Հայոց Գիրերը
Հին աշխարհի այբուբեններէն միակը, որուն ծննդաբանութիւնը գրաւոր վկայուած է ժամանակակիցի մը կողմէ,− հայերէ՛նն է, մնացեալներունը՝ փիւնիկերէնի, եբրայերէնի, արամերէնի, յունարէնի, լատիներէնի, ղպտերէնի ու ասորերէնի…կը մնան այսպէս կամ այնպէս անծանօթ:
Այս բացառութիւնը կը պարտինք Մեսրոպի աշակերտներէն Կորիւնին:
Արդարեւ, Մեսրոպի մահէն (440) ետք անոր աշակերտները՝ Յովսէփ կաթողիկոսական տեղապահի գլխաւորութեամբ, խնդրեցին Կորիւնէն, որ շարադրէ Ուսուցչապետի կեանքն ու գործը յաւերժացնող կոթող մը: Ճիշդ չենք գիտեր, թէ ինչո՛ւ անոնք կեդրոնացան Կորիւնին վրայ. ենթադրելի է, որ ան մօտ էր Մեսրոպին ու լաւ կը ճանչնար անոր գործը:
Երկար տատամսելէ ետք,− թէ ինք արժանի չէ նման պատիւի մը,− Կորիւն յանձն կ’առնէ այդ պարտականութիւնը, եւ արդիւնքը կ’ըլլայ համեստ գրքոյկ մը, մօտաւորապէս 50 էջանի, որ հայերէն գրուած առաջին ինքնագիր՝ հեղինակային երկն է եւ ծանօթ է «Վարք Մաշտոցի» անունով:
Այս հատորին մէջ բաւական հետաքրքրական է բուն իսկ գիրերու գիւտին նուիրուած հատուածը, ուր կը պատմուին անոր մանրամասնութիւնները[1]:
* * *
400-ական թուականներու սկիզբը ինչ-որ ըմբոստութիւն մը տեղի կ’ունենայ Միջագետքի մէջ, որ պարսկական տիրոյթ էր: Պարսից արքան կը խնդրէ իր դաշնակիցէն՝ մեր Վրամշապուհ թագաւորէն, երթալ ու խաղաղեցնել այդ շարժումը: Ինչ-որ կը կատարէ Հայոց արքան ու վերադարձին Հայաստանի սահմանամերձ Աղձնիք գաւառի մէջ զինք կը դիմաւորէ ասորի քահանայ մը՝ Աբէլ անունով, որ իրեն կը յայտնէ, թէ ունի Դանիէլ անունով եպիսկոպոս ազգական մը, որ պատահաբար գտած է Հայոց գիրերը:
Վրամշապուհ, յոգնութեան ու աճապարանքի հետեւանքով, չի կրնար պէտք եղած ուշադրութիւնը նուիրել այս անսովոր յայտնութեան եւ առանց որեւէ հակազդեցութեան կը դառնայ մայրաքաղաքը՝ Վաղարշապատ:
Հազիւ այստեղ հաստատուած՝ ան կը նկատէ, որ մեծ անցուդարձեր տեղի կ’ունենան նոյնինքն Վաղարշապատի, իմա՝ Էջմիածնի մէջ: Հայաստանի բոլոր բարձրաստիճան հոգեւորականները հաւաքուած են այնտեղ եւ «աշխարհահոգ խորհուրդ»[2] կ’անցկացնեն: Եւ ահա Սահակ կաթողիկոսն ու Մեսրոպ Մաշտոցը կու գան զեկուցելու արքային, թէ իրենք լծուած են հայոց այբուբեն մը հնարելու գործին:
Այս առթիւ ալ Վրամշապուհ կը յայտնէ Դանիէլի ունեցած գիրերուն մասին:
Այս լսելով՝ Սահակ եւ Մեսրոպ կը խնդրեն թագաւաորէն, որ սուրհանդակ մը ղրկէ Աբէլին ու բերել տայ այդ այբուբենը: Եւ իրօք ալ Վրամշապուհ իր գրասէր նախարարնհրէն մէկը՝ Վահրիճ անունով, յատուկ հրովարտակով մը կը ղրկէ Դանիէլի այբուբենը բերելու:
