Թորոնթոյի մէջ բացուեցաւ «Մանուէլ աւագ սարկաւագ Շէհիրեան» գրադարանը
Տարի մը առաջ, մեզմէ առ յաւետ բաժնուեցաւ Թորոնթոյի հայ գաղութի երէցներէն եւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նահապետ Մանուէլ աւագ սարկաւագ Շէհիրեանը:
Արդարեւ, Կիրակի, 29 Յունուար 2023-ին, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի, կատարուեցաւ բացումը «Մանուէլ աւագ սարկաւագ Շէհիրեան» գրադարանին, որ կը գտնուի եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս:
Օրուան հանդիսավար Արմէն կիս․ սրկ. Արթին, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց տիրացու Մանուէլի կեանքը եւ ըսաւ. «Տիրացու Մանուէլը կը սիրէր հայ գիրքը, կը սիրէր հայ եկեղեցւոյ շարականներն ու աստուածաշնչական գրութիւնները»:
Ապա, Արմէն կիսասարկաւագը հրաւիրեց Տ. Տաթեւ աւագ քահանայ Միքայէլեանը, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ եւ՝+ շնորհակալութիւն յայտնեց քահանայ հօր, որ մէկ տարիէ աւելի իր ժրաջան աշխատանքով իրականացուց տիրացու Մանուէլին վերջին խնդրանքը:
Տէր Տաթեւ աւագ քահանան խօսք առնելով ըսաւ. «Տան մէջ գրադարանը համալսարան մըն է, որ ընթերցասէր մարդուն ամէն օր նոր բան կը սորվեցնէ ու զինք հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ լուսամիտ մտաւորականներու եւ հեղինակաւոր գրագէտներու, նոր ու մնայուն գաղափարներու, լուսաւոր աշխարհին հետ, որովհետեւ մարդ որքան կարդայ, այնքան կը լուսաւորուի միտքը ու կ’ազնուանայ հոգին: Երանի՜ այն մարդուն, որուն կեանքի մնայուն ընկերն ու բարեկամը գիրքն է»:
Տէր Հայրը՝ շարունակելով խօսիլ տիրացու Մանուէլի կեանքին մասին, ըսաւ. «Տիրացու Մանուէլ վերջին օրերուն մտահոգ էր. եւ երբ իրեն հարցուցի, թէ ի՛նչը կը մտահոգէ զինք, ան յայտնեց․ «Հայ գիրքը թանկարժէ՛ք է, եւ իմ մահանալէն ետք կ’ուզեմ գիրքերս ապահով ձեռքերու մէջ ըլլան եւ ուրիշներն ալ վայելե՛ն այդ արժէքը»։
Ապա, Արմէն կիսարկաւագը հրաւիրեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, որոնք երգեցին «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականը։ Այնուհետեւ Տէր Վարդան ծայրագոյն վարդապետ Թաշճեանը իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաններուն:
Ան՝ վեր առնելով տիրացու Մանուէլի երկար տարիներու ծառայութիւնը, ըսաւ․ «Տիրացու Մանուէլը սիւներէն մէկն էր մեր եկեղեցւոյ: Այժմ այս գրադարանին բացումով, այդ սիւնը պիտի յաւերժանայ եւ ապրի այս եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս»:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Հոգւոց hանգուցելոց»-ի արտասանութեամբ եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով: