Հայ Մշակոյթի Շաբաթ՝ Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ

Հայ Մշակոյթի Շաբաթ՝ Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ Հովանաւորութեամբ «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի պետական համալսարանի քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան, Կիրակի, 5 Յունիսի կէսօրին, Հալէպի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Մշակոյթի շաբթուան» նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը: Բացման արարողութեան ներկայ էին առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, Հալէպի պետական…

Երբ Անգլիական «Բապ»ը Կը Վերածուի Հայկական Առաջնորդարանի

Երբ Անգլիական «Բապ»ը Կը Վերածուի Հայկական Առաջնորդարանի Իւրաքանչիւր երկիր ունի իր մշակութային իւրայատկութիւնը եւ կենցաղը: Կենցաղն ու ապրելակերպ կը հանդիսանան երկրի մը բնութագիրը, պիտակը: Իւրաքանչիւր երկիր, ուր այցելեմ, կը տեսնեմ այս իւրայատկութիւնները եւ անոնց միջոցով՝ մարդոց ապրելակերպը: Ճիշդ-սխալի եւ կամ լաւ-վատի հարց չկայ: Պարզապէս կան աշխարհի մշակութային եւ կենցաղային տարբեր սովորութիւններ եւ արժէքներ, որոնք կը…

Լոյս Տեսաւ Տենիս Փափազեանի From My Life and Thought Հատորը

Լոյս Տեսաւ Տենիս Փափազեանի From My Life and Thought Հատորը ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատան Հայկական շարքը լոյս ընծայած է Տենիս Փափազեանի յուշագրական From My Life and Thought: Reflections on an Armenian-American Journey հատորը: Փափազեան հիմնադիր վարիչն էր Միշիկընի համալսարանի Տիրպորնի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին: Հատորէն օրինակ մը ապսպրելու համար այցելել www.abrilbooks.com կամ https://naasr.org կայքերը: