Հայ Մշակոյթի Շաբաթ՝ Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ
Հովանաւորութեամբ «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի պետական համալսարանի քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան, Կիրակի, 5 Յունիսի կէսօրին, Հալէպի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Մշակոյթի շաբթուան» նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը:
Բացման արարողութեան ներկայ էին առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, Հալէպի պետական համալսարանի ղեկավար դոկտ. Մահէր Քարման, «Պաաս» կուսակցութեան համալսարանի պատասխանատուներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Հալէպի պետական համալսարանի տարբեր ճիւղերու տնօրէններ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ Բերիոյ Հյաոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ։
Հալէպի համալսարանի ղեկավար դոկտ. Մահէր Քարման խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ հայկական մշակոյթին նոր չէ որ կը ծանօթանանք. հայերը արդէն փաստած են իրենց ներկայութիւնը եւ դերը Սուրիոյ մէջ, ապա ան լուսարձակի տակ առաւ հայ-արաբական բարեկամութեան արմատները եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին հայ գիրերու գիւտին, մշակոյթին եւ պատմութեան նուիրուած պաստառներ ու իրեր։
Ցուցահանդէսին բացումէն ետք ներկայացունեցաւ դասախօսութիւն մը Հալէպի բժշկական համալսարանի սրահին մէջ. դասախօսն էր Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան։ Ան ներկայացուց հայ մշակոյթը իր զանազան բաժիններով, ինչպէս՝ պարարուեստը, երաժշտութիւնը, թատրոնը, քանդակագործութիւնը, կերպարուեստը եւ այլն:
Երկրորդ օրուան յայտագիրը ընդգրկեց դասախօսական ձեռնարկ մը։ «Հալէպի պատմութեան շարամանումը հայերու մետաքսով եւ հիւսուածքով» խորագիրը կրող դասախօսութիւնը մատուցուեցաւ մարդկային գիտութիւններու եւ գրականութեան համալսարանի «Էպլա» լսարանին մէջ. զայն ներկայացուց փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի բարեկամական կապերը եւ յայտնեց, որ հայերը Սուրիոյ մէջ ներկայութիւն էին նախքան Ցեղասպանութիւնը, իսկ Ցեղասպանութենէն ետք անոնց թիւը քառապատկուեցաւ:
Այնուհետեւ Գաբրիէլեան անդրադարձաւ յատկապէս Հալէպ քաղաքի բարգաւաճման հայութեան բերած ներդրումին, յիշեց օրինակներ՝ ճարտարագիտական, գիտական, արուեստի եւ արհեստի անազան ոլորտներու մէջ հայերու մուծած առաջատար նորութիւններէն, անդրադարձաւ տեղացի ժողովուրդին կողմէ հայութեան վայելած յարգանքին, հայկական անուններ կրող Հալէպի թաղամասերուն եւ վերջին տասնամեակի Սուրիոյ պատերազմին հայերու մեծ դերակատարութեան:
Մշակութային շաբթուան վերջին օրը, Ճարտարապետութեան համալսարանին մէջ իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կազմակերպող կողմին երիտասարդական թատերախումբը՝ ստուերով թատրերգութիւն մը ներկայացնելով, Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի, Համազգայինի Էսդրատային նուագախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ տոքթ. Րաֆֆի Ապէճեանի, ապա արաբերէն երգերով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Վահէ Յովհաննէսեան:
Ձեռնարկներու այս շարքը առիթ հանդիսացաւ արաբ ուսանողներուն ներկայացնելու հայ մշակոյթի հարստութիւնները: