Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն Վարժարան
Ինքնութիւն եւ Առաքելութիւն
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, արուեստից դպրոցին հետ միասին, լիբանանահայկական եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական վարժարան է, մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդ պաքալորէայի դասարան:
Վարժարանի նպատակն է զարգացնել իր սաներու անհատականութիւնը հոգեւոր եւ ներդաշնակ եղանակով, հնարաւոր դարձնելով, որ անոնք աճեցնեն եւ ամրապնդեն ինքնակայացման իրենց կարողականութիւնը, վստահութեան եւ սեփական կարողութիւններուն հանդէպ հաւատքի մթնոլորտի մը մէջ: Վարժարանը կ՛առաջադրէ յարմարագոյն միջավայրը իւրացնելու հոգեւոր-կրօնական, բարոյական եւ հայ-լիբանանեան մշակութային արժէքներ, որոնք աշակերտները կարող կը դարձնեն դառնալու ճշմարիտ, հաւատարիմ եւ օրինապահ քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ գործունեայ անդամներ ընկերութեան եւ հայկական համայնքային կեանքին մէջ:
Պատմութիւն
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին պատկանող կրթական երկսեռ հաստատութիւն մըն է՝ մանկամսուրէն մինչեւ Լիբանանեան պաքալորէայի աւարտական դասարանները ընդգրկող բոլոր բաժիններով։
Վարժարանի կրթական ծրագիրները կը կատարուին քառալեզու համակարգի գործադրութեամբ՝ հայերէն, արաբերէն, Ֆրանսերէն եւ անգլերէն։ Վարժարանին կրթական համակարգը կը համապատասխանէ լիբանանեան պետական ծրագրի պահանջներուն, իսկ իբրեւ ազգային եւ քրիստոնէական կրթական հաստատութիւն, էական ուշադրութեան կ՛արժանանայ աշակերտներու հայեցի ու հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնը` հայերէնի, գրականութեան, պատմութեան եւ կրօնագիտութեան դասանիւթերով, ինչպէս նաեւ արտադասարանային զանազան աշխատանքներով եւ հանդիսութիւններով:
Մեսրոպեան վարժարանը հիմնուած է 1939-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգորիս Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին նախաձեռնութեամբ։ Ծնունդ առած է շատ համեստ պայմաններու մէջ եւ տարուէ տարի զարգանալով, վերածուած է լիբանանահայ համայնքի առաջատար կրթական հաստատութիւններէն մէկուն։ Վարժարանի տնօրէններ եղած են Հայ կաթողիկէ Զմմառու միաբանութեան հայրեր՝ Հայր Պօղոս Պզտիկեան (1939-1951), Հայր Պօղոս Արիս (1951-1952), Հայր Մեսրոպ Թերզեան (1952-1958), Հայր Կղեմէս Մալճեան (1958-1961), Հայր Գրիգորիս Կապրոյեան (այժմու Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, 1961-1969), Հայր Մեսրոպ Ճուրեան (1969-1981), Հայր Եղիա Եղիայեան (1981-1992), Հայր Գէորգ Եղիայեան (1992-2001): Ներկայիս տնօրէնն է պարոն Կրէկուար Գալուստ:
Հաստատուած ըլլալով լիբանանահայ համայնքի կարեւորագոյն կեդրոնը համարուող Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ, վարժարանի գործունէութիւնը նշանակելի ազդեցութիւն եւ դրոշմ արձանագրած է 1920-ական թուականներուն Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով Լիբանանի մէջ կեանքի կոչուած հայկական գաղթօճախի ընկերատնտեսական եւ կրթամշակութային կեանքի ձեւաւորման վրայ։
1939 թուականէն սկսեալ տասնեակ հազարաւոր հայ տղաք եւ աղջիկներ շրջանաւարտ եղած են Մեսրոպեանէն, իրենց ուսման ճամբան շարունակելու համար համալսարանական բարձրակարգ հաստատութիւններու մէջ՝ Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս։ Այդ շրջանաւարտներէն շատեր բարձր գնահատանքի արժանացած մասնագէտներ են գործի զանազան ասպարէզներու մէջ, ինչպէս նաեւ գործունեայ անդամներ՝ հայկական ընկերութեան մէջ։
