1906-ի նոյեմբերին Զապէլ Եսայեան կը ձեռնարկէ Փարիզ-Գահիրէ երկար ու արկածալից ճամբորդութեան մը, պայուսակին մէջ՝ անտիպ վէպի մը ձեռագիրը։ Պիտի հանդիպի դեռ նոր կազմուող Բարեգործական Միութեան անդամներուն, մանաւանդ Պօղոս Նուպար փաշային, գրական թերթի մը հրատարակութեան համար։ Այդ ծրագիրը չ’իրականանար։ 1907-ի փետրուարին Եսայեան կը վերադառնայ Փարիզ, սակայն ոչ ձեռնունայն։ Ամուսնին՝ Տիգրան Եսայեանին ուղղուած նամակով կը հաղորդէ լուրը կարգադրած ըլլալու նիւթական անձուկ վիճակը. «Իսկ ահաւասիկ թէ ինչպէս կարգադրեցի։ Վէպս առանձին իբր հատոր պիտի հրատարակուի, զայն ծախեցի…Վարչութեան գումարի մը փոխարէն, որուն մէկ մասը առ հաշիւ ստացայ…» (Զ.Եսայեանի Նամականի, Երեւան 1977, էջ 36)։ Նշուած վէպը Շնորհքով մարդիկն է, որ լոյս կը տեսնէ ո՛չ թէ Գահիրէ, այլ Պոլիս, առանց որեւէ ակնարկութեան կամ նշումի ինչ կը վերաբերի նիւթական օժանդակութեան։
Եգիպտոս այս ճամբորդութիւնը եթէ ոչ վճռական, առնուազն կարեւոր իրադարձութիւն մըն է։ Գահիրէ Եսայեան առիթն ունի անշուշտ եգիպտական հնութիւնները տեսնելու, որուն մէկ ուղղակի արձագանգն է «Պարապ գերեզմանները» տպաւորապաշտ էջը լոյս տեսած «Արեւելեան մամուլին» եռամսեային մէջ 1908-ին։ Ունի նաեւ շփումներ Գահիրէ ապաստանած գրողներու հետ, խմբուած «Շիրակ» հանդէսի եւ «Լուսաբեր» թերթի շուրջ. Ա. Արփիարեան, Վահան Թէքէեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Սուրէն Պարթեւեան, եւայլն։ Եսայեան կ’ակնարկէ ուրիշ հանդիպումներու, առանց մանրամասնելու։ Կը նշէ պարզապէս որ գաղութին մէջ «կողմերը» զիրար չեն հանդուրժեր…Կողմե՞րը։ Հնչակեանները, Վերակազմեալները, թերեւս նաեւ Դաշնակցականները։ Փաստօրէն զանց կ’առնէ յիշատակելու «յեղափոխականներու» ճակատը, որ 1906-1907 թուականներուն կը գտնուի «Ազատ բեմ» եռօրեայ թերթին շուրջ։ Թերթին խմբագիրն է Լեւոն Լարենց (Լեւոն Քիրիշճեան, 1875-1915)։ Ծանօթ իբրեւ քաղաքական վերլուծող ու գրական քննադատ՝ Լարենց հրատարակած է նաեւ քերթուածներ՝ ամփոփուած Դրախտի երգեր հատորին մէջ (Թիֆլիս, 1908)։
Արդ Գահիրէ ժամանումի օրերուն արդէն «Ազատ բեմ»ին մէջ լոյս սկսած է տեսնել Եսայեանի միւս վէպը, այն որ ընթերցողը կը գտնէ այս հատորին մէջ. Հլուները եւ ըմբոստները (Վէպ պոլսական կեանքէ)։ Որպէս թերթօն գրութիւնը կը հրատարակուի 24 մասերով 18 յուլիսէն մինչեւ 24 նոյեմբեր 1906, որոշ ընդմիջումներով։ Եւ կը մնայ ի վերջոյ ընդմիշտ շարունակելի։ Կարեւոր է գիտնալ որ վէպը կը կրէ «Շահան» ստորագրութիւնը։ Նոյն այդ ծածկանունով թերթի 1907-ի յունուարի 9-ի թիւին մէջ է, առաջին էջով կ’երեւի Եսայեանի «Կարաւանը» գրութիւնը, որ կը վերաբերի գաւառներէն փախած հայ գաղթականներու խումբի մը։ Այս գրութեան հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ ուրիշ գրողէ թերթօնի մը հրապարակումը յստակ ազդանշան են Եսայեանի վէպին առկախումին։
