Հայկազեան Համալսարան
Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը, որ կը վայելէ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան հովանավորութիւնը: Այս կրթօճախը սկիզբը կը կոչուէր Հայկազեան քոլեճ հանգուցեալ դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի յիշատակին, որ Քոնիայի (Թուրքիա) առաքելական հիմնարկի (Ճենանեան քոլեճ) ուսուցիչներէն էր ու նաեւ նախագահն էր:
Համալսարանը 43 ուսանողներով սկսած է գործել 1955-ի հոկտեմբերին, Պէյրութի մէջ (Լիբանան): Այն հիմնուած է երկու յայտնի անձանց` Ֆինիքսի մէջ (Արիզոնա) ապրող Ստեփան Մեխակեանի եւ Ռատնորի մէջ (Փենսիլվանիա) ապրող Ստեփան Փիլիպոսեանի եւ անոնց կանանց հովանավորութեամբ: Թէեւ համալսարանը հայ աւետարանական հաստատութիւն է, որ կը գործէ Լիբանանի` Պէյրութի մէջ, սակայն աւելի քան վեց կրօններու պատկանող շուրջ 20 ազգերու պատկանող ուսանողներ կը սորվին այնտեղ:
1970-ական թթ. սկիզբները համալսարանը հասաւ զարգացման բարձրագոյն աստիճանին. այն ունէր 680 աշակերտ եւ աւելի քան 100 դասախօս: Պատերազմի տարիներուն համալսարանը գտնուեցաւ դժուարութիւններու առջեւ, սակայն շարունակեց գործել եւ աստիճանաբար վերադարձաւ նախապատերազմական դրութեան: 1992-ին Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձութիւնը Հայաստանի`Երեւանի մէջ, հիմնեց տնտեսագիտութեան բարձրագոյն դպրոց: Երկու տարուան յաջող գործունէութենէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարութեան ճնշումներու ներքոյ համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդը հարկադրուեցաւ ժամանակաւորապէս դադրեցնել այս ուսումնական հաստատութեան գործունէութիւնը:
Հայկազեան համալսարանը կը շարունակէ առաջընթաց ապրիլ. 1999-2000 տարեշրջանին այն ունէր շուրջ 20 տարբեր ազգութիւններու պատկանող 500 ուսանող: Այն օրհնութեան աղբիւր է ոչ միայն Լիբանանի հայութեան, այլեւ Մերձաւոր Արեւելքի բնակչութեան համար:
Պատմականօրէն բարձրագոյն կրթութեան հայ աւետարանական երկու այլ հաստատութիւններ կրնան արդարացիօրէն համարուիլ Հայկազեան համալսարանի նախակարապետները: Անոնք են Հայ Աւետարանական Ուսուցչանոցը (ուսուցիչներ պատրաստող յատուկ բարձրագոյն վարժարան) եւ Հայ Աւետարանական քոլեճը: Ուսուցչանոցը կրտսեր, քոլեճը աւարտած ուսուցիչներու վերապատրաստման հաստատութիւն էր, որ հիմնուած էր 1947-ին Էշրեֆիէի մէջ (Պէյրութ): Այն խումբ մը հայ աւետարանական առաջնորդներու տեսիլքի եւ սիրոյ արգասիքն էր:
Հայ Աւետարանական քոլեճը հիմնուած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ կողմէ, երբ անոր բարձրագոյն վարժարանին աւելցուած են ՙֆրեշմըն՚ եւ ՙսոֆոմըր՚ դասարանները: Երբ քոլեճի գաղափարը իրականութիւն դարձաւ, այս երկու հաստատութիւններու ծրագրերը ներմուծուեցան Հայկազեան քոլեճ:
Համալսարանէն ներս կը գործեն 4 բաժանմունքներ
Առեւտրական Վարչագիտութեան եւ Տնտեսագիտութեան բաժանմունք (Business Admininstration and Economics), Մարդկային Գիտութեանց բաժանմունք (Humanities), Գիտական բաժանմունք (Sciences), Ընկերային եւ Վարքային Գիտութեանց բաժանմունք (Sovial and Behavioural Sciences)։
Համալսարանը ունի հետեւեալ մասնագիտութիւնները