Վարժարանի ուսուցչակազմին կորիզը կը կազմեն համալսարանաւարտ բարձրակարգ մասնագէտներ եւ փորձառու մանկավարժներ, որոնք հետեւողականօրէն կը մասնակցին վերապատրաստման ծրագիրներու` թարմացնելու եւ զարգացնելու համար իրենց մանկավարժական գիտելիքները ։ Վերաորակաւորման նորագոյն աշխատանքները կ՛իրականանան գլխաւորաբար Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ համալսարանին, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանին հետ, վերջինի պարագային՝ հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան:
Աշակերտներու բազմակողմանի զարգացման համար վարժարանը սերտօրէն կը համագործակցի տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ: Մեսրոպեանի աշակերտները կը մասնակցին ֆրանսերէնի DELF քննութիւններուն, արհեստագիտութեան զարգացման STEM միջազգային ծրագրին, աշակերտներու միջ-անձնային յարաբերութիւններու զարգացման Սեն Ժոզէֆ համալսարանի վարժողական ծրագրին, գիտելիքներու խորացման TAMAYYAZ ծրագրին եւ այլն: Դպրոցէն ներս կը գործէ յետ-դասարանային ուսուցման ծրագիր՝ օժանդակելու համար աշակերտներու յառաջադիմութեան:
Վարժարանին մէջ կը գործէ Հոգեւոր վարիչի գրասենեակը, որ գործակցաբար Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, կը հոգայ աշակերտներու հոգեւոր դաստիարակութեան եւ գործունէութեան կարիքները:
Մեսրոպեան վարժարանի ենթակառոյցը գտնուած է շարունակական բարելաւման ընթացքի մէջ: Առանձին մասնաշէնքերու մէջ կը գործեն վարժարանի մանկապարտէզը, նախակրթարանը, երկրորդականի բաժանմունքը Արուեստից վարժարանը՝ բարեկարգ դասարաններով: Վարժարանը ունի մանկամսուր` Ալիս Ներկիզեանի անուան, երկու գրադարան, գիտաշխատանոց եւ 2 լսարան: Վարժարանի երկրորդական դասարանները օժտուած են լսատեսողական միջոցներով, մինչ մանկապարտէզին մէջ կը գործեն interactive board-եր, քայլ պահելով կրթական արդիական մեթոտներուն եւ միջոցներուն հետ:
Գեղարուեստը, մարմնամարզը, սկաուտական աշխատանքները, գեղարուեստական ձեռնարկներու աշակերտներու ներկայութիւնը եւ միջդպրոցական մարմնամարզական եւ դաստիարակչական միջոցառումներու մասնակցութիւնը Մեսրոպեանի մէջ կը դիտուին իբրեւ կրթական համակարգի եւ ուսումնառութեան գործընթացի կարեւորագոյն բաղադրամասեր։ Մեսրոպեանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբն ու “Շուշի” պարախումբը նշանակալի տեղ կը գրաւեն լիբանանահայ մանկակական եւ երիտասարդական գեղարուեստի խումբերուն մէջ: Աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Սուրբ Մեսրոպի Արիներու սկաուտական խումբը: Կը գործէ Մեսրոպեանի շաբաթօրեայ մարմնամարզի եւ գեղարուեստի խմբակներու դասընթացքը, որուն աւարտին իւրաքանչիւր տարի հանրութեան համար կը ներկայացուի յատուկ հանդիսութիւն:
2001-2014 Մեսրոպեանի հարուստ կեանքի հայելին եղաւ վարժարանի ամսաթերթ «Մեսրոպեան Լրաբեր»ը, որ տպագիր հրատարակուեցաւ այդ ժամանակամիջոցին եւ ներկայիս կը հրատարակուի առցանց: Վարժարանը պարբերաբար կը կատարէ տարբեր բնոյթի հրատարակչական աշխատանքներ, որոնց նորագոյններէն էր վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով լոյս տեսած գիրքը: Վարժարանի կայքէջն ու ընկերային ցանցերու լրատուամիջոցները ունին հազարաւոր հետեւորդներ. վարժարանը կանոնաւոր հաղորդագրութիւններով հանրութիւնը կ՛իրազեկէ նորութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին:
Մեսրոպեանի գործունէութեան մէջ կարեւորութեամբ ընդգծելի է անոր օժանդակ մարմիններուն՝ ծնողական յանձնախումբին, Նախկին Սաներու Միութեան եւ աշակերտական խորհուրդներուն ներդրումը:
