Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարան
Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը հիմնադրուած է 1821 թուականին, Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ մերձակայքը՝ հնդկահայ համայնքի եւ հայազգի բարերարներ Աստուածատուր Մուրատխանեանի եւ Մնացական Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ: 1825 թուականին ճեմարանին միացուած է Կալկաթայի Գալուցեան հայկական դպրոցը, իսկ 1949 թուականին՝ 1922-ին հիմնադրուած Կալկաթայի Դաւիթեան օրիորդաց հայկական դպրոցը:
Մինչեւ 1870 թուականը ճեմարանը ունեցած է իր ինքնուրոյն կրթական ծրագիրը, սակայն յետագային անիկա համապատասխանեցուած է Կալկաթայի համալսարանի քննութիւններու պահանջքներուն: 1883-ին հաստատութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս միջնակարգ դպրոց, իսկ 1888-ին դասուած է Կալկաթայի համալսարանի քոլէճներու շարքը:
1888-1891 թուականներուն ճեմարանին կից գործած են յատուկ դասընթացքներ՝ Կալկաթայի համալսարանի արուեստի ճիւղին համար դիմորդներ պատրաստելու:
Ճեմարանը ունի ընդարձակ հողատարածութիւններ, բուժարան, տղոց եւ աղջիկներու համար նախատեսուած զատ կացարաններ:
1828-ին ճեմարանին կից հիմնադրուած է «Արարատեան» գրադարանը, որ ունէր ամենամեծ հայկական գիրքերու եւ ձեռագրերու հաւաքածոներէն մէկը աշխարհի մէջ:
1824-ին հիմնադրուած է տպարանը, որ գործած է շուրջ յիսուն տարի:
Ճեմարանին մէջ դասաւանդած են անուանի մտաւորականներ. օրինակ՝ Յարութիւն Գալուցեան, Մեսրոպ Թաղիադեան եւ այլք:
1999-ին Կալկաթայի Գերագոյն ատեանի որոշմամբ Հայոց մարդասիրական ճեմարանը յանձնուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խնամակալութեան: Նոյն դատավճիռով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին վերապահուած է ճեմարանի գործունէութիւնը տնօրինելու իրաւունքը: Կը վերահսկուին ուսումնական ծրագիրները, աշխատողներու նշանակումներն ու փոփոխութիւնները, դպրոցին վիճակն ու խնամքը:
Ներկայիս հաստատութենէն ներս ուսանող աշակերտներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանէն է (տարեկան 10-15 աշակերտ), կ՚ուսանին նաեւ հայ աշակերտներ Հնդկաստանէն, Իրանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէ:
Սաներուն եւ ուսուցիչներուն կեցութեան, գրենական պիտոյքներուն, ուսման վարձին եւ ամսականներուն ծախսերը ամբողջովին կը հոգայ ճեմարանը: Ուսուցման հիմնական լեզուն անգլերէնն է: Ճեմարանին մէջ, բացի հայագիտական եւ բնագիտական առարկաներէն, աշակերտները կը սորվին նաեւ հնդկերէն, ռուսերէն, պարսկերէն, արաբերէն: Բարձր յառաջադիմութիւն ունեցող աշակերտներուն հնարաւորութիւն կը տրուի ուսումը շարունակել Հնդկաստանի եւ աշխարհի զանազան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս: