Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին
Յոյժ նշանակալից տարի է համասփիւռքեան թատերարուեստի համար 2023 թուականը. նշանակալից եւ անշուշտ` յատկացուցիչ, վասնզի կը լրանայ ազգային մեծանուն երախտաւոր, գործարար, բեմադրիչ, բեմագիր, դերասան Գասպար Իփէկեանի (Կ. Պոլիս, 19 յունուար 1883 Պէյրութ, 30 դեկտեմբեր, 1952) ծննդեան 140-ամեակը: Վստահ ենք, որ տարին յոբելենական ըլլալէ զատ` համասփիւռքեան թատերարուեստի ազգապահ գործունէութեան` ցայժմ իր ծիրին մէջ վերընթաց շարժումի կը վերածուի:
Տակաւին շուրջ 100 տարի առաջ Լոզանի համալսարանի, Փարիզի Փոլ Մոնէի երաժշտանոցի դասընթացներու ունկնդիր, Սորպոնի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքի շրջանաւարտ Գասպար Իփէկեանը, որ 20-րդ դարասկզբին եղբօր` բեմադրիչ, դերասան Արմէն Արմէնեանի հետ Թիֆլիսի մէջ ծաւալած էր թատերական գործունէութիւն, Հայաստան պոլշեւիկեան բռնատիրութիւն հաստատուելէն ետք ստանձնած ըլլալով Համազգայինի վարչութեան քարտուղար-գործիչի պաշտօնը, լիապէս լծուած էր ընկերութեան հրատարակչական աշխատանքներու անխաթար կազմակերպմանը: Այդ տարիներու անոր կատարած աշխատանքներու մասին ճշմարտօրէն կը վկայէ Նիկոլ Աղբալեանը. «Հայ բեմը շատ է տեսած մեծատաղանդ դերասաններ, բայց քիչ է տեսած հաւաքական եւ ներդաշնակ խաղարկութիւն: Շեշտել անհատը եւ անտեսել խումբը` այս է եղած խաղարկութեան սովորական ընթացքը: Փառասիրութիւններ մորթած են թատերակը բեմի վրայ եւ ցայտունին զոհած են ներդաշնակը: Տարբեր է Գասպար Իփէկեանի տեսակէտը: Նա հետամուտ է արուեստի գործ ստեղծելու…»:
Այս ամէնով հանդերձ, չմասնայատկելով Գասպար Իփէկեանի Թեհրանում (1916-1921 թթ. եղած է Թեհրանի առաջին հայ քաղաքապետը) եւ այլ երկրներում ազգային, մշակութային գործունէութիւնը, առանձնապէս չենք կրնար զանց առնել Գասպար Իփէկեան-Լեւոն Շանթ չափազանց ներդաշն բեմարուեստային համագործակցութիւնը, զոր Պէյրութում Համազգայինի թատերախումբի ստեղծումով նշանաւորուեցաւ: Սփիւռքեան նոր սերունդին մէջ ազգային թատրոնի եւ թատրերգութեան նկատմամբ արթնցած անկորնչելի սիրոյ ապացոյց մըն է ներկայիս Համազգայինի թատերախումբը:
Ստորեւ հրատարակուող նամակը` հասցէագրուած «Զուարթնոց» հանդէսի խմբագիր Հրանդ Բալույեանին (Կ. Պոլիս, 1904-Փարիզ, 1968), Աւետիս Ահարոնեանի ստեղծագործութիւնը բոլորովին այլ երեսակներու վրայ բացայայտելէն զատ` նաեւ այնպիսի խնդիրներու կը վերաբերի, որոնք այսօր ալ հետաքրքրայարոյց են, մանաւանդ առկայ է երէկուան եւ այսօրուան սերունդներու «հոգեկան, զգայական կապի տեւականացումը», զոր հայութեան ինքնութեան պահպանման երաշխիքը եղած է` իբրեւ հզօրագոյն ազդակ…
ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ
10 յունուար, 2023
Յատուկ «Ազդակ»-ին համար
Նամակ խմբագրութեան
… Բալույեան
Ստացայ ձեր երկտողը, որով կ՛ուզէք, որ մասնակցութիւնս բերեմ Ահարոնեանի նուիրուած «Զուարթնոց»-ին: Ա՛յ սիրելիս, մեր սերունդը ինչ որ կարելի է ըսել, ըսել է Ահարոնեանի մասին: Իսկ մենք հիմա պիտի ուզէինք լսել նոր սերունդներու կամ մեզ անմիջապէս յաջորդողներու խօսքը իր մասին: Այդ առիթ մը պիտի ըլլար, մանաւանդ, ճշդելու Ահարոնեանի գործին ազդեցութիւնը ժամանակի տեսակէտէն: Մեր պայմաններուն մէջ 30-40 տարիներ հաւասար են` իբրեւ տեւողութեան չափանիշ` առ նուազն մէկ ու կէս դսարի: Գրականութիւնն ալ, վերին երեսնամեակին, խեցապարտութեան (օսթրասիզմ) դատապարտուած, թէ՛ մեր «Հայրենիք»-ի պատնէշներուն ետեւ եւ թէ՛ դուրսը` գաղութահայութեան մէջ, ուր կարծես կը սկսի տարածուիլ այդ հրեղէն անթափանցելի բոցերուն ուժն ու ազդեցութիւնը:
Ո՞ր աստիճան պիտի կրնայ հակազդել մտքի եւ խօսքի ազատութեան մէջ հասակ նետած գաղութահայ սերունդը այդ խանձումին եւ փոշիացումին, ահա այդ է, որ սիրով պիտի ուզենք ճշդել եւ Ահարոնեանի գործին գնահատումը այդ սերունդէն, կրկնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ հիներուս համար` այդ տեսակէտէն դիտուած:
Ահարոնեանի ստեղծագործութիւնը կրնայ բաժանուիլ երկու շրջաններու. Ա) Հայութեան կրած աղէտներու` ողբի, լացի, ըմբոստացման եւ տառապանքի շրջան, եւ Բ) Հայրենասէրի կարօտակէզ վերյիշումներու, վերապրումներու շրջան:
Բ. Շրջանի Ահարոնեանը կը պարզէ, կը բացատրէ, կը լրացնէ Ա. շրջանի Ահարոնեանը: Աւելի կը յստականայ մեր մտքին ու սրտին, հայկական կոտորածներու, հայ սպանդի Ողբերգակին զգայունութիւնը, իր տառապանքի խորութիւնը, իր շեշտի անկեղծութիւնը, իր հաղորդականութեան ամբողջ գաղտնիքը: Որովհետեւ Բ. շրջանի հայրենի գանձը կը թրթռացնէ այնպիսի լարեր սիրոյ ու յափշտակութեան այնպիսի թռիչք մը եւ կարօտի այնքան խոր ու զուսպ թախիծ մը (զոր մէջ ընդ մէջ ընդհատող սրամիտ ժպիտներ ոչ միայն չեն մեղմեր, այլ աւելի կը շեշտեն կարծես այդ թախիծը), որոնք կը կոթողեն հայրենասէրը:
Հարազատ էր մեր սերունդի հոգիներուն եւ ապրումներուն Ահարոնեանը իր սգերգով, տեսակ մը արձագանգն էր ամբողջ հայութեան տառապանքին:
Որքա՜ն հարազատ է ան գաղութահայ սերունդին` իբրեւ կարօտակէզ հայրեներգակ: Ահա այդ է, որ կրկնակի պիտի հետաքրքրէր մեզ` հիներս: Պիտի ուզէինք, որ նոր սերունդը տարուէր երկրորդ շրջանի Ահարոնեանով եւ զգար իր էութեան նոյնքան հարազատ: Դառնար անոր կարօտի երգը նոյնքան իրը (այս եւ մնացեալ ընդգծումները բնագրային են, Ա. Ա.), որքան մերն է երբեմնի վիշտի եւ սուգի ցնցող ողբը:
Այն ատեն Ահարոնեանի ստեղծագործութիւնը պիտի ստանար այլապէս շքեղ ու ճաճանչող նշանակութիւն հայ գրականութեան համար: Ան ոչ միայն ծառայած պիտի ըլլար փաստելու հոգեկան-զգայական կապի տեւականացումը հայութեան, այլ պիտի դառնար հզօրագոյն ազդակ` այդ կապի ամրապնդումին ու տեւականացումին:
Ահարոնեանի ստեղծագործութիւնը, որ գերազանցօրէն հոգիի եւ սիրտի ստեղծագործութիւն մըն է, պիտի ստանայ այն ատեն այն դիրքը հայ գրականութեան մէջ, որուն արժանի է. հարազատ ծնունդ եւ արտայայտութիւն. հայ կեանքի. հայ երգի. հայ սիրտի:
Այն ատեն ապագայ բանասէրը պիտի կրնայ հպարտօրէն բարձրացնել իր գլուխը աշխատանքի սեղանէն` գոչելու համար.
«Մեր հայրենեաց պսակագիր Գողթան քնարները չեն լռեր երբեք, եւ հնչեր են ու պիտի հնչեն իրենց հոգեզմայլ երգերը ժամանակի եւ տարածութեան ընդմէջէն»;
Երկարեցաւ նամակս եւ շեղեցաւ իր նպատակէն, որ միմիայն քաղաքավարական բացատրութիւն մը ըլլալու սահմաներ էի: Կը ներէք: Գուցէ պատճառը մերժումիս սխալ մեկնուելու վախն էր:
Ձեր պահանջածը աշխատանք մըն էր, որուն համար պէտք եղած կեդրոնացման եւ ինքնամփոփման ո՛չ միտքն ունիմ, ո՛չ սիրտը ներկայ օրերու: Պէտք է հասկնաք եւ ներողամիտ ըլլաք:
ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ
Պրիւքսել. 20 հոկտ., 1946
«Զուարթնոց», Փարիզ, 1947 յունուար