Առեւտրական Վարչագիտութիւն (Business Admininstration) հետեւեալ մասնագիտութիւններուն շեշտադրումով. Հիւրընկալութեան վարչագիտութիւն (Hospitality Management), Տեղեկատուական համակարգի վարչագիտութիւն (Management Information Systems), Հաշուապահութիւն (Accounting), Ֆինանսներ (Finance), Ծանուցումնային վարչագիտութիւն (Advertisement) եւ Առեւտրական Օրէնսգիտութիւն (Business Law), Տնտեսագիտութիւն (Economics), Արաբերէն, Հայագիտութիւն, Անգլերէն Լեզու, Անգլիական Գրականութիւն եւ Անգլերէնի Ուսուցում Իբրեւ Օտար Լեզու (TEFL), Պատմութիւն, Կենսաբանութիւն (Biology), Քիմիագիտութիւն (Chemistry), Համակարգչային Գիտութիւն (Computer Science), Հոգեբանութիւն (Psychology), Ընկերային Ծառայութիւն (Social Work)։
Հայկազեան Համալսարանին մէջ կը գործէ նաեւ Յարատեւ Կրթութեան Կեդրոնը (Center for Continuing Education), որ զանազան երեկոյեան դասընթացքներ եւ վարժանքներ կը տրամադրէ չափահասներու։
Աշխատող ուսուցիչներու մանկավարժական հմտութիւնները եւ գիտելիքները զարգացնելու նպատակով նոյնպէս կը կազմակերպուին դասընթացքներ եւ վարժանքներ (In-service Teacher Training Program)։
Վկայականներ
Համալսարանի շրջանաւարտները կը վկայուին Պսակաւոր Արուեստից (B.A.), Պսակաւոր Առեւտրական Վարչագիտութեան (B.B.A.), Պսակաւոր Գիտութեանց (B.S.), Մագիստրոս Արուեստից (M.A.) եւ Մագիստրոս Առեւտրական Վարչագիտութեան (M.B.A.) եւ Մանկավարժութեան (Normal Diploma) վկայականներով։
1995-ին, Համալսարանը իրաւասութիւն կը ստանայ շնորհելու մագիստրոսի աստիճան հետեւեալ 4 մասնագիտութիւններու մէջ. Կրթութեան Տնօրինում եւ Վերահսկում, Ընդհանուր Հոգեբանութիւն, Դարմանական Հոգեբանութիւն եւ Պանդոկի Վարչագիտութիւն։
Հայկազեան Համալսարանը կը շնորհէ նաեւ «Պատուոյ Դոկտոր»ի կոչումներ հայ ազգային կեանքին մէջ մասնայատուկ ներդրումներ ունեցած անհատներու։
Առաքելութիւն
Հայկազեան Համալսարանին առաքելութիւնն է որակաւոր կրթութեան ջամբումը քրիստոնէական մթնոլորտի մը մէջ, ուր գերակայ սկզբունքներ են ակադեմական ազատութիւնը եւ ճշմարտութեան որոնումն ու սփռումը։
Համալսարանը կը ձգտի պատրաստել մասնագէտներ, որոնք ունենան նաեւ առաջնորդի ունակութիւններ, ծառայելու համար լիբանանահայ եւ լիբանանեան ընկերութեան։
Համալսարանին ազգային ինքնութիւնը եւ աշխարհագրական դիրքը կը պահանջեն, որ ան պահպանէ եւ ջատագովէ իր հայկական եւ միջին-արեւելեան ժառանգութիւնը, համաշխարհային պարունակի մէջ դիտուած։
Հայկազեան Համալսարանը Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ վկայութեան գործնականացած տեսիլքներէն մին է։ Այդուհանդերձ, համալսարանին դռները բաց են ամէն որակաւոր ուսանողի դիմաց, առանց ցեղային, քաղաքացիական եւ դաւանանքային խտրականութեան։
Ակադեմական եւ արտադասարանային ծրագիրներուն ընդմէջէն, Համալսարանը կ՚ընծայէ կրթական բազմաթիւ հնարաւորութիւններ, որպէսզի ամբողջանայ ուսանողներուն ակադեմական, անձնական, ընկերային եւ հոգեւոր կազմաւորումը։
Ուսանողներուն համար պատրաստուած է ընդհանրական կրթութեան, ինչպէս նաեւ մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման ծրագիր։