Մարկ Նշանեան
Մարկ Նշանեան (24 Օգոստոս 1946, Փարիզ), սփիւռքահայ իմաստասէր, գրականագէտ, թարգմանիչ, խմբագիր, դասախօս։ Մարկ Նշանեան ծնած է 1946-ին, Փարիզի մէջ։ Զաւակ՝ կեսարացի ընտանիքի մը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ֆրանսական դպրոցի մէջ։ Ունեցած է նաեւ հայերէնի կարող ուսուցիչներ, որոնց կարգին եղած է վանեցի Տիգրան Չիթունիի կինը։ Մանկութեան եղած է Փարիզի մտաւորական շրջանակներուն մէջ։ Հօրաքրոջ ամուսնոյն՝ պարտիզակցի մտաւորական Յակոբ Տէր Յակոբեանի տան մէջ առիթ ունեցած է ճանչնալու Ահարոնը, ինչպէս…