Արեւմտահայերէն… Սփիւռքահայ Գրականութիւն…(5)
Եւ այս իրադրութեան մէջ կարելի չէ ըսել, թէ արեւմտահայերէնը կենդանի, ապրող ու շնչող լեզու մը չէ, ընդունելով հանդերձ, որ պետականութենէ, համախումբ ապրելէ զրկուած ժողովուրդներու լեզուները գոյատեւելու լուրջ արգելքներ ունին: Ունինք: Հետեւաբար՝ լեզուի գոյատեւումը ընդհանրապէս հաւաքական ճիգի մը արդիւնքը պիտի ըլլայ: Եւ այդ հաւաքական ճիգը կ’արտայայտուի ընտանիքի ջամբած դաստիարակութեամբ, եկեղեցւոյ, միութիւններու, կիրակնօրեայ դպրոցներու, առցանց ուսուցման միջոցներու, բայց հիմնաւորապէս՝ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ միջոցով:
Ընդունինք, որ վերջին երեսնամեակին հայ դպրոցը նուազ հոգածութեան եւ խնամքի ենթակայ եղաւ: Հասկնալի է, ամբողջ հայութեամբ Հայրենիքի կողքին ըլլալու եւ անոր կարիքներուն հասնելու հրամայականը կար: Հայաստանակեդրոն մեր ձգտումները աւելի քան արդարացուած են, բայց ատիկա պէտք չէ բերէր հասցնէր հոն, որ դպրոցը՝ մեր տունը, տուժէր: Որովհետեւ եթէ չըլլայ սփիւռքահայ դպրոցը՝ Հայրենիքն ալ պիտի պարպուի մեր յաջորդ սերունդներու հոգիներէն: Այո՛, քանի՜ դպրոց փակուեցաւ վերջին երեսնամեակին: 1960-ականներէն Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը հսկայական նպաստներ կը յատկացնէ հայ դպրոցին ու ներկայիս հայ գիրի եւ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման ձեռնարկներուն կ’օգնէ: Բայց այս գործը համազգային հոգածութեան առարկայ դարձնելու հարկադրանքին տակ կը ձգէ մեզ:
Մեր օրերուն մեծապէս կը նուազի Մերձաւոր Արեւելքի մեր դպրոցներուն թիւը: Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մեր ամէնօրեայ վարժարանները հիմա մեր ակնկալիքներուն կիզակէտին կը գտնուին: Մեր թեմական իշխանութիւնները, միութիւններն ու կուսակցութիւնները ու մանաւանդ անհատ բարերարները աւելի հոգածու թափով պէտք է շրջապատեն հայ դպրոցը եւ լրջագոյն ներդրումներ կատարեն դպրոցները մրցունակ դարձնելու, հայերէնի որակեալ ուսուցիչներ պատրաստելու ու մեր շրջանաւարտները մղելու ազգային-մշակութային կեանքին մէջ հայերէնով դերակատարութիւն ունենալու: Ինծի համար երբեմն ծիծաղելի է այն պարագան, որ սփիւռքահայեր Հայաստանի մէջ կը փնտռեն արեւմտահայերէնը, «կրանտ»ներ կը խոստանան, ու ամենէն ողբերգականը, որ իրենք ալ կ’առաջարկեն լեզուական աշխատանքներու տեսակն ու ծրագիրը:
Բարեկամնե՛ր, երկու աշակերտով աւելցուցէ՛ք ձեր գաղութի դպրոցին աշակերտութեան թիւը, ուսուցչաց վերապատրաստման իրաւ աշխատանքի մը բերէ՛ք ձեր մասնակցութիւնը, աշակերտութեան արտադասարանային եւ արտադպրոցական կեանքի շրջանակներ կառուցեցէ՛ք, կիրակնօրեայ մը ամէնօրեայի վերածեցէ՛ք… ահա այդպիսի բաներով ձեր բարերարութիւնը իմաստ եւ արդիւնք կ’ունենայ:
