Գրախօսական Տիգրան Գաբոյեանի «Ճեղքերս Քաղաքակրթութիւններու Պատերով» հատորին
Երկար ժամանակէ ի վեր գեղարուեստական հատորի մը մասին «գրախօսական» չէի գրած, որն իմ սիրելի գրական ոճերէն մէկն է:
Վերջերս նուէր ստացայ բանաստեղծ ընկերոջս՝ Տիգրան Գաբոյեանի «Ճեղքեր Քաղաքակրթութիւններու Պատերով» բանաստեղծական հատորը, որ հեղինակի 3-րդ քերթողագիրքն է, ուր յստակ կը գտնենք բիւրեղացման ձգտող բանաստեղծի մը ընթացքն ու միեւնոյն ժամանակ տառապանքը:
Հատորը լոյս տեսած է Երեւան, 2019-ին: Կը բաղկանայ 93 էջերէ, գեղեցիկ ձեւաւորումով եւ պայմանական վեց մասերով:
Հատորը կը բացուի «Օրուայ Բանաստեղծութիւն» բանաստեղծութեամբ, ուր հեղինակը կը փորձէ սահմանել «բանաստեղծութիւն» առեղծուածը եւ կը սկսի մեծ հարցադրումով՝ «Ինչո՞ւ պիտի թուար մեզի թէ կը մեռնիս դուն», ուր դարձեալ կը հաստատէ ճարտարուեստի եւ զգայական աշխարհներու ամբողջականութիւնը՝ առանց իրար հակասելու եւ իրօք որ ճիշդ ըսած է, որ բանաստեղծութիւնն ամէն տեղ է, ամէն երեւոյթի, ամէն պահու մէջ, կարեւորը զայն գտնելն է եւ ընկալելն է գեղարուեստական ձեւով:
Այստեղ կը տեսնենք թէ բանաստեղծական գաղտնի կապի մը միջոցով կը նոյնացուին բոլոր առաւօտները Մայր երկրագունդի բոլոր ծայրամասերուն վրայ:
Գաբոյեանի համար բանաստեղծութիւնը անվերջանալի փնտռտուքի միջոց է, մարդու մէջ մարդը փնտռելու: Եւ այս փնտռտուքը կ’երկարաձգուի, մի գուցէ առանց արդիւնքի՝ լրիւ ապարդիւն վիճակի վերածուելով:
«Ճակատագրական» բանաստեղծութիւնը կարծէք մեր նորանկախ երրորդ հանրապետութեան շատ խիստ խտացումն ըլլայ՝ գեղարուեստական իւրայատուկ ոճով գրուած:
Բանաստեղծը նոյնիսկ կասկածի տակ կ’առնէ տիեզերական գոյութիւնը, որ մեզի միացնելու եւ զանազանելու յատուկ սահմանգիծերով օժտուած է:
-«Ո՞ւր է տիեզերքը մէկ մէկ
Մեզ միացնելու ու
զանազանելու»…
Գաբոյեանի բանաստեղծութիւնը կարծես նետուած մարտահրաւէր մը ըլլայ համաշխարհայնացման մեծ ախորժակի դէմ, որն իր անկշտութեամբ կ’ուզէ մարսել ամէն ազգայինն ու դարաւորը: Իսկ իմ կարծիքով՝ արդէն համաշխարհայնացման դարու ազդեցութիւնը երթալով կը նուազի եւ այսօր համաշխարհայնացումը հանդէս կու գայ մեծ, հզօր ընկերութիւններու, համաշխարհային մեծ կառոյցներու եւ տնտեսական անսահման կարողութիւններու ընդմէջէն, որմէ կարելի է լաւապէս օգտուիլ եւ բարգաւաճիլ զինուելով մեր դարաւոր անջնջելի մշակոյթի եւ պատմութեան զրահով:
«Գետ» բանաստեղծութեան միջոցով բանաստեղծը կը շեշտէ կեանքի ու գոյութեան անվերջանալի «կը հոսիք»-ը, միշտ նկատի ունենալով, որ բոլոր մեծ քաղաքակրթութիւնները ծնունդ առած, ձեւաւորուած եւ աճած են մեծ գետերու շուրջ, ուր գետերը դէպի քաղաքակրթութիւն բացուող լաւագոյն «ճեղքերն»-են:
«Ակցենտով» բանաստեղծութիւնը կարծէք դէպի անհատական ներաշխարհ կատարուած ճամբորդութիւն մը ըլլայ, որու ընդմէջէն բանաստեղծը որոշակի համոզումներու վրայ հիմնուած կը յանգի յստակ եզրակացութիւններու՝ կեանքի եւ գոյութեան հիմքը հանդիսացող բազմաթիւ երեւոյթներու շուրջ, որ զուտ անձնական երանգներ կրելով հանդերձ ունի համամարդկային գոյներ ալ:
«Հալէպ» երկարաշունչ բանաստեղծութեան պրիսմակի ընդմէջէն կը ծանօթանանք այն Հալէպին, որ կ’ապրի բանաստեղծի հոգիին խորքերուն մէջ, որ դիտուած եւ ապրուած է բանաստեղծի աչքերով, ուր հինն ու նորը, հայկականն ու սուրիականը, կեթթոներն ու իսլամական մշակութային մայրաքաղաքը իրար օղակուած կը շարունակեն գոյատեւել արեւելեան եւ հայկական իւրայատուկ քաղաք՝ Հալէպի մէջ, ուր իրար կը խաչաձեւուին պատմութիւնն ու աւանդոյթը, դասականն ու ժամանակակիցը:
Աբստրակտ ոճը եւ քոլաժային տրամադրութիւնները Գաբոյեանի բանաստեղծական աշխարհը սնող հիմնական ակունքներն են, որոնք ժամանակակից բանաստեղծութեան փորձառական ուղղութիւններէն են:
Գաբոյեան կը գրէ՝
«35 միլիոն տարի կ’ուզէ.
այսօրուայ վէրքիս երգը յօրինելու
յետոյ փակցնելու ինձ
Եւ ճիշդ է կարծեմ համրածս թիւը.
մշուշ էր,
ցունամի էր,
ցուրտ էր.
Ու այս շաբաթ օրուայ հաւը, որ պիտի
ուտենք
պիտի ապրեցնէ փոշին ունայն-ունայն
այրուած աճիւններու
յուզուած տեղամոլութեան»:
«Ինչպէ՞ս կ’ուզուի» բանաստեղծութիւնը լաւ նմուշ մըն է մեզմէ ծնունդ առած եւ անվերջ հեռացած զգացումներու, սէրերու եւ ներաշխարհներու, որոնք ինչքան ալ հեռանան մեզմէ, սակայն մեր էութիւններու թաքուն մէկ անկիւնի մը մէջ պիտի շարունակեն ուղեկցիլ մեզի մինչեւ վերջ,-
Վար ինկաւ զգացում մը
ինծմէ էր…
գնաց ու չհասայ ես,
ուշ է, չէ՞
«Վիճակահանութեան տոմս մարդն ու աղջիկը» բանաստեղծութիւնը աչքի կ’իյնայ իր համամարդկային ազնիւ զգացումներով եւ իւրայատուկ ձեւով մը մեզ կը տեղափոխէ հօր եւ իր փոքրիկ դուստրի միջեւ եղած հզօր կապի հիմնական աշխարհը եւ բանաստեղծութիւնը կը դարձնէ շատ հաճելի եւ խորը թափանցող:
«Չծուխս» կամ «Ափոքալիփս» բանաստեղծութիւնը կարծէք այս հատորի սիրտը եւ ամփոփող զարկերակը ըլլայ, ուր հեղինակի արտայայտութեամբ «ճեղքեր են, որոնք բացուած են քաղաքակրթութեան պատերու վրայ»:
Այս «ճեղք»երը բախման, շփման եւ հակասութիւններու արդիւնք են: Երբ հայ մարդը, կամ ընդհանրապէս մարդը կը շփուի տարբեր քաղաքակրթութիւններու հետ, անպայման որ այդ շփման արդիւնքէն նորը կը ձեւաւորուի իր դրական եւ բացասական հետեւանքներով, որ մեզ կը մղէ նոր փնտռտուքի, նոր հորիզոններու եւ նոր երազներու: Սակայն իմ կարծիքով տակաւին շատ հեռու ենք «Ափոքալիփս»էն:
Հատորի վերջին կտորը «Բանաստեղծութիւն» (գրութիւն-Ապրուստ), արձակ ձեւով սակայն բանաստեղծական շունչով գրուած գործ մըն է, որու ընդմէջէն բանաստեղծը կը հաստատէ բանաստեղծութեան եւ բանաստեղծականութեան յաւերժի բանաձեւը: Կը փորձէ հասկնալ բանաստեղծութեան «անպարտելիութեան» գաղտնիքը:
Խօսելով հատորի ձեւի մասին, բանաստեղծը իր միտքերն ու զգացումները արտայայտելու ձեւերու մէջ քիչ դիմած է պատկերաստեղծման հնարքին, աւելի յենուելով հակասութիւններու վրայ, առատ օգտագործած է մեր ժամանակի բաղադրիչ մասերէն որոշ զանգուած, ոճը ազատ է, ժամանակակից, կետադրական օրէնքներէն քիչ օգտուած է եւ ամենաուրախալին եւ յոյս ներշնչողը արեւմտահայերէն մտածելակերպն ու դասական ուղղագրութիւնն է, զորս օգտագործած է Գաբոյեան այս հատորի ձեւաորման մէջ, դարձեալ փաստելով, որ արեւմտահայերէնը ինչպիսի մեծ եւ անսահման հնարաւորութիւններ կը բանայ մեր բանաստեղծական մտածելակերպի եւ հորիզոններու տարածութեան վրայ:
Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան
Հալէպ,
Յուլիս,2021