Թերթին մէջ որեւէ արձագանգ չենք գտներ Եսայեանի այցելութեան մասին, ինչ որ չէ պարագան Ա. Արփիարեանի «Լուսաբեր»ին, որ լսարան մը կը ծանուցանէ «Մեծանուն պոլսահայ գրագիտուհիին հետ» (թիւ 316, 10 յունուար 1907)։ Ասկէ դժգոհ է Եսայեան, մանաւանդ որ նիւթ առաջարկուած է «Հայկ. խնդիրը եւ խաղաղութիւն» թեման։ Կը մտածէ որ «causerie-ն նիւթը խեղաթիւրուած է եւ կրնար ինծի վնաս պատճառել, եթէ բողոքած չըլլայի անմիջապէս»։ (Նամականի, էջ 39)։ Յայտնօրէն իր ամուսնին ուղղուած նամակներուն մէջ —առնուազն անոնք որ հասած են մեզի—, «Ազատ բեմ»ի լռութիւնը եւ լսարանի միջադէպը կը թելադրեն մէկ բան. քաղաքական պատճառներով Եսայեան կը նախընտրէ չանդրադառնալ «Ազատ բեմ»ին ու Լ. Լարենցին, որ յարած է յեղափոխութեան ու հայկական խնդրին շուրջ բազմաթիւ յօդուածներ կը հրատարակէ։ Կասկած չկայ սակայն որ Եսայեան հանդիպած է «Ազատ բեմ»ի խմբագիրին, անոր յանձնած «Կարաւանը», հաւանաբար յայտնած Հլուները եւ ըմբոստները չշարունակելու ցանկութիւնը։ Այս մասին՝ աւելի անդին։ Ամեն պարագայի՝ վէպի վերջին հատուածներուն հրապարակումը 1906-ի նոյեմբեր ամսուն կը համապատասխանէ Եսայեանի Գահիրէի կեցութեան առաջին շաբաթներուն։ Այդ հատուածները զարմանալի կերպով կը կրեն լատին II թուանշանը, մինչդեռ նախորդ երեք գլուխները կը տրուէին հայկական այբուբենի տառերով։
Հազիւ տարի մը ետք՝ Լ. Լարենց գրախօսական մը կը ստորագրէ Շնորհքով մարդիկը վէպի մասին, Գ. Լեւոնեանի «Գեղարուեստ»ին մէջ (Թիֆլիս 1908, թիւ 2)։ Այստեղ, առաջին անգամ ըլլալով քննադատը կը բանայ ծածկանունի գաղտնիքը. «Շնորհքով Մարդիկը Զապէլ Եսայեանի վերջին հրատարակութիւնն է. աւելի առաջ, անիկա տուաւ մէկ քանի երկարաշունչ գործեր ալ, ինչպէս Սպասման Սրահին մէջ վէպը, Կեղծ Հանճարները, Հլուները եւ ըմբոստները, եւայլն. այս վերջինը հրատարակուած է «Շահան» ծածկանունով»։ Գաղտնիքը պարզուած է այսպէս, Եսայեանի հաւանութեա՞մբ. յայտնի չէ։ Սակայն քննադատին ու վիպասանին միջեւ գոնէ նամակագրական կապ մը եղած պէտք է ըլլայ, որ անհետացած է վստահաբար Լարենցի ձերբակալութենէն եւ աքսորէն ետք, 1915-ին։ Արդ՝ ծածկանունի պարզումը պայմանաւոր է օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով։ Գրախօսականի աւարտը ուղղակի ակնարկութիւն մըն է քաղաքական նոր կացութեան. «Մենք ապահով ենք որ Զապէլ Եսայեան իր ինքնատիպ գրականութեան եւ շնորահագեղ ոճին թռիչքները չպիտի կասեցնէ՝ տգէտ ու գայթակղող տարրերուն գոհունակութիւն պատճառելու համար, այլ հիմա մանաւանդ որ գրաքննական կապանքներէ զերծ մամուլ մը ունի իր տրամադրութեան տակ, անիկա պիտի ճոխացնէ տաճկահայ գրականութիւնը իր գեղեցկագիտական տրամադրութիւններովը» (նոյն էջ 100-101)։ Իբրեւ խմբագիր եւ հաւանաբար նաեւ իբրեւ բարեկամ Լ. Լարենց տեղեակ է Եսայեանի ծրագիրներէն։ Նոյն յօդուածին մէջ կը գրէ որ «մօտերս պիտի հրատարակէ նոր հատոր մըն ալ»։ Յայտնի չէ այս մէկուն խորագիրը։ Կեղծ Հանճարնե՞րը, որ լոյս կը տեսնէ Պոլիս 1910-ին, թէ՞ վէպերու հաւաքածոյ մը ինչպէս պիտի ըլլայ պարագան 1914-ի Երբ այլեւս չեն սիրեր, Վէպը, Քօղը միացեալ հատորին։
Մինչ այդ Հլուները եւ ըմբոստներըի պատմութիւնը չէ աւարտած։ Դերակատարներըը նոյներն են։ 1908-ի հոկտեմբերէն սկսեալ նախապէս Պոստըն հրատարակուող «Ձայն Հայրենեաց» լրագիրը լոյս կը տեսնէ Պոլիս իբրեւ «քաղաքական ու գրական շաբաթաթերթ»։ Խմբագիր՝ Լեւոն Լարենց։ Անոր առաջին թիւին մէջ, 23 հոկտեմբեր 1908, նորէն կը կարդանք Եսայեանի «Կարաւանը» անփոփոխ, բայց այս անգամ պարզապէս Զապէլ Եսայեան ստորագրութեամբ։ Իսկ տարեվերջի թիւին մէջ (26 դեկտեմբեր-8 յունուար) «Արիւնոտ հացը» պարսաւագիրը, ուր կը պախարակուին Եըլտըզի մէջ Ապտուլ Համիտ Բ.ի հետ ճաշի մասնակցող հայ երեք երեսփոխաններ։ Նոյն թիւին մէջ, քանի մը էջ անդին, կը սկսի Հլուները եւ ըմբոստները վէպի մուտքը։ Ուրեմն՝ երկրորդ հրատարակութիւն մը նոյն վէպին, խորքին մէջ անոր երկրորդ տարբերակը, պիտի տեսնենք ինչպէ՛ս։
Ասոր գլխուն՝ զետեղուած է անստորագիր հետեւեալ պարբերութիւնը. «Մեր համակրելի աշխատակցուհի՝ Տիկին Զապէլ Եսայեանի մասնաւոր արտօնութեամբ՝ կը սկսինք հրատարակել Պոլսահայ տառապանքի կեանքէն քաղուած վէպ մը՝ Հլուները եւ ըմբոստները։ Տիկին Եսայեանի այս գործը նախապէս՝ 1906-ին, լոյս տեսած է «Շահան» ծածկանուամբ՝ Եգիպտոսի «Ազատ բեմ» թերթին մէջ որ կը հրատարակուէր խմբագրութեամբ Լեւոն Լարենցի։ Ապահով ենք թէ «Ձայն Հայրենեաց»ի մասնաւորաբար տաճկահայ ընթերցողները մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ պիտի կարդան այս վէպը» (ՁՀ թիւ 10, էջ 93)։ Այս նշմարը շահեկան է անով որ վերահրատարակութեան մասնակից կը դարձնէ հեղինակն իսկ, որ հաւանաբար Փարիզէն Պոլիս էր դարձած այդ թուականին։ Յաջորդական հինգ թեւերով կը տրուին վէպին առաջին երկու գլուխները միա՛յն։ Երրորդի մասին ո՛չ մէկ ակնարկութիւն։ Զարմանալի՛ լռութիւն՝ որ ինքնին թելադրական է։ Ուստի պէտք է ենթադրել որ իր ընդարձակ երրորդ գլուխէն զեղչուած՝ վէպը կը նկատուի այլեւս վիպային ամբողջութիւն մը։ Պէ՞տք է եզրակացնել որ Եսայեան կամովին հրաժարած է վէպը աւարտելու հեռանկարէն, որուն վերջին հատուածը, «Ազատ բեմ»ի մէջ, կը կրէր «շարունակելի» նշումը։ Մէկ խօսքով՝ վէպը իր առաջին հրապարակումէն՝ երկրորդը՝ իր «աւարտը» կը գտնէ ընդարձակ զեղչով մը։ Միայն թէ այդ զեղչը վէպը կը զրկէ հիմնական ատաղձէն եւ զայն կը դարձնէ «անհասկնալի», եթէ ոչ անշահեկան։ Մինչ այդ՝ «վէպ պոլսական կեանքէն» նշումը «Ձայն հայրենեաց»ի մէջ դարձած է «վէպ՝ պոլսահայ տառապանքի կեանքէն»։ Հա՞րկ կայ ըսելու որ «վէպ» յղացքը Եսայեանի մօտ գրութեան ընդարձակութեան կամ ծաւալի հետ կապ չունի, այլապէս Մելիհա Նուրի Հանըմը (37 էջ, Փարիզ 1928) պիտի չկրէր «վէպ» բնորոշումը։
Այս զեղչը, որ ըստ երեւոյթին Եսայեան ստանձներ է, եթէ Լարենցի նշմարը ստոյգ է, կը բացատրուի անգամ մը եւս քաղաքական շրջարկով։ 1908-1909-ին Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք հայ-թուրք յարաբերութիւնները մտած են աւելի «բնականոն» հունի մէջ։ Գրեթէ բոլոր ճակատներու նախկին յեղափոխականները հաւասարութեան, եղբայրութեան, հաւասարութեան նշանաբանով դարձած են կամ դառնալու վրայ են հաւատարիմ քաղաքացիները «ընդհանուր Հայրենիքին», ինչպէս պիտի գրէ Եսայեան քանի մը տարի ետք՝ Աւերակներու մէջի մուտքին։ Ուստի՝ վէպին երրորդ գլուխը եւ անոր հաւանական շարունակութիւնը դարձած են ապայժմէ, ուստի՝ զանցառելի։
Արդ՝ Հլուները եւ ըմբոստները վէպի երրորդ գլուխէն կը սկսի ըմբոստներու եւ հլուները պայքարը, որուն գլխաւոր կերպարն է Յակոբ վարժապետը՝ ընդդէմ Մեսրոպեան էֆենտիին։ Ասոնց միջեւ՝ Մեսրոպեանի դուստրը՝ Զարուհին։ Հարկ չեմ տեսներ այստեղ վերաշարադրելու վէպին այս մասը, որ կը հակադրուի առաջին երկու գլուխներու համեմատաբար հանդարտ եւ «անվնաս» բնոյթին։ Յեղափոխականները պարզապէս կազմած են ցանկ մը հլուներու, այսինքն՝ ստրուկներու, աւելի ճիշդ ստրկամիտներու դասին, որուն մէջ կը գտնուի նաեւ Մեսրոպեանի անունը եւ պատրաստ են գործելու, եթէ ասոնք չօժանդակեն յեղափոխութեան գործին։ Զարուհի-Յակոբ պարտէզի տեսարանը վերջին հատուածն է, որուն մէջ գուշակելի պատուհասում մը կ’ոգեկոչուի։ Ըմբոստ Յակոբի յետին պատասխանը Զարուհիի պնդող հարցումին թէ որեւէ վտանգ կը սպառնա՞յ հօր կը մնայ երկդիմի, իսկ պատումը կ’առկախուի։ Ընթերցողը կ’ակնկալէ հազիւ ձեւաւորուող հանգոյցին լուծումը որ չի գար։ Ակնյայտ է աւարտին պակասը։ Անոր վերջին մասերը, ինչպէս կը տեսնուի, հայկական խնդրի, յեղափոխութեան ու «հայ տառապանքի» ոգեկոչումը կը բերեն կարելի յստակութեամբ, որոնց աւելցնելու է քիչ ծանօթ դրուագներ Սկիւտարի մէջ կազմակերպուած ջարդերէն։ Որոնց ականատես եղած է Մեսրոպեան էֆենտի եւ սակայն հակառակ ասոր՝ կ’ընդդիմանայ ըմբոստներուն եւ կը մերժէ անոնց բերել իր նիւթական նպաստը։ Կերպարը հանգիտութիւններ ունի Արփիարեանի Կարմիր Ժամուցի «պահպանողական» Հայրապետ էֆենտիին հետ (1903)։ Անշուշտ, «Կարաւանը» որ փաստօրէն կը գտնենք վէպի Ա. եւ Բ. տարբերակներուն կից, բայց ոչ ուղղակիօրէն, Երկրի տառապանքը կը պատկերացնէ իր ձեւով, բայց չի կրնար վէպին աւարտը նկատուիլ։ Շահեկան է անով որ Հլուները եւ ըմբոստները կը կամրջէ Աւերակներու մէջին։
Վէպը 1906-1907-ին քաղաքական շատ որոշ ոլորտի մը մէջ կը զարգանայ։ Հասկնալի է Եսայեանի ծպտումի կամքը։ Ծածկանունը ինքնապաշտպանութեան ձեւ մըն է, այնքան ատեն որ գաղտնիքը կը մնայ ամրափակ։ Եսայեան նոյն հնարքին պիտի դիմէ 1915-ին, երբ «Վիգէն» նորէն արական ծածկանունը պիտի գործածէ Սոֆիայի «Հայաստան»ին մէջ «Գրագէտի մը յիշատակները» իր գրութեան իբրեւ ստորագրութիւն։ Ապրիլեան ձերբակալութիւնները պատմող այդ գրութիւնն ալ պիտի մնայ իր կարգին շարունակելի։ Մինչ այդ, 1908-ի յեղաշրջումէն ետք՝ ազատ-բեմականներու, ըսել կ՚ուզեմ Լարենցի եւ անոր գաղափարակիցներուն, ինչպէս նաեւ Եսայեանի համար, ըմբոստութիւնը դադրած կը թուի ըլլալ քաղաքական ուղեգիծ։ Ժամանակները փոխուեր էին…։ Ուրիշ կացութիւն, ուրի՜շ քաղաքականութիւն, նոյնիսկ նախորդին ներհակը, եթէ ոչ հերքումը։ Մանաւանդ որ Եսայեան չէր յաջողած, գուցէ չէր ուզած, վէպը հասնցնել իր հանգուցալուծումին։ Պէտք է խոստովանիլ որ ասիկա բաւական բարդ կրնար ըլլալ, մանաւանդ որ Յակոբ-Զարուհի կապ մը կը յայտնուէր։ Կարծէք այս աւարտի խնդրին կ’ակնարկէ Լարենց երբ Շնորհքով Մարդիկը վէպի իր գրախօսականին մէջ կը գրէ. «Զապէլ Եսայեանի վէպերը առհասարակ չեն յանգիր բնական վերջաւորութեան մը. յաւիտենապէս շարունակելի կը մնան անոնք, նման մարդկային կեանքին, ինչպէս կ՚ըսէ գրագիտուհին…» (նոյն)։ Դիտողութիւնը անմիջական կերպով անշուշտ Շնորհքով մարդիկի աւարտին կը վերաբերի, ուր ձգտումը կայ պատումը երկարաձգելու գլխաւոր կերպարի՝ Աննիկի եւ անոր ապարանքի հրդեհէն անդին, շարունակելու զայն Զարուհիի արկածախնդրական եւ բոլորովին սանձարձակ սխրանքով։ Բայց վերջաւորութեան մը չյանգելու ակնարկութիւնն իսկ մատնանշումը չէ՞ վիպային հնարքի մը կամ սկզբունքի մը. չաւարտելու սկզբունքին։ Կը հետեւի՞ արդեօք որ անաւարտ Հլուները եւ ըմբոստները շարունակելի էին այս իմաստով։ Որով ընդունելի կ’ըլլար անոր առաջին հրատարակութեան երրորդ գլուխին «գրաքննումը» հեղինակին ու վերատպողին միացեալ ջանքերով։ Հարցը սակայն այն է որ վէպին 1909-ի այս տարբերակը, ըսենք երկրորդը, իր ներքին ուժականութենէն զուրկ, առանց վիպական զսպանակի, գրեթէ հետեւակ գրութիւն մըն է ։
Ամեն պարագայի՝ 1906-ին տպուածը, այսինքն առաջին տարբերակը զերծ՝ եզրայանգումէն եւ իբրեւ այդ՝ իր «բաց» աւարտով, որոշ միութիւն մը ունեցող երկ մը կը կազմէ, արժանի վերջապէս դառնալու մատչելի անգամ մը եւս։
«Ազգային յեղափոխութեան» թեման Եսայեանի 1903-1914 շրջանի վէպերուն մէջ կը յայտնուի միայն այստեղ, կարծէք ընդմիշտ անհետանալու համար, գոնէ մինչեւ Երեւան լոյս տեսած Կրակէ շապիկը (1934) ուր ակնարկութիւն է միայն։ Վերջինիս մէջ կը գտնենք նորէն Սկիւտարը, Եսայեանի սիրելի աշխատաւորները՝ եազմաճիները, անոնք որոնք կան Հլուները եւ ըմբոստներըին մէջ, ինչպէս Երբ այլեւս չեն սիրերին։ Միայն թէ «ազգային պայքարը» այլեւս զանցուած է աւելի ընդհանուր, թերեւս ալ աւելի արմատական նկատուած միջազգայնական յեղափոխութեամբ։
Ինչպէս թելադրուեցաւ արդէն՝ Հլուները եւ ըմբոստները կը կանխեն Շնորհքով մարդիկը։ Երկուքն ալ գրուած են հեղինակին վիպային արտադրութեան ամենէն բուռն ու բազմազան շրջանին (1903-1908), երբ պատումի տենդ մը գրագէտը կը մղէ ետեւ ետեւի արտադրելու Վէպը (1904), Կեղծ Հանճարները (1905/1910), ասոնց կողքին Սկիւտարի վերջալոյսները, յետոյ Մոլորումը եւ մեծ թիւով նորավէպեր։ Բացի Հանճարներըէն բոլորն ալ Պոլիսը ունին իբրեւ թատերաբեմ։ Երկու վէպերը կը հետեւին այս բնատիպին։ Եթէ Շնորհքով մարդիկը քիչ մը անորոշ դարավերջ մը կը յուշէ եւ կը տեղաւորուի ընդմէջ Սկիւտարի եւ Բերայի, Հլուները եւ ըմբոստները կ’արձանագրուի Եըլտըզի դէպքէն ետք, եւ կը մնայ նորէն Սկիւտարի շրջանակին մէջ։ Առաջինը ամիրայական տոհմին քայքայումը կը պատմէ, դրամին ու սեռին փառապանծ փայլատակումով, երկրորդը՝ կը սեւեռէ աւելի յետագայ, «անկեալ» դասակարգ մը որ կը հետամտէ տարբեր աշխարհի մը համար սկսուած պայքար մը։ Որոշ չափով մէկը կու գայ միւսին առընթեր։ Երկու վէպերուն միջեւ պատմական ժամանակաշրջանի միութիւն մը չէ դարձած ուշադրութեան առարկայ։ Եսայեան ընդարձակութեան յաճախանքը չունի տակաւին, այն որ զսպանակն է վերջին Բարպա Խաչիկին (1934-36)։ Հակառակ անոր որ երկու վէպերուն մէջ կեդրոնական կերպարներէն երկուքը կը կրեն նոյն անունները. Յակոբ եւ Զարուհի։ Անուններու նոյնութիւնը կերպարային մէկութիւն չի նշանակեր անշուշտ, պարզապէս կը մատնէ գոյութիւնը… վիպասանի մտքին բռնացող յաճախանքներու։ Ասիկա այլեւս ուրիշ խնդիր է։
Երկու վէպեր ահաւասիկ՝ իրարու հակադիր արդիւնքերով։
Շնորհքով մարդիկը ունեցած է քանի մը հրատարակութիւն, դարձած է քննութեան ու վիճարկումի առարկայ։ Անոր հեղինակը քառորդ դար ետք ոչ միայն թէ անտեսած, այլ ջանացած է զայն յարմարցնել նոր կացութեան։ Մինչ մոռցած կը թուի ըլլալ Հլուները եւ ըմբոստները ինչպէս իր ընթերցողներուն մեծ մասը։ Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան վեցերորդ հատորի Եսայեանի յատկացուցած գլուխին մէջ, Յակոբ Օշական բաւական երկար վերլուծումի կ’ենթարկէ առաջինը։ Իսկ երկրորդը կը թուի անգիտանալ։ Թերեւս ո՛չ բոլորովին։ Կը խորհիմ որ տպագրական վրէպ մը կամ բացթողում մը կայ հետեւեալ հատուածին մէջ. «Երբ այլեւս չեն սիրեր, Քօղը, մանաւանդ Կեղծ Հանճարներ, Շնորհքով մարդիկ վէպը, (զոր չէ ստորագրած բայց հատորի ալ չէ վերածած), Նահանջող ուժերը (բոլորն ալ վէպեր, գրուած 1900-1915 շրջաններուն) գործեր են որոնց ետին պոլսական թեքնիք մը, մեր ախորժակներուն համար որոշ զիջումով մը, անկարելի է չհաստատել…» (հատոր Զ., Պէյրութ 1968, էջ 266)։ Չստորագրուած վէպը Շնորհքով մարդիկը չէ անշուշտ այլ ժամանակագրական կերպով զայն կանխողը՝ Հլուները եւ ըմբոստները։ Սխալ է նոյնպէս Նահանջող ուժերուն յղումը։ Հետեւաբար Օշականի հրատարակուած այս էջը խանգարուած է յայտնօրէն. բնագրին մէջ պէտք է եղած ըլլայ Հլուները եւ ըմբոստները վէպին խորագիրը, որ անհետացած է ձեռագիրը վերծանողին կամ գրաշարին անփութութեամբ. անոր տեղ սպրդած է շատ աւելի ուշ գրուած ու տպուած Նահանջող ուժերը։
Երկու վէպերը իրենց միջոցներով մեզի կու տան հայկական Պոլիսէն հատուածային տարբեր երեսներ։ Իրենց վարանումներով իսկ փաստը կը բերեն վիպային այն մեծ աշխատանքին որ Զ. Եսայեաննին է, գտնելու համար վիպաստեղծումի նոր կերպեր ու նոր թեմաներ։ Ի վերջոյ կարելի է միշտ հարց տալ, առանց մեկին պատասխանի սպասելու. ի՞նչ բան կը մղէ գրողը պատկերացնելու համայնքը իր տոհմային անկումին, դարաւոր ստրկութեան ու նորագոյն ըմբոստութեան մէջ. անոր ոչնչացումին սարսա՞փը, թէ՞ այդ սարսափը փարատելու կամքը։ Շնորհքով մարդիկը, Հլուները եւ ըմբոստները սկզբնական վէպեր են ուր վիպասան մը կը կազմակերպէ ինքզինք, թերեւս ակամայ, թերեւս լիովին գիտակից՝ թէ ո՛ւր զինք կ’առաջնորդէ հլութեան հերքումը երբ անիկա կ’առնէ գրականութեան խայտաբղէտ ու կանոնազանց ճամբան։
ՊԸԼՏԵԱՆ ԳՐԻԳՈՐ
Փարիզ – մայիս 2018
«Բագին»