Դիմառնութիւն. Հայկական Գրականութեան Մարդկային Երեսը
Դուք տեսա՞ծ էք մայրացած քաղաք կամ վշտահար գետ: Հաւանաբար, այդ երեւոյթը չէ պատահած ձեզի, բայց հայ գրողներ տեսած են այդ պատկերները եւ գրական գործի վերածած: Դիմառնութիւն կամ մարդկայնացում կոչուած արուեստն է անիկա, որ լեզու եւ ականջ կու տայ անշունչին: Հայկական գրականութիւնը հարուստ է դիմառնութեան քնքոյշ նմոյշներով: Այսօր կը փափաքիմ ձեզի ներկայացնել գրական այն երկերը, որոնց մէջ անշունչ առարկան, ինչպէս քաղաք մը, գետ մը կամ լուսինը՝ գեղադէմ, կը խօսի, կը լսէ, կը դատէ եւ քնարական ոճով կը պատմէ իր պատմութիւնը:
Բնութեան տարրերը անձնաւորելու արուեստը նոր չէ: Մարդը հաւատացած է, որ բնութիւնը ունի շունչ. ամէն ծառ, ամէն ծով, ամէն ծաղիկ ունի ոգի: Անոնք նոյնիսկ կ՛ունենան ծննդաբերութեան ցաւ, ինչպէս երկիրն ու երկինքը ունեցան, երբ պիտի ծնէր Վահագնը. «Երկնէր երկին, երկնէր երկիր, երկնէր եւ ծովն ծիրանի», Մովսէս Խորենացի:
Այժմ մեզի կը ներկայանան հայկական միջնադարեան գրականութեան տաղասացները՝ իրենց ընտիր պատկերացումներով.
1300 թուականն է: Երզնկա քաղաքին եւ անոր շրջակայ լեռներուն մէջ կը դեգերի տաղերգու, բնութեան եւ սիրոյ առաջին երգիչը՝ Կոստանդին Երզնկացի: Տաղասացը «Օրհնեալ է հայրն անսկիզբն» տաղին մէջ մեզի բացատրեց, թէ արեւը ի՛նչ կերպարանք ստացաւ այն պահուն, երբ Քրիստոս մահացաւ.
«Արեգակն քօղ արկեալ՝
Խաւարանայր միջօրէին
Եւ ծածկեալ լոյսն լուսնին՝
Լարիւն դառնայր յայնմ ժամին»:
Արեւը, ինչպէս վշտահար կին կամ մայր, սեւերով ծածկուեցաւ, խաւարեցա՛ւ: Երզնկացի գրեց նաեւ պայծառ պատկեր մը: Օր մը, երիտասարդ գեղեցկուհի մը յայտնուեցաւ, արեգակնափայլ տեսք ունէր ան? տպաւորեց Երզնկացի եւ ցնծութիւն պարգեւեց անոր: Կինը, այս տաղին մէջ, դարձաւ՝ պայծառ արեւ. «Ասեն՝ արեւ ծագեցաւ ի մէջ գիշերիս, / Երբ փայլես յանկարծակի յերկրին երես»:
1600ական թուականներուն, Կարին գաւառի Սալաձոր գիւղին մէջ կը ծնի Դաւիթ Սալաձորցի տաղասացը: Կարնոյ դաշտը, յատկապէս գարնան եղանակին, զմայլելի՛ է: Բնութիւնը զարդարուած կ՛ըլլայ տեսակ-տեսակ ծաղիկներով: Բանաստեղծը չի կրնար անտարբեր մնալ այդ գեղեցկութեան դիմաց: Հմայքի այդ տպաւորութեամբ, Սալաձորցի կը գրէ «Գովասանք Ծաղկանց» յայտնի տաղը ու կը նկարագրէ բնութեան զարթօնքը: Բանաստեղծութեան մէջ Սալաձորցին կը գովաբանէ իր լեռնաշխարհի 100ի չափ ծաղիկը: Տաղին մէջ իւրաքանչիւր ծաղիկ կը ներկայացնէ իր իւրայատուկ նկարագիրը, իր քնքշութիւնը: Այդ ծաղիկներէն մէկն է ծափծիլը: Դաշտային սպիտակ ծաղիկ է ծափծիլը, որ ունի դեղին գլխիկ: Տաղին մէջ անիկա սիրունազարդ, գրաւիչ կին է. «Ծափծիլն սպիտակ է հագել, դեղին քաշել վերայ գլխուն»:
