Դիւցազներգութեան Աշխարհէն Եկած Ժպտադէմ Տիտանը. Յակոբ Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – 1 –
Սովորաբար յօդուածներս կը սկսիմ հարցումով մը` «Ինչո՞ւ այս յօդուածը»: Սակայն այս անգամ, մինչեւ այս հարցումը գրի առնեմ, մելանս սկսաւ, իմ հսկողութենէս անկախ, հոսիլ: Ետ տարաւ զիս, տարիներ առաջ, իմ մանկութեան օրերս:
Յստակօրէն կը յիշեմ, տարիներ առաջ, երբ Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին մէջ ինծի յանձնուեցաւ հայերէնի դասագիրքս: Չեմ յիշեր, թէ ո՛ր տարին էր, բայց վստահ եմ, որ նախակրթարանի տարիներուս էր: Շատ գեղեցիկ էին նախակրթարանի հայերէնի բոլոր դասագիրքերուս կողքերուն վրայ պատկերուած նկարները, այն աստիճանի, որ երբեմն կը մոռնայի դասին հետեւիլ եւ ամբողջ ուշադրութիւնս կը կեդրոնացնէի այդ ուշագրաւ նկարներուն վրայ: Մինչեւ հիմա մտքիս մէջ կը ներկայանան այդ դասագիրքերէն մէկուն վրայ պատկերուած հայկական գորգերն ու հայկական աղամանը (յղի ծակ փորով կնոջ տեսքով` մայրութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ Անահիտ աստուածուհին խորհրդանշող): Օրին մէկը, այդ պատկերներէն մէկուն տակ, չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, առաջին անգամ ըլլալով կարդացի անուն մը` Յակոբ Չոլաքեան:
Տուն վերադառնալէս ետք, պարտականութիւններս ու տնայիններս պատրաստած ժամանակ, իր աշխատասեղանին նստած մօրս հարցուցի.
– Ո՞վ է Յակոբ Չոլաքեանը:
Գոհունակութիւն արտայայտող ժպիտը դէմքին` մէկ բառով պատասխանեց. «Ուսուցիչս»:
Կրնա՛ք երեւակայել, թէ փոքրիկի մը համար ի՜նչ կը նշանակէ հայերէնի իր դասագիրքը պատրաստած ըլլայ իր ծնողքին ուսուցիչը (մէկտեղուած երեք սրբութիւններ` մայրը, ուսուցիչը, հայերէնը):
Հարցուցի մօրս.
– Հայաստա՞ն է (Հայաստա՞ն կը գտնուի):
– Ո՛չ, Հալէպ, այդտեղի Ճեմարանին մէջ ինծի դասաւանդած է,- պատասխանեց:
Պէտք էր դասերս ու պարտականութիւններս շարունակէի, մայրս ալ զբաղած էր իր աշակերտներուն քննութեան թերթիկները սրբագրելով, արդէն չափս անցուցած էի, քանի որ երբ մայրս իր աշակերտներուն քննութեան թերթիկներով կը զբաղէր, խստիւ արգիլուած էր իր աշխատասեղանին մօտենալ, յոյժ գաղտնի էր անոնց պարունակութիւնը: Գրասեղանին «Պատանեկան Արձագանգը», «Կկուն», կամ «Պզտիկ-Մզտիկը» չէին, որ կողքը նստէինք ու միասին կարդայինք:
Չբաւարարուեցայ իմ ստացած կարճ եւ խնդրայարոյց պատասխանէն, որոշեցի այդ իրիկունը մեծ հօրս ու մեծ մօրս քով երթալ եւ անոնցմէ ստանալ hետաքրքրութեանս բաւարարող պատասխանը:
Չերկարեմ: Մեծ հայրս (քեսապերէն` «պէպօյիս», արեւմտահայերէնի վերածուած` պապուկս) իր հաստ ակնոցներով «Գանձասար» կը կարդար եւ կամ` «Ազդակ», չեմ յիշեր: Սովորաբար երբ դասերս աւարտելէ ետք իրենց տունը կ՛երթայի, մինչեւ Հալէպէն ու Պէյրութէն իրիկուան նոր հասած թերթերը կարդալը աւարտէր, կը թողուր, որ սկիզբը մեծ մայրիկս հետս զրուցէր: Ան ալ դասերուս, ուսուցիչներուս եւ դասընկերներուս մասին տեղեկութիւն կ՛ակնկալէր ինձմէ, ետքը իր կամ իր չորս քոյրերուն եւ Նշան քեռիին, կամ ալ հօրս ու հօրաքոյրերուս դպրոցական կեանքէն բան մը կը պատմէր ինծի` պատգամ մը փոխանցելով կամ ալ հաճելի դրուագ մը վիպելով:
Սակայն այս անգամ պապուկս առիթ չտուաւ անոր: Ողջոյնէն ետք մեծ մայրս հազիւ հարցուց, թէ դասերս ինչպէ՞ս են, ուշադրութիւն չդարձնելով իր հարցումին` ե՛ս հարցուցի.
