Կորքիի Եւ Այվազովսքիի Հայկական Արմատները Կը Ծածկուին Նիւ Եորքի Թանգարաններուն Կողմէ

Յատուկ «Ասպարէզ»ին գրուած յօդուածով մը Նիւ Եորքէն արուեստագէտ Թալին Սեդրակեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն իրողութիւնը, որ աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտներ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ատոյեան) եւ Իվան (Յովհաննէս) Այվազովսքիի հայկական արմատներ ունենալը կը ծածկուի Նիւ Եորքի հեղինակաւոր թանգարաններէն The Metropolitan-ի եւ MoMA-ի կողմէ։

Մինչ Կորքիի պարագային MoMA-ն կը նշէ, որ ան «ծնած է Օսմանեան կայսրութեան Վան քաղաքին մէջ (ներկայի Թուրքիան)», Այվազովսքիի պարագային The Metropolitan կը պնդէ, որ ան ուքրանացի է:
Սեդրակեան կը գրէ, թէ արդէն իսկ բողոքի նամակներ յղուած են, իսկ անոնք, որոնք կը փափաքին միանալ բողոքի արշաւին՝ կրնան թանգարաններուն դիմել archives@metmuseum.org (Metropolitan) կամ information@moma.org (MoMA) հասցէներուն միջոցաւ։