Հայ տաղասացները բնական երեւոյթներուն տուին նաեւ ունկնդրելու ունակութիւնը: Ծառը, ծաղիկը, սոխակը բանաստեղծին հեզ եւ սրտամօտիկ զրուցակիցները եղան: Այդ տաղերը յուզիչ են, քնարական, քանզի տաղասացը, որ լեցուեր է յուզմունքով, իր սէրը, ցաւը, յոյսը եւ կարօտը կը պատմէ իր ստեղծած կերպարին: Այս տեսակ բանատողերու առաջիններէն է Մովսէս Խորենացիի «Ողբ»ը, ուր խօսքը ուղղուած է հայրենիքին. «Ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ»: 1300ին Ֆրիկը դիմեց իր սրտին. «Իմ սի՛րտ, վատին մի լսեր, ու չարին տեղ իսկի մի տալ»: Ֆրիկը ունէր պարզ լեզու, աշխարհիկ բարբառ: Ան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ իր լեզուն պարզ էր. «Ֆրիկը հանցեղ պարզ է խօսել, որ ամենայն մարդ իմանայ»: Իսկ օր մը Ֆրիկի հոգին հանդիմանեց իր անհնազանդ եւ մեղաւոր մարմնոյն. «Հոգիս ի մարմինս ասաց. Ա՛յ տխմար, ողորմ ու լալի»:
Յովհաննէս Թլկուրանցի, «Տաղ ի վերայ մահու» տաղին մէջ, երբ իր ծերութեան օրերն էին, սարսափեցաւ մահուան տեսիլքին առջեւ. «Է՜, մահ, քանի զքեզ յիշեմ, կու դողամ ու սարսափիմ ես»:
Վանայ լիճի հարաւարեւելեան ափին վրայ, Խառակոնիս գիւղին մէջ, 1490ներուն ծնաւ Նահապետ Քուչակ: Ըստ նոյն գիւղի Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ պատին տակ պահպանուած շիրմաքարի արձանագրութեան, ան մահացաւ 1592 թուականին: Մեր առաջին աշուղ՝ Քուչակի մարմինն ու հոգին օր մը կը զրուցեն.
(Մարմինը)
«Ա՛յ հոգի, դու ո՞ւր կ՛երթաս, երբ քեզնո՛վ եմ ես կենդանի:
(Հոգին)
«Ես զքեզ խիկար կու գիտ՛ի.
Երբ տունն ի քակել առնու,
Տէրն ներսն այլ ի՞նչ բան ունի»:
Զմայլելի խոհա-իմաստասիրական երկխօսութիւն էր սա: Քուչակ յայտնի է նաեւ իր սիրային քառեակներով: Սիրավառ տղան, օր մը իր եարը հիւր կ՛ընդունի: Տղան չ՛ուզեր, որ գիշերը վերջանայ: Յաջորդ տողերուն մէջ գիշերը եւ առաւօտը մարդկայնացած՝ մէկը սէրը խրախուսող, իսկ միւսն ալ զոյգը նախանձող երկու ունկնդիրի կը վերածուին.
«Գիշեր,
դուն յերկան կեցիր,
տարեկ մի եղիր, թէ կարես,-
Իմ եարն ինձ հիւր եկեր,
զետ հազար տարու, թէ գիտես.
Առաւօ՛տ,
դու յետ կեցիր,
որ զմեր խաղն չաւիրես.
Գաս, զլոյսն ի վրայ բերես
ու զիս իմ եարէս բաժանես»:
Նաղաշ Յովնաթան «Տաղ սիրոյ» գործին մէջ իր սիրտը բացաւ սոխակին եւ վարդին. «Ուստի՞ կու գաս, քաղցր բլբուլ, քեզի բարեւ, ես քեզ եմ ղուլ»: Իսկ վարդը, այսինքն քաղցրաբոյր եւ սիրունատես եարը, պիտի ըլլար բարեխիղճ եւ պիտի զովացնէր Յովնաթանի այրած սիրտը.
«Քո կրակի մէջ ընկնող մարդն՝
Այլ մեղադիր չեղնիլ ինձի:
Այսչափ բաներս քեզ համար ա,
Այլ դու ե՞րբ կու խղճաս ինձի»:
Սոխակի եւ վարդի սիրաբանութեան գեղեցկագոյն օրինակներէն է Կոստանդին Երզնկացիի «Տաղ գարնան ազնիւ է» երկը.
(Պլպուլը)
«- Առանց քեզ ո՞նց ելնում ի հուն.
Հանց քաղեցիր զշունչս ու հոգիս՝
Այլ չի մնաց երեսս քուն»:
(Վարդը)
«- Իմ լուսատու արեւն դու,
Աստղն զոհալ եւ մուշտարի,
Շամս ու ղամար իմ թաճս դու»:
Վարդ եւ սոխակը սիրոյ խօսքեր փոխանակած են նաեւ Մկրտիչ Նաղաշի, Առաքել Բաղիշեցիի, Գրիգորիս Աղթամարցիի եւ Պետրոս Ղափանցիի գործերուն մէջ:
Սայաթ Նովան, իբրեւ սրտակից խօսեցաւ իր քամանչային հետ եւ գովաբանեց անոր բարեսէր նկարագիրը. «Շատ տխուր սիրտ կու խնդացնիս, կու կտրիս հիւնդի դողը»:
Մարտիրոս Խարասարցի ապրեցաւ 1500ականներուն: Իր անունը մեզի կարծել կու տայ, թէ ան ծնած ըլլայ Խարբերդ գաւառի Չմշկածագ գիւղաքաղաքէն 15-16 քմ. հարաւ-արեւմուտք՝ Եփրատի ձախակողմեան սարաւանդին վրայ գտնուող Խարասար գիւղը: Խարասարցի իր տաղերուն մէջ նկարագրեց ժողովրդական տօնախմբութիւնները: Կենսասէր էր ան եւ իր տաղերուն մէջ յայտնի է իր բնաւորութիւնը: Մարտիրոս Խարասարցի հայկական քնարերգութեան մէջ առաջինն է որ երգեց խնճոյքը եւ սեղանի վայելքը: Այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ Խարասարցիի «Բարեկենդանի տաղ» երգով, որպէսզի դուք տեսնէք հայկական գրականութեան երջանիկ երեսը: Այս երգը այբբենական կարգով գրուած է՝ Այբէն մինչեւ Քէ, 36 տող, եւ իւրաքանչիւր գիր այդ ցնծուն կոչունքին հրաւիրուած յարգալիր անձնաւորութիւն մըն է: Ուրախ վայելում բոլորիդ (յաջորդ յօդուածը՝ մեր գրականութեան այլ երեսները).
«Այբն ասէ. Այսօր ըմպեմք,
Բենն ասէ. Բերէք գինի,
Գիմն ասէ. Գինի անոյշ.
Խէն ասէ. Խնդամք այսօր,
Կենն ասէ. Կարաս բացէք,
Հօն ասէ. Հարբեցուցէք.
Փիւրն ասէ. Փառք տամք այսօր,
Ուրախ լեր, ուրախ լեր,
Տան տանուտէրս ասպնջական,
Ուրախ լեր»:
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