– Մեծ մա՞մ:
– Այո՛, անուշս:
– Պարոն Յակոբ Չոլաքեանը ո՞վ է:
Պապուկս թերթը շուտով դէմքէն վար իջեցուց, ակնոցներն ալ չհանեց, շուտափոյթ պէտք էր հարցնէր.
– Յակոբ Չոլաքեանին չե՞ս ճանչնար: Չէ՜, տղաս, ասի չեղաւ: Երջանկայիշատակ Գարեգին Առաջինէն ետք ի՛նքն է Քեսապի մեծը:
– Գիտեմ, պապո՛ւկ, մօրս ուսուցիչն է:
– Չէ՛, չէ՛, օղլըմ, սոսկ խոճա մը չէ…
Այստեղ կանգ առաւ մեծ հայրս, ճիշդ բառը պէտք էր ընտրէր:
– Բազմահմուտ գիտուն մըն է, վարժապե՜տ է, վարժապե՜տ: Իր գիրքերը չե՞ս տեսած, հայրդ ամէն գիշեր կը կարդայ կա՛մ իր երեք հատորներէն մէկը, կա՛մ Ռուբէնի յուշերը: Մեր մասին (նկատի ունէր քեսապցիներս) ամէ՜ն ինչ գրած է, երգերուն, լեզուին, ուտեստներուն, հողագործութեան, վարք ու բարքին, ամէ՜ն ինչ:
– Գիտեմ, պապո՛ւկ, «Քեսապ» է գիրքերուն վերնագիրները, չէի նայած, թէ ո՛վ գրած է, ես նկարները կը դիտեմ, գութանի իրական նկար մը կայ անոնցմէ մէկուն մէջը (պրն. Չոլաքեանին պատրաստած դասագիրքերուն մէջ «Գութանը» ոտանաւորին էջին մէջ գութան մը նկարուած էր, ես ալ գիւղացի ըլլալով հանդերձ, դեռ չէի տեսած իրական գութան մը, արդէն ամէն մարդ թրաքթոր ունէր):
– Այո՛, «Քեսապ» եռահատորը, ինքը մեր գալատուրանցի՜ն է` չէ՞ որ:
Այստեղ մեծ հօրս ձայնին աստիճանը մեղմացաւ, ետ դարձաւ իրեն յատուկ կշռական (ռիթմիք) խօսելու ոճին: Իր համագիւղացիին մասին կը պատմէր, հպարտ էր: Իսկ ես չէի հաւատար, որ պրն. Չոլաքեանը ո՛չ միայն քեսապցի է, այլ նաեւ` իմ գալատուրանցի՞ն: Մինչ այդ կը կարծէի, թէ ուսուցիչներն ու պարոն Չոլաքեանին նման «վարպետ»-ները (1) կու գան «բարձրագոյն» քաղաքէ մը, Ութոպիայէն, Սուրբ Մարաթուկ լեռնէն, Աթոս լեռնէն կամ գոնէ Սասունէն:
– Հապա, տղա՛ս:
Հազուադէպ անգամներէն էր, որ մեծ հայրս այսպիսի մեծ ժպիտ մը ուրուագծեց երեսին: Ձեռքը վեր բարձրացնելով` ըսաւ.
– Մանճիկու՜նք, Գալենտէրի՜նք, Սուլլի՜նք…
Մեր` Մանճիկեաններուս թաղէն սկսած, Գալատուրան գիւղի թաղերը (ընտանիքներու անուններ կրող) թուարկելով պիտի հասնէր պրն. Չոլաքեանին տունը:
– Կամ կեցի՛ր, միր Գէլէտուրնու կղիցան չկո՞ւ (քեսապերէնէն թարգմանուած` Մեր Գալատուրանի եկեղեցին չկա՞յ), մի՞թէ ամիսը անգամ մը պատարագին հոն շապիկ չես հագուիր ու մոմ չե՞ս բռներ:
– Անշո՛ւշտ:
– Ճիշդ ատոր դիմացը, քիչ մը վար, իր հայրական տունն է, հոն ծնած ու մեծցած է:
Սխալ չհասկնաք: Գալատուրանը ինծի համար այս աշխարհիս երեսին ամէնէն սիրելի վայրերէն մէկն է, եթէ լեռներուն մէջ բազմած ծովափնեայ այս փոքրիկ գիւղը սրտիս կշիռքին դնեմ, անոր դիմացը հազիւ թէ իմ մօրս Տիգրանակերտը կամ Արցախ աշխարհը կարենան նժարը թեքել: Սակայն չէի երեւակայեր, թէ իմ այդ փոքրիկ գիւղէս կրնայ պրն. Չոլաքեանին պէս տիտան մը ծնիլ: Թէեւ ես Քեսապ աւանին կեդրոնին մէջ ծնած ու մեծցած էի, բայց Գալատուրանի մէջ էր, որ իմ վերացական ու մտացածին աշխարհս ծնած ու աճած էր: Մեր Գալատուրանի պարտէզին մէջ թէ՛ «Սասունցի Դաւիթը» կ՛ըլլայի` «Քուռկիկ Ջալալին» հեծած (իրականութեան մէջ` փտած խնձորենիի մը ճիւղը), թէ՛ ալ «Ձէնով Օհանը» (աւելի ճիշդը` «Ձէնով Վահանը»): Հոն ազատ կրնայի պոռալ, տիկին Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանին սորվեցուցած երգերը ազատօրէն երգել, միտքս յանձնել թռիչքներուն: Գալատուրանը հսկող Տիւնակ լեռնէն (որ կը գտնուի թրքական գրաւման տակ, ու ես կը կարծէի, թէ Արեւմտեան Հայաստանը այդ կէտէն կը սկսի) կը լսէի Սարերու Առիւծ (ասլան) Գէորգ Չաւուշին մռնչիւնները, Սօսէ Մայրիկին կանչը, Կոմիտասի «Հորովելը»… Գալատուրանի եկեղեցւոյ կից սենեակներուն մէջ (նախկին դպրոցը) ես տեսած էի Եղիշէն, Կորիւնը, Մ. Մաշտոցը, նոյնիսկ` Տէր Թօթիկը: Եթէ մեծ հօրս ըսածը ճիշդ ըլլար, երեւակայածէս ալ մեծ էր մեր Գալատուրան գիւղը…
Մեծ մայրս ներս եկաւ: Խոհանոց գացած էր թութի օշարակ պատրաստելու, գիտէր, որ երկար պիտի խօսէինք, մեր կոկորդները պիտի չորնային, իւղալի նիւթ մը բացուած էր: Ճիշդ ժամանակին հասաւ օշարակը, պաղ բան մը խմելու կարիքը ունէի, կարկամած էի, չէի հաւատար լսածիս:
Ոտքի վրայ խմեցի օշարակը, չէի կրցած նստիլ, արագ մը խմեցի, դուրս պիտի փախչէի, բայց պէտք էր համոզիչ պատճառ մը տայի մեծ մօրս, հազիւ եկած էի իրենց տուն:
– Ես երթամ, մաման ըսաւ` չուշանաս, վաղը դպրոց ունիս:
Ամէն օր ալ դպրոց ունէի, բայց պիտի երթայի տուն, մէկ հատ ալ աչք մը նետէի փորը ծակ կնոջ արձանին (դեռ չէի հասկցած, թէ հայկական աղաման է) եւ հայկական գորգերուն պատկերներուն վրայ, որոնք կը զարդարէին կա՛մ իմ, կա՛մ մեծ քրոջս հայերէնի դասագիրքը, ու մէկ հատ ալ կարդայի «Յակոբ Չոլաքեան»: Մեծ մայրս` չհասկնալով, թէ ինչո՛ւ այդպէս կը շտապեմ, գրկեց զիս` ըսելով.
– Վաղը դասերդ շուտ վերջացո՛ւր, կանուխ եկո՛ւր, Գարեգին վեհափառին հետ պրն. Չոլաքեանին նկարը ցոյց տամ քեզի (եթէ ճիշդ կը յիշեմ, անոր հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ատեն առնուած լուսանկար մըն էր):
* * *
Քանի մը ամիս ետք մայրս իր նոյն աշխատասեղանին վրան, այդ ժամանակուան փոքրիկին հասկացողութեամբս` «ծաւալուն գիրք» մը կը կարդար, երեւի «Գանձասար»-ի բացառիկն էր: Հայրս նոր վերադարձած էր աշխատանքէն, մայրս ըսաւ.
– Կարօ՛, այս տարի հետաքրքրական նորութիւն մը կայ, Ճեմարանի մեր ուսուցիչները երգիծանկարներով պատկերած են:
Շատ անուններ տուաւ, ոչ մէկը կը յիշեմ հիմա, բայց որոտումի մը պէս լսեցի.
– Պարոն Չոլաքեանը, Կարօ՛, նայէ՛:
Հայրս չհասցուց ձեռքը երկարել այդ «գիրք»-ը վերցնելու, նետուեցայ տեղէս ու զայն խլեցի մօրս ձեռքէն: Հայրս նեղացաւ արարքէս, հազար բառ ու նկատողութիւն արտայայտող սուր նայուածքներ ուղղեց ինծի, իրավիճակը փրկելու համար ըսի.
– Չոլաքեանին նկարը կ՛ուզեմ տեսնել:
– Լա՜ւ, նայէ՛:
Աւելի բան չունէր հայրս ըսելու, արարքիս դրդապատճառը արդար էր:
– Ինչո՞ւ այսպէս են, մա՛մ, տարօրինակ տեսք ունին ձեր ուսուցիչները: Իմ ուսուցիչներս այսպէս չեն:
– Երգիծանկարներ են, տղա՛ս,- ըսաւ հայրս, – Սարուխանին մասին պատմած էի քեզի:
Ծնողներուս բոլոր դասատուներուն նկարները մէկ առ մէկ նայեցայ, բայց աչքս իմ համագիւղացի` պարոն Չոլաքեանին նկարին վրայ կեդրոնացած էր, մանաւանդ` իր մեծ ժպիտին…
ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Ազդակ»
Շարունակելի
1.- Այստեղ «Վարպետ» տիտղոսը փոխ առի մեծն Աւետիք Իսահակեանէն, զայն «Վարպետ» կը կոչէին Հայաստանի մէջ: