Ժագ Ս. Յակոբեանի «Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախոյզը» Գիրքը

Ժագ Ս․ Յակոբեան ծնած է Երուսաղէմ, 1917-ին: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ կը փոխադրուի Գահիրէ, Եգիպտոս: Ուսումն ու կրթութիւնը կը ստանայ Գահիրէի Գալուստեան Ազգային վարժարանի, Պէրպէրեան Գոլէճի եւ Ֆրանսական վարդապետներու (College Des Freres) դպրոցներուն մէջ, իսկ համալսարանական ուսումը Պէյրութի Ֆրանսական Սեն Ժօզեֆ համալսարանը, ուր երկու տարի հետեւելէ ետք դեղագործութեան, երբ Բ. Աշխարհամարտը կը սկսի եւ Յակոբեան Գահիրէ կը վերադառնայ ու Գահիրէի Պետական Բժշկական համալսարանին մէջ շարունակելով ուսումը, դեղագործ կը վկայուի: Ընտանեօք կը գաղթէ Աւստրալիա, ապա երկու տարի ետք կը վերադառնայ Գահիրէ եւ հոնկէ ալ 1956-ին Պէյրութ կը գաղթէ ու հոն կ՛ապրի մինչեւ 1965: Ապա կրկին կը գաղթէ Աւստրալիա եւ երկու տարի ետք կ՛անցնի Ա․Մ․Ն․ ուր մինչեւ իր կեանքին վերջը՝ 2019 կ՛ապրի, կը մահանայ 102 տարեկանին (Ուիքիբիտիա համացանցային կայքէջ):
Ժագ Ս. Յակոբեանի անդրանիկ գործն է «Գաղտնի Ճամբան», որմէ ետք կը հեղինակէ «Մեղրալուսին», «Մեսրոպաշունչ», «Մարդ մը մեռաւ…»՝ Վահան Թէքէեանի յիշատակին գրուած: Ունի նաեւ այլ երկեր՝ «Յիսուսաբոյր», «Հայատրոփ», «Ջահերթ», 1964, Պէյրութ, «Մասիսածին», 1968, «Ժագափունջ» (չափածոյ եւ արձակ), 1969, Պէյրութ, «Հայատրոփ բ. Տպ.», 1970, Պէյրութ, «Հրաշադար», 1978, «Ուլունքաշար», 1983, Ա․Մ․Ն․, «Կռունկը կը կանչէ… » թատերախաղը, 1986, Ա․Մ․Ն․, «Հողաշնչում», 1991, Ա․Մ․Ն․, «Հայագոյն», 1991, Ա․Մ․Ն․, «Տէր-Զօր Դեղին», 1991, Ա․Մ․Ն․, եւայլն (Ուիքիբիտիա համացանցային կայքէջ):
Ժագ Ս․ Յակոբեան Վահան Թէքէեանի մօտիկ եղած ըլլալով անոր կեանքի պայմանները լաւ կը ճանչնար: Ան կ՛ըսէ թէ Թէքէեան երեք կարօտ ունէր սրտին մէջ: Առաջինը՝ կնոջ մը կարօտն էր, որովհետեւ ամուսնացած չէր: Երկրորդը՝ զաւակի մը կարօտը: Իսկ երրորդը՝ սեփական տան կարօտը, որովհետեւ միշտ վարձքով բնակած էր: Վահան Թէքէեան ամուրի ապրելով իր սրտին մէջ կին մը սիրելու եւ սիրուելու կարօտը տանջած է զինք: Այս զգացումէն ու թախիծէն ալ ներշնչուելով գրած է հետեւեալ բանաստեղծութիւնը.-
Անուշ հոգի մը ըլլա՜ր
Ես այն հոգւոյն սիրահար,
Ան իմ երկինքս ըլլար:
Կի՛ն մը, հաւտամ, թէ կի՛ն մը նորէն
Կրնայ հասկնալ ու մեղքընալ զիս,
Երբ ամէն, ամէն բան ըսեմ իրեն,
Երկար մատներով շօշափէ հոգիս… (էջ 63-64)
Ժագ Ս․ Յակոբեան Վահան Թէքէեանի մինակութեան համար կ՛ըսէ. «Եթէ մարդիկ այս կարօտը տեսան իր քերթուածներուն ընդմէջէն, չտեսան սակայն անոր թաքուն մաղմաղ կրակը, որ կը ճենճերէր իր սրտին խորը…» (էջ 63): Այս երկրորդ կարօտը՝ զաւակի, Թէքէեան իր սրտին մէջ կը պահէր: Ան անզաւակ էր ու իր տրտմութեան մէջ 1941-ին յուզումով գրած է.-
Օտար տղոց աչուըներուն, հոգւոյն մէջ
Դողդըղագին պիտի տըղա՜ս որոնեմ,
Եւ անծանօթ՝ պիտի մեռնի՜մ անոնց դէմ…:
Իմ զաւակներս հիմա պիտի մեծցած ըլլային