Մեսրոպեանի մէջ շէնքային պայմաններու բարելաւման եւ ընդհանուր բարեզարդման աշխատանքները կը կրեն հետեւողական բնոյթ: Վարժարանի բակին մէջ կը կանգնի Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած յուշարձանը, որ իւրայատուկ կոթող մըն է համասփիւռքեան չափանիշով։ Անոր կողքին կայ “Հաւատարամութեան Շատրուան”ը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Վարժարանի տեսչական բաժանմունքը, որ կառուցուած էր օրին վարժարանի տնօրէն՝ այժմու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին նախաձեռնութեամբ, 2016-ին կոչուեցաւ անոր անունով:
Տարիներու ընթացքին, Մեսրոպեանի կողքին կանգնած են հայկական, լիբանանեան թէ միջազգային բազմաթիւ բարեգործական հաստատութիւններ, ինչպէս «Գ. Կիւլպենկեան» եւ «Պօղոսեան» հիմնադրամները, World Vision-ը, USAID-ը, CRS-ը, «LINCY» հիմնարկը, Սուրբ Աթոռին ենթակայ հաստատութիւններ, իտալական Պրեշիա քաղաքի DMS Onlus կազմակերպութիւնը, եւրոպական “Alliance Arménienne”ը, “Ռաֆիք” հիմնադրամը եւ այլ մարմիններ։
Անհատ բարերարներուն մէջ առանձնապէս յիշատակելի է անունը պրն. Վարուժ Ներկիզեանին, որուն բարոյական եւ նիւթական նեցուկը էական նշանակութիւն ունեցած է Մեսրոպեանի վերելքին մէջ։
2016-2017 տարեշրջանին Մեսրոպեան Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւն էր 1108, իսկ անձնակազմինը` 153:
Մեսրոպեանի գործունէութիւնը լայնօրէն գնահատուած է լիբանանեան, հայկական եւ հայաստանեան շրջանակներուն մէջ. այդ գնահատանքի արտայայտութիւնն են բազմաթիւ պատուոգրեր եւ մրցանակներ, զորս վարժարանը ստացած է պետական եւ ակադեմական մարմիններէ:
Կրթական Տեսիլքը
Մեսրոպեան վարժարանը իր կրթա-դաստիարակչական ծրագրին միջոցով կը նպատակադրէ կերտել մանուկներու եւ պատանիներու անհատականութիւնը՝ հոգեմտաւոր ներդաշնակութեան սկզբունքին համաձայն, օգնելով անոնց, որ զարգացնեն եւ իւրացնեն իրենց ինքնակայացման կարողութիւնները՝ համագործակցութեան եւ ինքնավստահութեան մթնոլորտի մը մէջ։
Կրթական Դրութիւնը
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի ենթակայութեան տակ գործող Լիբանանահայկական կրթական երկսեռ հաստատութիւն մըն է՝ մանկամսուրէն մինչեւ Լիբանանեան երկրորդ պաքալորէայի աւարտական դասարանները ընդգրկող բոլոր բաժիններով։
Մեսրոպեանը կը համարուի լիբանանահայ մեծագոյն կրթական հաստատութիւնը՝ ընդգրկուած աշակերտներու թիւի տեսակէտէն։ Վարժարանին հանդէպ ծնողներու վստահութեանբ հիմքերը կը դրուին մանկամսուրէն եւ մանկապարտէզէն, որ իրաւամբ ունի նշանակութիւնը ովասիսի մը, հաշուի առնելով Ֆիզիքական յատկանիշները։ Իսկ ներքին իր կառոյցով, Մեսրոպեան մանկապարտէզը կը յատկանշուի յարատեւ զարգացման ձգտող իր ուսուցչական կազմով եւ կրթական ծրագրով։ Փոքրերուն ցոյց տրուող վերաբերմունքը Մեսրոպեան մանկապարտէզը սովորական դպրոցէն կը վերածեն հայկական հարազատ բոյնի մը՝ մտերմութեան եւ գուրգուրանքի մթնոլորտով յատկանշուող։ Մեսրոպեան մանկապարտէզը ունի իր ծառայութիւնները ընդլայնելու եւ զարգացնելու մեծ հեռանկար, մանաւանդ ամբողջութեամբ նոր եւ գերարդիական շէնքի մը կառուցման հաստատուած ծրագրին լոյսին տակ։ Մեսրոպեան մանկապարտէզին մէջ կը հաւատան, որ կրթական գործին իմաստը ոչ թէ ամէն օր բերքը հաշուելն է, այլ ազգին ու հայրենիքին համար նոր հունտեր ցանելը ամէն օր։