Վահրիճ կու գայ-կը գտնէ Աբէլը, միասին կ’երթան Դանիէլին քով,− որ յարգալիր կ’ընդունի հայ պատուիրակը,− իրազեկ կը դառնայ անոր ունեցած այբուբենի այլազան հանգամանքներուն ու կը բերէ զայն Վրամշապուհին:
Այս այբուբենը սերտելով՝ Սահակ եւ Մեսրոպ կ’անդրադառնան, թէ ան հայերէնի հետ կապ չունի, կարելի չէ անով հայերէն գրել, այլ խօսքով՝ թերի ու խորթ այբուբեն մըն էր ան՝ յարաբերաբար հայերէնին:
Կորիւն չ’ըսեր, թէ ինչի՛ մէջ կը կայանար այդ այբուբենի թերութիւնը:
* * *
Ճարահատ՝ Մեսրոպ ինք, խումբ մը աշակերտներու գլուխը անցած, կ’երթայ անձամբ կը գտնէ Դանիէլ եպիսկոպոսը, երկար կը խորհրդակցի անոր հետ, մասնաւորաբար կ’ուզէ գիտնալ, թէ ինչո՞ւ Դանիէլ իր ունեցած գիրերը «հայկական» կը կարծէր կամ թէ ճիշդ ի՛նչ գիտէր հայկական հաւանական գիրերու մասին:
Դանիէլ գոհացուցիչ պատասխաններ չի կրնար տալ Մեսրոպի եւ կը յղէ զայն ասորական Եդեսիա մայրաքաղաքը, ուր կային անուանի գիտուններ եւ գոյութիւն ունէր պատկառելի մատենադարան մը, մանաւանդ հմուտ մատենադարանապետ մը՝ Պղատոն անունով, որ թերեւս լուսաբանէր Մեսրոպը:
Մեսրոպի փնտռածը հաւանական հայերէն այբուբեն մըն էր՝ իր համոզումով՝ կորսուած ու տեղ մը թաղուած, եւ ինք անոր է որ կը հետամտէր: Ահա այս մտքով ալ ան կը հասնի Եդեսիա: Կ’այցելէ անոր մատենադարանը, ուր սակայն չի գտներ Պղատոնը, որ իրմէ քիչ առաջ ձգած-հեռացած էր Եդեսիայէն՝ հետը տանելով ինչ -որ գրաւոր աղբիւրներ, որոնց բնոյթին անծանօթ է Կորիւն:
Մեսրոպ տակնուվրայ կ’ընէ Եդեսիոյ մատենադարանը, սակայն ոչինչ կը գտնէ:
Ապա երկար կը շրջի իր ժամանակի բոոր կեդրոնները՝ քիչ անդին Սամոսատի յունական մատենադարանը, աւելի անդին՝ Փիւնիկէի մատենադարանը, կը հանդիպի մինչեւ Պաղեստինեան Կեսարիոյ հռչակաւոր մատենադարանը, բնաւ անհաւանական չէ, որ ան անցած ըլլայ քայլ մը անդին՝ Աղեքսանդրիոյ մատենադարանը եւս. սակայն այս բոլոր դեգերումնրն ու փնտռտուքները ի դերեւ կ’ելլեն, եւ Մեսրոպ հայկական ինչ-որ հին, կորսուած այբուբենի ոչ մէկ հետքի կը հանդիպի:
* * *
Յայնժամ Մեսրոպ, բոլորովին յուսահատ՝ ինչ-որ հայերէն կորսուած գիրեր գտնելու հաւանականութենէն, կ’ապաւինի իր սեփական ուժերուն եւ ի՛նք կ’որոշէ նոր այբուբենին ճակատագիրը՝ բնօրինակ եւ ուղեցոյց ունենալով,− ամենայն հաւանականութեամբ,− Եթովպական Գէեզ կոչուած այբուբենը, որ գեղեցկագոյնն ու ճոխագոյնն էր իր ժամանակին[3], եւ յաջողապէս կը ձեւաւորէ մեր 36 տառերը՝ ըսենք մօտաւորապէս 405–406 թուականին[4]:
Այս մեծ յաջողութեան համար ան ջերմ շնորհաւորանքներ կը ստանայ ասորի հոգեւորականներէն, որոնք անոր կեցութեան ամբողջ տեւողութեան մեծագոյն գուրգուրանքը եւ օժանդակութիւնը ցուցաբերած էին իրեն:
Այնուհետեւ Մեսրոպ կը հաւաքէ իր աշակերտները, որոնք ցրուած էին զանազան դպրոցներու մէջ, ու ճամբայ կ’ելլէ դէպի Հայաստան՝ դէպի Վաղարշապատ, որ այն օրերուն տաս-տասներկու օրուան ճամբայ էր:
Բարի լուրը իրմէ առաջ տեղ կը հասնի, եւ ահա Վրամշապուհ, նախարարներն ու աւագանին՝ միասին առած բարձր հոգեւորականութիւնն ու զօրականները, կ’ուղղուին դէպի Արաքս, Տաբերական կոչուած կամուրջը, ուր կը ժամանէ Մեսրոպ եւս՝ գլխէն վեր յաղթական բռնած Հայոց այբուբենի տախտակը, որ կը շողշողար արեգակի ճառագայթներուն տակ եւ Արարատի փէշերուն:
Ողջագուրումը տեղի կ’ունենայ հոգեպարար շարականներու, երգերու եւ նուագարաններու ուրախ ընկերակցութեամբ:
Կորիւն, որ հաւանաբար ներկայ էր այս հանդիպումին, կը գրէ. «Մովսէսի էջքը Սինայի լեռէն, ուր ան հանդիպած էր Աստուծոյ եւ անկէ ստացած Տասնաբանեայ պատուիրանները, որ հետը կը բերէր իր ժողովուրդին, այնքան խնդալից ու ցնծագին չդիմաւորուեցաւ, որքան Մեսրոպի մուտքը Հայաստան՝ Հայոց տառերու տախտակը ի ձեռին, եւ հանդիպումը իւրայիններուն հետ»:
Ծանօթ.− Կորիւն, հակառակ ջերմեռանդ հաւատացեալ ըլլալուն, չէր վարաներ այսպիսի ծանրակշիռ բաղդատութիւն մը ընելու, քանի որ երբ Մովսէս Սինայի լեռէն՝ Աստուծոյ հետ հանդիպումէ ետք, վերադարձաւ իր ժողովուրդին, ան տեսաւ, որ հրեաները, խելակորոյս ամբոխի վերածուած, ոսկիէ հորթ մը կառուցած էին եւ նուիրուած էին անոր պիղծ պաշտամունքին: Որուն ի տես՝ Մովսէս, մեծապէս յուսախաբ, ծունկերուն զարկաւ աստուածային պատուիրանները կրող կաւէ սուրբ տախտակը ու փշրեց զայն:
Ստորեւ՝ չորս նկար:
1.Այբուբենական այս ցանկը ծանօթ է «Տեկոր»-ի անունով:
Տեկորը հայկական գիւղ մըն է, որ կը գտնուի Կարս քաղաքէն 20 քմ դէպի հարաւ, Արաքսի աջ ափին: 480 թուականին այստեղ կը կառուցուի հոյակապ տաճար մը, որ կանգուն էր մինչեւ 1913-ի երկրաշարժը: Այս տաճարի գլխաւոր մուտքի բարաւորին վրայ կը գտնուէր արձանագրութիւն մը, որ կը հանդիսանայ հայերէն վիմագիր հնագոյն վկայութիւնը: Մեր այս ցանկը կազմուած է այդ արձանագրութ- եան հիմամբ՝ ուղիղ նկարահանումով: Նկատել, որ հիմնականին մէջ մեսրոպեան տառերը գրեթէ անփոփոխ գոյատեւած են աւելի քան 1500 տարի՝ քանի մը աննշան փոփոխութիւններով:
Ծանօթ.− Իսկ ձեռագիր հնագոյն վկայութիւնը կը հանդիսանայ 887-ի Լազարեան աւետարանը:
- Տեկորի Սուրբ Երրորդութիւն տաճարը՝ կառուցուած Յովհ. Ա. Մանդակունի կաթողիկոսի օրով (Ե. դարու վերջին քառորդին):
3.Այս նշանագրային նմուշները առնուած են եգիպտական մեհենագրերու երրորդ եւ վերջին սերունդի տարբերակէն, որ գրաբանութեան մէջ ծանօթ է Demotika անունով, այսինքն՝ ռամկագիր, ժողովրդագիր, եւ կիրարկուած է մօտաւորապէս 8-րդ դարէն (Քա.) մինչեւ 5-րդ դարի կէսը (Քե.):
Այս 12 նշանագրերուն բոլորն ալ կը գտնենք մեսրոպեան այբուբենին մէջ:
4.Եթովպական Գէեզ այբուբենը՝ ձեւաւորուած 320−ականներուն (Քե.):
Իւրաքանչիւր հորիզոնականի սկիզբը կը գտնենք բաղաձայն մը. առաջինը Հ է, մնացեալները` փոքրիկ ձեւափոխումներով, այս բաղաձայնին ու զանազան ձայնաւորներու գումարն են: Ըստ այսմ՝ Գէեզը ունէր 26×7=182 բաղաձայն եւ երկհնչիւն՝ Հ, Հա, Հու, Հի, Հե, Հը, Հո… եւ այլն:
Այս այբուբենը կը նշէր կարգ հնչիւններ, օրինակ՝ ծ, խ, ձ, որ իր ժամանակին միայն հայերէնն ու եթովպերէնը ունէին:
Մեսրոպ այս այբուբենին հանդիպած է հաւանաբար Եդեսիոյ մատենադարանին մէջ, որ շատ սերտ կապեր ունէր Եթովպիոյ հետ: Շատ հաւնած է զայն, եւ անոր ոճով ալ հնարած է իր այբուբենը, որուն տառերէն ոմանք ունին նոյն ձեւն ու նոյն հնչումը ( Ա, Խ, Ծ, Կ, Հ, Ղ, Ն, Ր, Բ…) , ուրիշներ՝ միայն ձեւը (Դ, Մ, Պ, Ո, Ռ, Փ, Ե, Է, Ջ, Ս, Ւ, Ք…):
Յետագրութիւն
Անոնց, որոնք կ’ուզեն աւելի խոր սերտել այս բոլորը, կը թելադրեմ իմ մէկ աշխատութիւնս՝ «Մեսրոպեան տառերու ակունքները», 2005, հրատարակութիւն «Գալուստ Կիւլպենկեան մատենաշար»-ի, Անթիլիասի տպարան, 265 էջ:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
[1] Մեսրոպի գիւտին նոյն դարուն անդրադարձած են նաեւ Մովսէս Խորենացի եւ Ղազար Փարպեցի:
Խորենացի ժամանակակից էր Մեսրոպին եւ անոր աշակերտը, իսկ Փարպեցի իր տեղեկութիւնները քաղած է Աղան Արծրունիէն, որ Մեսրոպի աշակերտն էր եւ Փարպեցիի ուսուցիչը:
Հետագայ դարերուն մեր գրեթէ բոլոր մատենագիրները իւրովի անդրադարձած են գիրերու գիւտին:
[2] Կորիւնի կիրարկած եզրն է այս, կը նշանակէ համաժողով, համագումար:
[3] Ենթադրելի է, որ Մեսրոպ քանի մը տառերու առթիւ օգտուած է նաեւ եգիպտական մեհենագրերու demotika՝ ժողովրդական, բոլորաձեւ տարբերակէն:
[4] Կորիւն կը շեշտէ Մեսրոպի կրած մեծ նեղութիւնները՝ «աղօթքները, տքնութիւնները, արտասուալից պաղատանքները»՝ ուղղուած Ասուծոյ, որ ի վերջոյ կը պարգեւէ անոր այդ բախտը՝ տառերու վերջնական գիւտը, եւ Մեսրոպ «իր սուրբ աջով հայրաբար ծնունդ կու տայ հայերէնի նոր եւ սքանչելի նշանագրերուն»: