Անդըրէասեան՝ Չմշկածագ – որբանոցներ): Իրենց ստեղծած գրականութիւնն ալ ամերիկահայ իրականութենէն շատ աւելի՝ յիշողութեան ու կարօտի հայելիով անցեալի մաքրաջրումը եղաւ՝ «Երնէկ Այն Օրերուն»:
Ֆրանսայի պարագային գրական մշակները մեծամասնաբար Պոլիսէն կամ արեւմտեան շրջաններէ կու գային, արեւմտահայ դպրոցի մէջ հիմնաւոր հայկական կրթութեան տէր էին, արեւմտահայ արուեստագէտ սերունդի գրական հանգանակները կրողներ ու ֆրանսական գրականութեան լաւագոյն արժէքներուն մրցակից: Իրենց ներաշխարհը կը կազմէր այսօրուան հայը այս նոր եւ ուծացնող միջավայրին մէջ ու քիչ մըն ալ հին աշխարհը (Շահան Շահնուր՝ «Պճեղ Մը Անոյշ Սիրտ», Շաւարշ Նարդունի՝ «Հաւ Մը Կ’երգէր» …):
Այդ սերունդը անցաւ ու կը թուէր, որ ամերիկահայ եւ ֆրանսահայ գրական շրջանակներն ալ անցան: Շահնուրի խօսքը յիշենք. «Իսկ մե՞նք, կը վճարենք իբրեւ վերջին փրկագին այն, որ պիտի գայ: Իբրեւ վերջին փրկագին՝ մանուկներ, որոնք կրնային մեծնալ. ապագայի սերունդներ, որոնք մեզմէ վերջ պիտի գային: Որովհետեւ այն, որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»:
Այսուհանդերձ՝ սփիւռքահայ գրականութեան ամերիկահայ եւ ֆրանսահայ հատուածները շարունակեցին գոյութիւն ունենալ, սակայն դարձեալ՝ գրական ներկայացուցիչներէն ոչ մէկը Ֆրանսայի կամ Ամերիկայի ծնունդ էր: Երկրէն եկող սերունդ չմնաց, նախկիններու զաւակները իրենց հայրերուն հայալեզու գրականութեան արդէն անհաղորդ կը մնային, բայց Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին եւ Քանատա նորեր եկան կանգուն պահելու համար հինէն մնացած մամուլն ու գրական մթնոլորտը: Եկուորները բոլորն ալ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔէն էին, Երուսաղէմի, Եգիպտոսի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի, Պարսկաստանի դպրոցներէն, Կիպրոսէն ու Կ. Պոլիսէն (Պետրոս Հաճեան, Զարեհ Մելքոնեան, Յակոբ Կարապենց, Նուպար Ակիշեան, Հրանդ Մարգարեան… եւ յաջորդներէն՝ Վեհանոյշ Թեքեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Գէորգ Պետիկեան եւ շատեր, բոլոր խմբագիրները): Նոյնը կարելի է հաստատել Ֆրանսայի պարագային (Զուլալ Գազանճեան, Յակոբ Պալեան, Մովսէս Պչաքճեան, Գրիգոր Պլըտեան…):
Առաջին սերունդին հետ ու անկէ ետք նոր երեւոյթ մը պարզուեցաւ սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ՝ օտարագիր հայ հեղինակներու ներկայութիւնը. անգլիագիր, ֆրանսագիր ու սպանագիր հայ հեղինակներ հռչակ ձեռք բերին, ինչպէս Ուիլիըմ Սարոյեան, Մայքլ Արլէն, Զաւէն Լեւոն Սիւրմէլեան, Արմէն Լիւպէն (Շահան Շահնուր), Արթիւր Ադամով, Վահէ Քաչա, Ալիսիա Կիրակոսեան…: Իր շարք մը յատկանիշներով՝ կարելի է բարձրօրէն գնահատել օտարագիր գրականութիւնը, բայց երբեք կարելի չէ ընդունիլ, որ ան սփիւռքահայ կամ առհասարակ հայ գրականութեան մաս կը կազմէ: Ան կը պատկանի ամերիկեան, արժանթինեան ու ֆրանսական գրականութեան: Ու աւելի վտանգաւոր է այն երեւոյթը, որ մեր զանգուածներուն մէջ հետզհետէ կ’արմատաւորուի այն ըմբռնումը, որ առանց մայրենի ու ազգային լեզուի ալ կարելի է հայ մնալ…: Այս ըմբռնումը կը կացինահարէ ու կը տապալէ մեր ազգային ամէնէն հիմնաւոր արժէքներէն մէկը հանդիսացող լեզուական բաղադրիչը ու կը տկարացնէ մեր ազգային կառոյցներուն եւ սերունդներուն լեզուի հանդէպ ունեցած պատասխանատուութեան կամքը:
1960-ականներէն սկսեալ դպրոցաշինական հսկայ աշխատանքի մը ականատես կը դառնանք: Արժանթինի մէջ կը վերակազմուին նախկին բոլոր դպրոցները, Ամերիկայի Լոս Անճելոս, Սան Ֆրանսիսքօ, Ֆրեզնօ, Տիթրոյթ, Նիւ Ճրսի, Պոսթոն, Քանատայի Օնթարիօ եւ Մոնրէալ քաղաքներուն մէջ կը հիմնուին ամէնօրեայ վաժարաններ ու հոս ու հոն՝ միօրեայ վարժարաններ, հարիւրաւոր: Երեւոյթը իսկապէս ոգեւորիչ էր: Դպրոցներու նկատմամբ խստապահանջութիւնը զգալի կերպով աւելցաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ: Նոյնը կը շարունակուի տակաւին: Սակայն անցնող տասնամեակները ցոյց տուին, որ սփիւռքահայ գրականութեան համար ամերիկահայ եւ ֆրանսակայ դպրոցը սնուցիչ չկրցաւ ըլլալ. նուազագոյնը՝ հայերէնախօսութիւնը պահպանեց, բախտաւոր պարագային՝ հայ գիրի ու գիրքի հետ աղերս մը: Աւելի քան կէս դարու փորձառութենէ անցնելով հանդերձ հայ դպրոցը հայ նոր գրողներու մկրտարանը ըլլալ չկրցաւ: Ընդհակառակը՝ անգլերէնը, ֆրանսերէնն ու սպաներէնը գերամեծար ներկայութեամբ մտան մեր հասարակական, մշակութային եւ գրական կեանքին մէջ:
Եւ ասիկա դառնագոյն ճշմարտութիւնն է: Բան մը, որ յուսալքումի կը տանի ու ամէնէն վտանգաւորը՝ հայ դպրոցին նկատմամբ մեր հաւատքի խախտումին եւ անկէ երես դարձնելուն կը տանի:
Ամերիկաներու եւ Ֆրանսայի մեր դպրոցները լրջագոյն փոփոխութիւններու պէտք ունին:
(շարունակելի)
Յակոբ Չոլաքեան