Մեսրոպեանի նախակրթարանի բաժինը կը ձգտի աշակերտները տեղադրել հոգեմտաւոր այնպիսի դիրքի մը վրայ, որ լաւագոյնս ծառայէ անոնց ընկերային, զգացական եւ կրթական յաջողութեան։ Անիկա կ՛աշխատի աշակերտներուն հասանելի դարձնել հոգեւոր եւ ընկերային այն արժէքները, որոնցմով յառաջ կը մղուի անոնց Ֆիզիքական եւ հոգեբանական աճը, եւ այդպիսով զարգացուցած կ՛ըլլայ անոնց անհատականութիւնները՝ պատասխանատու քաղաքացիներ դառնալու ճամբուն վրայ։ Առաւել, նախակրթարանը այն վայրը կը դառնայ, ուր աշակերտները կը շփուին տեղեկատուական եւ ուսուցողական արհեստագիտութեանց, որոնք անոնց մէջ կը մշակեն դատողական մտածողութեան եւ բազմազան խնդիրներու լուծման կարողութիւնները։
Միջնակարգ բաժնին մէջ, Մեսրոպեան վարժարանը կը շարունակէ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել աշակերտներու դատողական մտածողութեան զարգացման վրայ, ինչպէս նաեւ ապահովել աստիճանական փոխանցում մը՝ մանկութենէն դէպի հասունութիւն։ Այս բաժնի վերջին դասարանի աւարտին, աշակերտները պատրաստ կ՛ըլլան ներկայանալու իրենց պետական առաջին քննութիւններուն՝ պրէվէին, որ ինքնին կը հանդիսանայ սկիզբ մը՝ ուսման մէջ ապագայի ճիշդ ընտրանքները կատարելու ճամբուն վրայ։
Երկրորդական բաժինին մէջ, Մեսրոպեան վարժարանը կ՛օգնէ աշակերտներուն, որպէսզի աճին իբրեւ հասուն երիտասարդներ՝ հոգեւոր, Ֆիզիքական, զգացական, մտաւոր եւ կրթական պարունակներու մէջ։ Վարժարանի աւարտական դասարաններու այս կարգին մէջ, ջանք ու եռանդ չի խնայուիր, որպէսզի աշակերտները յաջողին Բ. Պաքալորէայի եւ համալսարաններու ընդունման քննութիւններուն։ Մեսրոպեանը միշտ ալ փայլած է այդ քննութիւններուն արձանագրուած յաջողութեան բարձր ցուցանիշներով ինչպէս նաեւ համալսարաններու մէջ գերազանց գնահատանքներու ուսանող իր շրջանաւարտներով։
Առաւելութիւնները
- Յաջողութեան բարձր համեմատութիւն` Լիբանանեան պրէօվէի եւ Բ. պաքալորէայի քննութիւններուն:
- Որակեալ ուսուցչական կազմ:
- Բազմակողմանի զարգացման միտուած ակադեմական ծրագիր:
- Ակադեմական ծրագրին համարկուած արտադասարանային գործունէութեան բազմակողմանի ծրագիր:
- Ուսման յաջորդականութեան ապահովում՝ մանկապարտէզէն մինչեւ Բ. պաքալորէայի դասարան:
- Մանկամսուր՝ ամբողջ օրուայ ընթացքին փոքրիկներու հոգատարութեան համար:
- Ամառնային դպրոցի ծրագիր՝ Ովասիս:
- Արհեստագիտական միջոցներու համարկում՝ կրթական գործընթացին:
- Արտադպրոցական ծրագիրներու մասնակցութիւն՝ աշակերտներու յաւելեալ զարգացման համար:
- Շաբաթավերջի արուեստի խմբակներ:
- Մասնակցութիւն միջազգային քննութիւններու՝ աշակերտներու գիտելիքներու գնահատման եւ զարգացման նպատակով (օրինակ՝ DELF):
- Մասնակցութիւն միջազգային գիտական զարգացման ծրագիրներու (օրինակ՝ STEM):
- Արդիական գիտաշխանոց եւ գրադարաններ՝ ըստ բաժանմունքներու:
- Դպրոցական օրուայ աւարտէն ետք աշակերտներու դասերու ուսուցման եւ ընդհանուր զարգացման ծրագիրներ (Bz Kidz, Փիւնիկ):
- Գործակցութիւն լիբանանեան համալսարաններու հետ՝ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու զարգացման ծրագիրներու համար:
- Ապահով եւ մաքուր միջավայր:
- Ընկերային կեանքի զարգացման ուղղուած միջոցառումներ:
- Ծնողներու եւ դպրոցական համայնքին հետ անմիջականութիւն եւ համապարփակ տեղեկատուութեան ապահովում:
- Ուսուցողական գործընթացի տուեալներու հասանելիութիւն՝ ելեկտրոնային յատուկ հարթակի գործադրութեամբ (eSkool):
- Կարիքաւոր աշակերտներու օգնութեան ֆոնտեր:
- Առողջապահական, ընկերային-հոգեբանական եւ կրթական տարբեր դժուարութիւններու հարթման մասնագիտացուած ծառայութիւններ:
- Արեւելումի գրասենեակ:
- Արհեստից վարժարան (BP, BT, TS եւ տարբեր դասընթացքներ)
- Համապարփակ դաստիարակութիւն՝ ըստ քաղաքացիական, քրիստոնէական եւ հայ մշակութային արժէքներուն: