Գրախօսական ․- Մուշեղ Իշխանին «Մնաս Բարով Մանկութիւն»
Անցեալ շաբաթ աւարտեցի Մուշեղ Իշխանին «Մնաս Բարով Մանկութիւն» յուշագրական վէպը։ Իշխանին մանկութենէն եւ պատանեկութենէն այս յուշագրութիւնները ընթերցողը կը մխրճէ յոյժ յուզումնալից ճանապարհորդութեան մը վրայ։ Գրողը կը նկարագրէ իր թշուառ ու դժբախտ մանկութեան տարիները, ցեղասպանութեան տեղահանութիւնները եւ գաղթականութեան ճանապարհին վրայ սահմռկեցուցիչ երեւոյթները որոնց վկան ու ականատեսը եղաւ ան։ Գիրքին բաժանումները երկար չեն, սակայն ընթերցողը կը ստիպուի յաճախ գիրքը իր գիրկին մէջ վար առնելու, եւ վայրկեան մը ինքզինք հաւաքելու, որովհետեւ դէպքերու յաջորդականութիւնը այնքա՜ն ցնցիչ ու ահռելի են որ անկարելի է ընթերցողը չազդուի։ Երբ ընթերցող մը այսպիսի հակազդեցութիւններ դրսեւորէ կարդացած ժամանակ, արդէն ինքնին ապացոյց մըն է գրողին հմտութեան։
Իշխան դիպուկ կերպով կը կատարէ իր նկարագրութիւնները այն մղձաւանջային երեւոյթներուն մասին որ ընթերցողին կարծես իր տեղը կը փոխարինէ այն եղերական դէպքերուն ժամանակ, ու կը զգացնէ զրկուածութեան դառնութիւնը եւ ցեղասպանութեան կսկիծը։ Ընթերցողը նաեւ մերթ կը զարմանայ թէ ինչպէս Իշխան այնքան վճիտ կերպով կը վերյիշէ այն բոլոր զգայացունց պահերը իր անչափահաս տարիներէն, եւ թէ ինչքա՜ն խոր զգացականութեամբ կարողացած է զանոնք վերապրեցնել իր այս գրական ստեղծագործութեան մէջ։
Կարծես հեղինակը հեգնութեամբ կը վերյիշէ իր հօրեղբօր կատարած փորձերը անոր հայերէնի այբուբէնը սորվեցնելու, ուր բազում վարժութիւններէ ետք, յոյս չէ ունեցած որ պատանի Մուշեղը գրագէտ պիտի դառնար։ Այլ տեղեր, Իշխան մեզի կը կարթէ իր տղայական արկածախնդրութիւններով։ Տան մինակ տղամարդը ըլլալով, Իշխան կը նետուի փողոցները ուր կը փորձէ իր բախտը վաճառականութեան եւ կօշկակարութեան մէջ, սակայն ոչ եռանդ կամ ձեռնհասութիւն կը ցուցաբերէ այս ոլորտներու մէջ։
Իշխան չի խնայէր ընթերցողը նաեւ այն ցաւալի իրողութենէն, թէ հայերուն մէջ պարակտուածութիւն նիւթացած էր ցեղասպանութեան ժամանակ՝ յատկապէս քաղքենի եւ գաւառացի Հայերու միջեւ։ Գաղթականութեան ճանապարհին, որոշ ժամանակամիջոցի մը համար Իշխան կը հասնի Պոլիս, ուր կ՚աշակերտէ ազգային վարժարանի մը մէջ։ Հոն, Կոստանդնուպոլսոյ բնակ Հայերը ստոր աչքով նայած են իրենց Հայրենակիցներուն վրայ որոնք ամենէն դժնդակ պայմաններէն հասան Պոսֆորի ափին, եւ նոյնիսկ արգելք հանդիսացած ուսումնատենչ որբ զաւակներու։
Իշխանը ի վերջոյ մեզի կը տեղափոխէ Դամասկոս, ուր ան բախտը ունեցած է աւարտել ազգային նախակրթարանը։ Լեցուն զոհողութիւններով ձեռք բերուած այս վկայականը Իշխանին համար դռներ կը բանայ։ Պատանի հասակին արդէն ճանչցուած էր որպէս հմուտ ասմունքող։ Երբ Նիկոլ Աղբալեանը կ՚այցելէ Դամասկոս, առիթը կը շնորհուի Իշխանին, որ արդէն պատանեկան միութեան անդամ էր ու նաեւ ակումբին գրադարանին պատասխանատուն, որպէսզի ասմունքէ ազգային գործիչին ներկայութեամբ։ Իշխանին կօշկակար վարպետը՝ անդրադառնալով իր աշակերտին մտաւորական կարողութիններուն, կը խրախուսէ որ գիրք կարդայ եւ խորանայ ընթերցանութեան մէջ։ Գիրքը մեզի կը հասցնէ մինչեւ Իշխանին Մելքոնեան Վարժարանի ընդունուիլը, ուր պիտի աշակերտէր Յակոբ Օշականին։
Գիրքը կը ճառագայթէ ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիի մը վառ տեսլականները դէպի աւելի փայլուն ու լուսաւոր ապագայ։ Ուսման պապակը կը մնայ Իշխանին համար գերագոյն ձգտում, եւ ի վերջոյ ճանապարհները կը բացուին որպէսզի ան իրականացնէ իր ճակատագիրը։ Իշխանին այս գործը, որ լեցուն է յուզումնական վերիվայրումներով, կեանքի զանազան ապրումներով՝ կը փոխանցէ իւրայատուկ կեանքի դասեր ու բարոյականութիւն։ Բառերուն մէջ քաղցրութիւն եւ մխիթարութիւն մը կայ որ կը համակէ ընթերցողին ողջ ներաշխարհը։
Հասկնալու համար թէ ի՞նչպիսի տպաւորութիւն թողուցած են Իշխանին ուսուցիչները, որոնք դեր ունեցան պատրաստելու 20-րդ դարու ճողոպրած սերունդին ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկը, յանձնարարելի է որ ընթերցողը նաեւ կարդայ հեղինակին «Իմ Ուսուցիչներս» գործը։
Այս գանձը որ Իշխան մեզի կտակած է, անբաժին մասնիկ մըն է մեր հաւաքական պատմութենէն։ Այն վաւերագրութիւն մըն է մեր գոյատեւման մաքարումին եւ միանգամայն ազգովին յարութեան։ Սոյն գործը թարգմանութեան խիստ կարիքը ունի, որովհետեւ անոր էջերը կը պարունակեն մեր պայքարը, մեր ազգային արժէքներն ու ժողովուրդին հասարակաց բարոյականութիւնը։ Մէկ խօսքով, հայութիւնը ներկայացնող այս գործը, ներշնչման աղբիւր պիտի չհանդիսանայ միայն հայ գալիք սերունդներու, այլ նաեւ օտարներուն որոնք կը փափաքին հասկնալ թէ ով ենք մենք, հայերս։
Տարօն Պարոյր Հալլաճեան
Թորոնթօ, Գանատա
https://hairenikweekly.com/2021/09/15/48331