Գրագիտուհի Անայիսի «Յուշերս» Գիրքը
Պոլսահայ գրագիտուհի Անայիս, բուն անունով` Եփրիմէ Չօպանեան Աւետիսեան, իր յուշերուն մասին համեստօրէն կ’ըսէ. “Բայց ի՞նչ է տերեւ մը անտառին բոլոր տերեւներուն մէջ”: Ան իր կեանքի պատմութիւնը գրած է “Յուշերս” խորագրեալ գիրքին մէջ, որ հրատարակուած է Փարիզ, 1949-ին, 350 էջ:
Անայիս ծնած է Պոլսոյ Պեշիկթաշ արուարձանը 1872-ին: Ան զաւակն է Յակոբ Չօպանեանի: Չօպանեան ընտանիքը Ակնէն գաղթած է Պոլիս, որուն հանրածանօթ անդամը Արշակ Չօպանեանն է: Անայիսի մայրը Պոլսոյ “ոսկերիչներու շուկան դղրդացնող Կիւմիւշճի Գասպարին դուստրն է:
Անայիսի մանկութեան գուրգուրանք տուող եւ անոր ազգային դաստիարակութեան մէջ մեծ դեր խաղացողը եղած է հօրեղբայրը` Միհրան Չօպանեան: Տան կրտսերագոյնը ըլլալով սակայն, Անայիս չէ վայելած իր մօրմէն յատուկ կրտսերի գուգուրանքը, թէեւ անոր մայրը եղած է “հիանալի կորովով օժտուած, դրական եւ մտացի” կին մը, որ կանուխէն գիտցած է առողջապահութեան եւ դրամի արժէքը (էջ 17):
Անայիս իր հօրեղբօր հոգածութեամբ ու դաստիարակութեամբ կը մեծնայ: “Երբ 8 տարեկան եղայ, արդէն հօրեղբայրս ինձ սորվեցուցած էր առածներ, ոտանաւորներ… բառեր կ’ընդօրինակէի, նոյնիսկ նախադասութիւններ կը կազմէի, յաւակնութիւնս մեծ էր, կ’ուզէի ոտանաւորներ գրել տետրակիս մէջ”, կ’ըսէ ան:
Անայիսենց այցելութեան կու գային մտաւորականներ, գրագէտներ, երաժիշտներ ու դերասաններ: Անոր քոյրը ամուսնացած էր Գաբրիէլ Նորատունկեանի հետ, որ այն ատեն փոխ նախարար էր, եւ հետագային` երիտթրքական յեղափոխութենէն ետք Արտաքին Գործոց նախարար նշանակուեցաւ: Անոնց կ’այցելէր մտաւորական Յովհաննէս Զմրուխտ, զարգացած եւ թունդ ազգասէր երիտասարդ մը: Պարմանուհի Անայիս նստած մտիկ կ’ընէր անոր, որ գեղեցիկ տողեր կ’արտասանէր Գամառ Գաթիպայէն, Նալպանտեանէն եւ Պետրոս Դուրեանէն:
Հազուագիւտ քարոզիչ մը, բարձրաստիճան կղերական, մտքով ու տաղանդով բարձր, Խորէն Նարպէյ Արքեպիսկոպոս նաեւ կ’այցելէր Անայիսենց տունը: “Իր քարոզները բանաստեղծութիւններ էին, խնամուած եւ ճոխ”, կ՛ըսէ Անայիս: Ընդհանրապէս անոր կ’ընկերանար Առաքել պէյ Տատեան, Արտաքին Գործերու նախարարութեան խորհրդականը եւ Արթին փաշա Տատեանի երէց եղբայրը: Սրբազանը եւ Առաքել պէյ Անայիսի մօրը խորհուրդ կու տան զայն դպրոց դնելու, երբ մայրը դէմ էր իգական սեռի դպրոց յաճախելուն: Երկար վիճաբանութենէ ետք մայրը կը համոզուի եւ Անայիսը իրենց տան դիմաց գտնուող Տիկին Ֆիւռէի մասնաւոր վարժարանը դնելու որոշում կու տայ: Հայերէնի ուսուցման համար անոնք կ’առաջարկեն Թովմաս Թերզեանը, որ կը սկսի ամէն օր Անայիսենց տունը գալ ու անոր հայերէն դասաւանդել:
Թերզեան Անայիսի կը ծանօթացնէր հայոց մեծ մատենագիրները, Նարեկացին, Շնորհալին, Եղիշէն եւայլն: Օտար գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան մասին կը խօսէր ընդհանրապէս, մասնաւորաբար Տանդէի:
Անայիսի դրացուհիներէն շատ գեղեցիկ մանկամարդ կնոջ մը մահուան առթիւ, ան ոտանաւոր մը կը գրէ եւ ցոյց կու տայ Թերզեանին: Վերջինս կը կարդայ ու առանց բառ մը արտասանելու զայն հրատարակել կու տայ “Մասիս” ի մէջ, որուն գլխաւոր խմբագիրն էր Գրիգոր Զօհրապ: Այս պատճառ կը դառնայ որ Անայիս ներկայանայ ու ծանօթանայ քանի մը աչքառու անձնաւորութիւններու, որոնցմէ են Սրբուհի Տիւսափ, Խրիմեան Հայրիկ, Մինաս Չերազ, Տօքթ․ Թիրեաքեան, որ մասնաւորաբար կը շահագրգռուի Անայիսի գրութիւններով:
Նարպէյ սրբազանի խորհուրդով Անայիսի քոյրը Տիգրան Չուհաճեանէն դաշնակի դասեր կ’առնէ տան մէջ: Եղիա Տեմիրճիպաշեան, Անայիսի տան “պահ մը դրացի”, իրեն տոմսի մը վրայ կը գրէ հետեւեալը. “Անունըդ Եւփիմէ, մայէ/ Իսկ նայուածքդ, հմայէ…” որուն մասին Անայիս հետեւեալը կը գրէ. “Հմայե~լ… ու մանաւանդ Եղիան, անժպիտ, յուսավրէպ, մահուան խօսակից փիլիսոփան, որ կը հակէր դէպի այգը դեռափթիթ կեանքիս”:
Անայիսի հօրեղբայրը` Միհրան Չօպանեան Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենադպիրն էր եւ այդ պատճառով անոնց տունը կ’այցելէին ազգային երեսփոխաններ ու մտաւորականներ, որոնց խօսակցութեան նիւթերը կը հետաքրքրէին ու կը յուզէին զինք:
Կ’անցնին տարիներ եւ Անայիս հայ առեւտրականի մը հետ կ’ամուսնանայ ու զաւակներ կ’ունենայ: Ուրախութիւնը երկար չի տեւեր: Պոլսոյ հայոց կեանքը կը պղտորի, որովհետեւ Ապտիւլ Համիտ շատ կը ճնշէր ժողովուրդը եւ մանաւանդ հայերը: Հայ առեւտրականներուն գործը կը տուժէր: Անայիս ընտանեօք Վիեննա կը մեկնի: Կարճ ժամանակ մը հոն մնալէ ետք Զուիցերիա կ’անցնին: Հոն Անայիս իր գրական եւ ընկերային սեղմ շրջանակը կը ստեղծէ: Կը սկսի ֆրանսերէն լեզուով գրել թերթերու մէջ: Շատ կը բաղձայ հայերէն գրել եւ այդ պատճառով հայերէն ոտանաւորներ ինքնիրեն բարձրաձայն կ’արտասանէ: Անայիս Աղջկանց Բարձրագոյն Լիսէի դասընթացքներուն հետեւելու արտօնութիւն կը ստանայ: Այդ արտօնութիւնը նախընթաց չունէր, սակայն անոր գրագիտուհի ըլլալը նկատի առնուած էր ու ան բացառութիւն կը կազմէր:
Քանի մը տարիներ ետք Անայիսի ամուսինին գործերը կը պարտադրեն որ անոնք Պոլիս վերադառնան: Հոն գրագիտուհին կը վերագտնէ իր նախկին հաճելի շրջանակը: Անոնք երբեմն ընտանեօք կղզի կ’երթան օդափոխութեան: Անայիս հազուագիւտօրէն առանձին կ’երթար, այդպիսի պարագայի մը ան վատ լուրեր կը ստանայ Պոլիսէն եւ շուտով կը վերադառնայ: Յաջորդ օրը Օսմանեան Սահմանադրութիւնը կը վերահռչակուի:
Յեղափոխութեան յաջորդող օրերուն Անայիս շատ գործունեայ աշխատանք կը տանի կիներու խումբով: Քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակուած էին եւ աքսորուածները վերադարձած: Անոնք խեղճ վիճակի մէջ էին եւ նիւթական ու բարոյական օգնութեան պէտք ունէին: Հայ եւ թուրք կիներու խառն յանձնախումբ մը կազմուած էր անոնց օգնելու նպատակով: Այս յանձնախումբը հանդէսներ եւ թատերախաղեր կը պատրաստէ, որոնց եկամուտը կը յատկացուի այդ կարիքաւորներուն:
Համբարձման տօնին Պոլսոյ հայերէն շատեր Եէտի-Գուլէի կիսաբլուրին վրայ գտնուող հայկական վանքը կ՛երթան ուխտագնացութեան: Անայիս քանի մը բարեկամներով եւ ընտանեկան պարագաներով հոն կ’այցելէ: Վանքը ունէր հիւանդանոց, յիմարանոց եւ յարակից սենեակներ ու մարգագետին: Անայիս հիւանդանոցին մէջ տեսակցութիւն կ’ունենայ կիսաանդամալոյծ Տիկին Յ. Ալփիարին հետ, որ Կիւսթաւ Ֆլօպեռի “Մատամ Պովառին” հայերէնի թարգմանած էր:
Սրահի մը մէջ Անայիս կը տեսնէ Կոմիտաս վարդապետը, որ այցելութեան եկած էր հիւանդներուն: Ան դաշնակին առջեւ անցնելով կը սկսի նուագել եւ երգել “Կռունկ”ը, որուն մասին հեղինակը կ’ըսէ. “Կոմիտաս վարդապետ յոյժ ժողովրդական դէմք մը դարձաւ կարճ ատենուան մէջ”: Վարդապետը քանի մը օր ետք Բերայի թատրոնին մէջ համերգ մը կուտայ: Անոր մասնակից երգիչներուն եւ նուագողներուն անձնակազմին թիւը հարիւրը կ’անցնի: Անայիս այդ մասին կը գրէ «Բիւզանդիոն»ի մէջ, այդպիսով Պոլսոյ մէջ առաջինը ըլլալով Կոմիտասի մասին գրող։ Անայիս կ’ըսէ թէ Կոմիտասի անսգիւտ տաղանդին եւ իր միջոցով հայ երգին վերածնունդին մասին, ես գրեցի:
Հայկական կեանքը Պոլսոյ մէջ կը սկսի թափ առնել, որուն իբր հետեւանք հայեր ֆրանսերէն կամ թրքերէն խօսելէ կը խուսափին եւ կը ջանան մաքուր հայերէն խօսիլ: Անոնք որոնք իրենց գիտցած հայերէնի մակարդակին վրայ ինքնավստահ չեն, գաղտնաբար մասնաւոր դասերու կը հետեւին, որովհետեւ ամօթ նկատուած է մաքուր հայերէն չգիտնալը եւ չխօսիլը: Զարգացած երիտասարդներ եւ կիներ Անայիսի տունը կու գան հայերէն դասընթացքներու հետեւելու:
Հայկական հանդէսներն ու շաբաթաթերթերը հետզհետէ կը բարգաւաճին: Անոնցմէ “Բիւզանդիոն”ը եւ “Ազատամարտ”ը առաջին տեղերը կը գրաւեն: Մ. Շամտանճեան եւ Տ. Չէօկիւրեան “Ոստան” եռամսեան կը սկսին հրատարակել: 1911-ին կը սկսի լոյս տեսնել Մերուժան Պարսամեանի “Շանթ” հանդէսը: Անայիս Տիկին Քալէմքարեանի հետ յաճախ “Շանթ”ի խմբագրատունը կա’յցելէ, ուր կը ծանօթանայ “Ազատամարտ”ի խմբագիր գրող Ռուբէն Զարդարեանին, գրող Զապէլ Եսայեանին եւ յեղափոխական գործիչ Սիմոն Զաւարեանին:
Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահռչակումէն ետք բազմաթիւ հայ մտաւորականներ Պոլիս վերդարձած ըլլալով, յաճախ տեսակցած են Անայիսի հետ, որ կ’ըսէ. “Իմ մտաւոր խնջոյքներէս մէկն ալ այն օրերն էին որ ինձ այցելել կու գային վաղուց արդէն բարեկամ մտաւորականներ, որոնք վերադարձած էին Պոլիս: Վահան Թէքէեանը, մանկութեան ընկեր զարմիկիս` Սիրաքեանին հետ, որ ինքն ալ Գերմանիայէն վերադարձած էր, անոր ընկերակցութեամբ կու գար մեզի հետ անցընել մտերիմ, անմոռանալի պահեր: Շատ սրամիտ, շատ աշխարհիկ էր, մտքով, հոգիով, գրիչով մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը: Գրեթէ միակն էր որ, թէեւ գերազանցօրէն զարգացած, անսգիւտ տաղանդով օժտուած, տակաւին երիտասարդ, ազգին մէջ շոյուած իբրեւ հազուադէպ մտաւորական, սակայն բնաւ յոխորտացող չէր: Իր գրագէտի համբաւը չէր ճնշեր վրադ, երբ իրեն հետ ըլլայիր. պարզ էր ան, ազնուական պարզութեամբ մը: Թունդ ազգասէր ըլլալով, հայ լեզուն, գրաբարը պաշտելով հանդերձ, ջերմ հիացող մըն էր ֆրանսական գրականութեան”: Իւրայատուկ գնահատանք մը երիտասարդ Թէքէեանի արժանիքներուն մասին ժամանակակիցէ մը։
Անայիս իր յուշերուն այս բաժնին ընդմէջէն, իր կեանքի պատմութեան առընթեր կը փոխանցէ նաեւ Մեծ Եղեռնէն առաջ Պոլսոյ հայկական մշակութային, գրական, գեղարուեստական եւ մտաւորական կեանքը, որ իր գործին վաւերագրական իսկական արժէքն է:
Յարութիւն Իսկահատեան
Պէյրութ
Պէյրութ
«Պայքար Շաբաթաթերթ»