Եւ վերջապէս լեզուն կ’ամրագրուի, կը տարածուի, կը կանոնակարգուի ԳՐԱՒՈՐ ԽՕՍՔՈՎ: Փառք Աստուծոյ, տեսանք, անոր սովը չենք ապրիր: Յիշենք, որ, ինչպէս միշտ, լեզուն որակական տարբեր յատկանիշներով ի գործ կը դրուի: Որեւէ լեզու, արեւմտահայերէնն ալ, ուղղագրական բազմաձեւութիւնները չհաշուած, ունի բառային, քերականական եւ շարահիւսական զուգաձեւութիւններ (հովուն/հովին, արեւուն/ արեւին, Սուրիոյ/Սուրիայի, ազատեցաւ/ազատուեցաւ, թուալ/թուիլ, լուր կը սպասեմ/լուրի կը սպասեմ): Բոլոր ապրող լեզուները նման երեւոյթներ ունին: Ատոր համար ալ կան լեզուի կանոնակարգման մարմիններ, պետական տեսչութիւններ: Մեր պարագային ատիկա լաւագոյնս կատարեց ու կը շարունակէ կատարել լեզուագէտներու մեծ փաղանգ մը (Հայր Արսէն Ղազիկեան, Բենիամին Թաշեան, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան…): Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը, կան բազմաթիւ ուղեցոյցներ, կայքեր, դիմատետրի էջեր, որոնք կը քննարկեն մեր գրաւոր խօսքի արատները. կայ համատարած պայքար սխալագրութեան, սխալախօսութեան, լատինատառ հայերէնի եւ օտար բառերու դէմ: Արմենակ Եղիայեանի նշմարները կը խարազանեն լեզուի հանդէպ ցուցաբերած մեր բոլոր անփութութիւնները:
Ահաւասիկ այսպիսի մշտական հոգատարութեան հետեւանքով է, որ աշխարհացրիւ արեւմտահայերէնը երկու տեսակ չէ: Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն, արաբական երկիրներէն մէկու մը բերանացի խօսքը կրնայ կրել այդ լեզուներու ազդեցութիւնը, բայց ոչ գրաւոր խօսքը:
Արեւմտահայերէնը մէկ է:
Շնորհիւ մեր մեծ բծախնդրութեան:
Ի վերջոյ, կայ լեզուի ոճական տարբերութիւններու երկար շարք մը: Նիւթը իր ոճը կու տայ, տեղը իր ոճը կու տայ, հերոսը իր ոճը կու տայ, հեղինակը իր ոճը կու տայ եւ բնականաբար մենք հոս տարբեր որակներու հետ գործ ունինք, բայց ոչ տարբեր «արեւմտահայերէն»ներու: Մէկուն համար կ’ըսենք պարզ լեզու ունի, միւսին համար՝ ընտիր, նոյնիսկ՝ շքեղ, երրորդի մը համար կ’ըսենք գրքունակ, ճոռոմ, արդուկուած եւ այլն:
Այո, կան ընդհանուր հայերէնէն շեղող պարագաներ: Համակարգչային ու համացանցային գրաւոր խօսքի մէջ աւելի կը հանդիպինք: Նոյնիսկ տպագիր գիրքերու մէջ: Ամէն գրողէ, նոյնիսկ տաղանդաշատ գրողէ կարելի չէ սպասել, որ անթերի լեզու մը ունենայ՝ տառասխալներ, բառօգտագործման եւ քերականական սխալներ կրնան ըլլալ. ահա թէ ինչու, ամէն գրող պէտք է իր գործը նախ վստահի հմուտ լեզուագէտի մը սրբագրութեան, բան մը որ բոլորը կ’ընեն, բացի մեր հեղինակներէն:
Ոմանք կը բողոքեն, որ հայերէնը աղքատացեր է եւ զրկուած է հասարակագիտական եւ գիտական հարուստ բառապաշարէ: Պարզ է, արեւմտահայերէնը գիտութիւններու ուսուցման ամպիոններ չունի, չի կրնար ունենալ, բայց աղերսը անոնց հետ՝ միշտ ալ գոյութիւն ունի հանրամատչելի գրականութեան մը միջոցով: Վկայ մեր թղթային թէ ելեկտրոնային մամուլի քաղաքական-վերլուծական, ռազմական, բժշկական, մարզական, արուեստներու, տնային տնտեսութեան էջերը: Ոչ միայն թերթերը, կան հրապարակ իջած լրջագոյն գիրքեր: Չէ՞ք յիշեր երաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեանի, արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանի յօդուածաշարքերը: Որ մէկը յիշեմ. վերջերս կը պրպտէի բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի մէկ գիրքը. մտածեցի, որ իրօք ես հայերէն չեմ գիտեր: Արեւմտահայ հանրամատչելի գիտական գրականութիւնը մեզի կու տայ գիտաբառերու հարուստ ատաղձ մը, որմէ այնքան շատ քաղելիք եւ առնելիք ունի արդի արեւելահայերէնը:
Սփիւռքի մէջ, ուր ալ գտնուինք, մենք միասին ենք, մէկ ենք մեր լեզուով, որ կը հոսի, կ’ապրի ու մեզ կ’ապրեցնէ Հայ դպրոցի միջոցով:
(վերջ)
Յակոբ Չոլաքեան