Ու զիս թողած, հեռացած, շատերն արդէն զաւկի՛ տէր…
… Աղջիկներս են եղած կին, երիտասարդ դեռանշուշտ… (էջ 64)
Վահան Թէքէեան տնազուրկ էր եւ հարազատ տունի մը կարօտը կը մղէր զայն հառաչելու բանաստեղծութեան տողերուն ընդմէջէն.-
Ինծի՝ հազիւ օտարի տան մէջ սենեակ մը օտար,
Ուր ոչինչ իմս է, ո՛չ իսկ այն անկողինն…
Շուն մը անգամ, երբ տեղէ մը քիչ շատ ընտիր,
Իր մընայուն խորշն ունի, ես՝ իմ գործերս ու թուղթերս
Առած՝ նորէ՛ն կը մտնեմ այս նոր օտար խուցէն ներս… (էջ 64-65)
Ժագ Ս. Յակոբեան այս մէջբերումներէն ետք շեշտելով կը նշէ, թէ բոլորին կողմէ արդարացիօրէն «Բանաստեղծութեան իշխան» յորջորջուած Վահան Թէքէեան, միս մինակ կը մահանայ Գահիրէի հիւանդանոցին մէջ։ Ցաւալի վկայութիւն։
Ժագ Ս․ Յակոբեան վերլուծելէ ետք Վահան Թէքէեանի երեք կարօտները, անոր միւս բանաստեղծութիւններէն ալ միտքեր առնելով կ՛եզրակացնէ, թէ ան ունէր նաեւ Աստուծոյ կարօտն ու ծարաւը սրտին եւ մտքին մէջ ու կ՛ըսէ.- «Այս կարօտն ու ծարաւն են որոնք Թէքէեանը դարձուցին հայ գրականութեան մէկ մեծ աստուածերգակը».-
Յետոյ, սակայն, կը խաղաղիմ, կ՛զգամ նոյնիսկ յոյս մը տարտամ.
Իյնալու տեղ կ՛ելլեմ թերեւս, ու իր բեռէն ազատ հոգիս՝
Գրկէդ մեկնած, թերե՜ւս, ո՛վ Տէր, պիտի գիրկիդ մէջ ընդունիս: (էջ 65)
Վահան Թէքէեանի համար Ասուածերգակ որակումը հիմնուած է անոր «Հայերգութիւն» հատորին Աստուածերգութիւն բաժնին վրայ, ուր ան խորապէս կրօնաշունչ ապրումով ու զգացումով կ՛արտայատուի Աստուծոյ մասին: Դէպի Աստուած դիմելու անոր արարքը հաւատքի հետազօտութիւն մըն է, ընկերակցած կրօնական փնտռտուքի մը տառապագին գալարումներով: Ասոր մասին Ժագ Ս. Յակոբեան կ՛եզրակացնէ. «Ուրեմն՝ աստուածերգակ Թէքէեանը հաւատքի հետազօտիչ մը կը դառնայ, աստուածախոյզ մը» (էջ 66):
Ժագ Ս․ Յակոբեան Վահան Թէքէեանի նախապէս ըրած իր յիշատակի տուրքին կ՛աւելցնէ հետեւեալ խօսքերը.-
«Այո՛, սիրելի՛ Վահան Թէքէեան.- Իմ մեծ, իմ իրա՛ւ բարեկամս, քանի՛ որ այս ադամանդ բառով տիտղոսած ես տրո՛ւպս «Տաղարան»իդ առաջին էջին վրայ 1945 Մարտ 20-ին՝ Բանաստեղծ բարեկամիս, ջերմ սիրով:
Քու յիշատակդ զիս լալու չափ կը յուզէ… (էջ 66)»
Նախ քան վերոյիշեալ վերլուծումն ու արժէւորումը Վահան Թէքէեանի մասին, Ժագ Ս․ Յակոբեան հատորին սկիզբը կը յստակացնէ այն ինչ որ թերեւս շատերուն համար վիճելի է՝ դատել մէկը: Ան փարատելու համար ամէն թիւրիմացութիւն եւ դատում կամ սխալ տպաւորութիւն չձգելու համար ընթերցողներուն վրայ, կը շեշտէ թէ միակ դատողը ինք՝ Ամենակարողը եւ Ամենագէտն Աստուած է, որովհետեւ «Մարդս ամէնէն բարդ ու խրթին եւ անթափանցելի … թուաբանական խնդիրն է մարդուն համար» (էջ 3):
Ժագ Ս․ Յակոբեանի «Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախոյզը» հատորը կրտսեր բանաստեղծէ իր երէց բանաստեղծ եղբօր հանդէպ սրտի պարտք մըն է, որ ան կը կատարէ ամենայն նուիրուածութեամբ, յարգանքով եւ սիրով։
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
«Պայքար» շաբաթաթերթ