Հայ Տոհմանուններ. Պատմական Հետազօտութիւն
1937 թուականին Իսթանպուլի մէջ «Մշակոյթ» գրատան հրատարակչութենէն լոյս կը տեսնէ «Հայ տոհմանուններ» խորագրով պատմական հետազօտութիւն մը: Հրատարակիչները նման հետազօտութեան անհրաժեշտութիւնը կը բացատրեն Թուրքիոյ մէջ մականուններու զործածութեան անհրաժեշտութեամբ, նշելով, որ այդ անհրաժեշտութենէն բխելով ալ, Թուրք Պատմութեան հետազօտիչ միութեան այդ ժամանակ արդէն հանգուցեալ նախագահը՝ Եուսուֆ Ագչուրա (1876-1935թթ.) տարիներ առաջ փափաք յայտնած էր ուսումնասիրել հայկական մականուններու ծագումը: Հայ մասնագէտները գոհացում տուած են այդ փափաքին, համոզուած ըլլալով, որ ԵուսուՖ Ագչուրա մեծ համարում ունէր հայ միտքին վրայ եւ օգտակար կը նկատէր թուրք եւ հայ յարաբերութեանց ուսումնասիրութիւնը:
Տոլմապահչէի պալատին մէջ խումբ մը հայ մտաւորականներ ընդունելով, Եուսուֆ Ագչուրա կը յայտնէր, թէ հայերը Թուրքիոյ մեջ ապրող միւս տարրերէն աւելի իւրացուցած են թուրք մշակոյթն ու լեզուն, եւ կը փափաքէր ուսումնասիրել հայկական աղբիւրները, որոնք թանկագին տեղեկութիւններ կը պարունակեն եւ կրնան մեծ լոյս սփռել երկու ժողովուրդներու յարաբերութեանց վրայ:
Թուրք Պատմութեան հետազօտիչ միութեան նախագահին փափաքին արդիւնքն է 1937 թուականին տպագրուած այդ աշխատասիրութիւնը, որ առաջին քայլը կը կազմէր աւելի լայն գործունէութեան մը, հայկական ուրիշ աղբիւրներու ուսումնասիրութեան, որոնք կապ ունին թուրք մշակոյթին հետ եւ որոնց բովանդակութիւնը ցարդ անծանօթ մնացած է թուրք մտաւորականութեան: Հրատարակիչները «Հայ տոհմանուններ» գիրքին նախաբանին մէջ գրած են նաեւ հետեւեալը.
«Հայ ժողովուրդը դարերով թուրք ժողովուրդին հետ կողք կողքի ապրած ըլլալով, ուրիշներէ աւելի ճանչցած, սերտած է թուրքը՝ իր մասնակցութեան բաժինը բերելով մշակութային կեանքին: Ա՛յս պատճառով է, որ թուրք մտաւորականութիւնը եւրոպական աղբիւրներէն աւելի կարեւորութիւն կու տայ հայկական աղբիւրներուն, եւ կը փափաքի ծանօթանալ եւ օգտուիլ անոնցմէ:
«Հայոց մականուններու ուսումնասիրութիւնը առիթ մը եղաւ, որ պրպտենք հայկական աղբիւրները եւ տեղեկանանք, թէ անսպառ գանձեր կը պարունակեն անոնք: Համոզուած ըլլալով որ անոնց թարգմանութիւնը կոչուած է հսկայական օգուտներ ապահովելու, դասաւորեցինք զանոնք, իրենց կարեւորութեան համաձայն, կարգով թարգմանելու եւ ծանօթացնելու համար:
«Իր այժմէականութեան պատճառով նախապատուութիւն տուինք հայոց մականուններու ուսումնասիրութեան, որուն թուրքերէնն ալ մամուլի տակ կը գտնուի:
«Յաջորդ երկերուն մեջ ընթերցողը պիտի տեսնէ, թէ հայկական աղբիւրները որքա՛ն առատ հարստութիւն կը պարունակեն թուրք եւ հայ յարաբերութիւններու մասին»:
Հրատարակիչները նաեւ այն դիտարկումը կատարած են, որ ուսումնասիրութիւնը, իր տեսակին մէջ առաջինն ու միակը (1937-ի տուեալներով) ըլլալով, անշուշտ զերծ չէ թերութիւններէ: Աշխատութեան մասնակցած են հետեւեալ մարդիկ.
Հրաչեայ Աճառեան. Ան մասնաւորաբար ծանրացած է եան մասնիկի ծագման գործածութեան վրայ, եզրակացնելով թէ զուտ պարսկական ծագում ունի ան:
Աստուածատուր Խաչատուրեան եան մասնիկը ուսումնասիրած է երեք տարբեր ուղղութեամբ եւ հակառակ Հրաչեայ Աճառեանի կարծիքին՝ կ՚ըսէ, թէ հակառակ ձեւի եւ իմաստի նոյնութեան, լեզուաբանօրէն դեռ չէ պարզուած, թէ ի՛նչ յարաբերութիւն կայ հայկական եւ պարսկական եան-երուն միջեւ:
Բացի երեւանեան այս երկու հեղինակութիւններէն, ուրիշ հեղինակութիւն մը՝
Կ. Պասմաճեան ոսկեդարեան պատմիչներու վկայութեան դիմելով կը յայտնէ, թէ եան-ի գործածութիւնը ծանօթ էր հայերուն, որոնք զայն փոխառած էին հին ուրարտեան արքայիկներեն:
Գարեգին Մանուկեան (Գ. Հնասէր) աշխատութեան մէջ բոլորովին տարբեր ուղղութիւն մը ընդգրկելով, ուսումնասիրած է հայ տոհմանուններու վերջաւորութիւնն ու անոնց ձեւափոխումները, իր ուսումնասիրութեան կցելով նաեւ զանազան երկիրներու մէջ հայոց կողմէ գործածուած մականուններու յատկանշական ցանկ մը:
Սուրէն Շամլեան տոհմանուններու ծագումը քննած է ընկերային ու պատմական տեսակէտով՝ մանրակրկիտ վերլուծումի ենթարկելով, նախաքրիստոնէական, քրիստոնէական ու նորագոյն շրջաններու մէջ հայ ժողովուրդի ընկերային կենցաղը, ընտանեկան յարաբերութիւններն ու տոհմանուններու գործածութիւնը:
Թորոս Ազատեան հին հեթանոսական ու նախաքրիստոնէական շրջաններէն սկսելով քննած է հայ տոհմանուններու տեսակները՝ բաղդատած է հին տոհմանուններն ու արդի մականունները, եզրակացնելով, թէ եան եւ այլ մասնիկներով վերջացող մականունները ժողովրդական խաւերու մէջ աւելի ընդհանրացած են միջին դարերէն սկսեալ: Յետոյ առանձնապէս ուսումնասիրած է նաեւ եան վերջաւորութեան լեզուական արժէքը:
Այս բացատրութիւններէն կը հասկցուի, թէ վեց աշխատակիցներ իրարմէ բոլորովին տարբեր ուղղութեամբ պրպտումներ կատարելով, տակաւին 1937 թուականին, Պոլսոյ մէջ ամբողջական ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած են տոհմանուններու եւ մականուններու մասին:
Հրատարակիչները նման գիրք մը լոյս ընծայելով, համոզում մը յայտնած են, որ հանրութեան քաջալերութիւնը խթան մը պիտի ըլլայ նոր թափով եւ աւելի ընդարձակ ծրագրով շարունակելու թուրք եւ հայ ժողովուրդներու մշակութային փոխադարձ յարաբերութիւններու պրպտումն ու ծանօթացումը:
Եւ աշխատութեան աւարտին, Թորոս Ազատեան այբբենական կարգով դասաւորած է ամենէն շատ գործածական հայկական մականունները, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ.
Աբգարեան
Աբեղականք
Աբեղացիք
Աբեղեան
Աբեղենիք
Աբովեան
Աբրահամեան
Աբրահամունք
Ագաթանգեղոս
Ագար
Ագըլլեան
Ագթարեան
Ագկիւլեան
Ագոնց
Ագորտէզ
Ագրակցի
Ադամեան
Ազատեան
Ազատենց
Ազատ օղլու
Ազնաւորեան
Աթանագեղ
Ալան
Ալեանաքեան
Ալթըն
Ալթըփարմաքեան
Ալթունեան
Ալիս
Ալիքսանեան
Ալլահվէրտի
Ալփասլան
Ախաեան
Ակեան
Ակինեան
Ակնեցի
Ակնցի
Ակոբեան
Ակոբկիլլէր
Ակոբճան
Աղաեան
Աղբանեցի
Աղձնեաց
Աղուորիկեան
Աճառեան
Աճէմեան
Աճէմի
Աճէմպալեան
Ամասիացի
Ամատունի
Ամիրաեան
Ամիրենց
Ամսեան
Այանի
Այգեկցի
Այժմեան
Այլաբերեցի
Այոց
Այվազեանց
Այվազովսքի
Այտնեան
Այրարատեան
Անգարացի
Անթառամեան
Անթէպլի
Անթօնէլլի
Անկեան
Անձեւացեաց
Անձեւացիք
Անյաղթ
Անտօնեան
Աշոտեան
Աշտիշատեցի
Ապահունեաց
Ապաճը օղլու
Ապառաժեան
Ապիրատ
Ապուչեխցի
Ապտալեան
Ապտուլլահ
Ապրաամովիչ
Ապրօ
Ապրօեան
Աջատար
Առաքելով
Ասատուր
Ասատուրեան
Ասլանեան
Աստապատցի
Աստուածատուրեան
Ասքանազեան
Ասքէրեան
Ատոնց
Ատիլեան
Ատրուշան
Արահեղացի
Արամեան
Արայ
Արապաճեան
Արապեան
Արապօղլու
Արարատեան
Արարատով
Արարատսքի
Արեւեան
Արեւելեան
Արեւելցի
Արզուեան
Արէպի
Արէտ
Արիոսեան
Արծկեցի
Արծրունեան
Արծրունեաց
Արծրունի
Արղութեանց
Արղութինսքի
Արճիշեցի
Արմէնեան
Արշակունեաց
Արշարունեաց
Արշարունի
Արշաւիրեան
Արշակունի
Արունպէրան
Արչազ
Արսլանեան
Արսլան օղլու
Արտակունի
Արտաշէսեան
Արտաշիսական
Արտաշիսեան
Արտաշիրեան
Արտաւազդեան
Արտաւանեան
Արփիարեան
Աւագեան
Աւագով
Աւարայրեան
Աւետիքեան
Աքէմինեան
Բագրատունեան
Բագրատունեաց
Բագրատունի
Բազմագլխեան
Բաժեան
Բալուեան
Բալուցոնց
Բասգուալէ
Բասենոյ
Բասմաջեան
Բասքալի
Բարձրբերդցի
Բարունի
Բարսեղեան
Բերդակալեան
Բերդեան
Բզնունեաց
Բէգզադէ
Բէլիբարիուս
Բէհրութեանց
Բէրսիանի
Բժշկեան
Բիէթրօ
Բինկեանեան
Բիւզանդ
Բիւզանդացի
Բիւրակնեան
Բիւրատեան
Բրգնիքցի
Գաբեղեան
Գաբիթեան
Գազազ
Գազազեան
Գազանճեան
Գազրիկեան
Գալէմքեարեան
Գալընեան
Գալֆայեան
Գախազ
Գամպուրեան
Գամպուր օղլու
Գայսէրլի
Գանձակեցի
Գապասագալեան
Գասապեան
Գասապ օղլու
Գասպարենց
Գավուգճուեան
Գարագաշ
Գարագաշեան
Գարագօչ
Գարագօչեան
Գարաեան
Գարակէօզեան
Գարակիւլեան
Գարանֆիլեան
Գարաչան
Գարջոյլեան
Գարտաշեան
Գաֆէճեան
Գեղունիք
Գետադարձ
Գիէխունի
Գինեպանեան
Գիշերուկ
Գիւղեան
Գիւտեան
Գլանիկ
Գնաճեան
Գնունի
Գործեան
Գուզուքէպապեան
Գուլագեան
Գումգաբուցի
Գույումճեան
Գունեան
Գուշպօղանեան
Գուրուպալըգեան
Գրասէրեան
Գրեան
Գրիգորեան
Գրիգորենք
Գօճապըյըքեան
Գօշ
Գօչեան
Գօչունեան
Դանիէլեանց
Դաստակեան
Դարեան
Դաւթեան
Դերձակեան
Դէլեանեանց
Դէլեանով
Դըւնեցի
Դիմաքսեան
Դշխոյեան
Դուրեան
Դպիրեան
Եազըճեան
Եաղմուրեան
Եանէսքու
Եանէվիչ
Եավէր
Եդեսիացի
Եզեան
Եէտիպէլաեան
Եըլտըզեան
Եիւզպաշեան
Եկեղեցպանեան
Եղիազարեան
Եղիազարենց
Եղիշէ
Եուանէսքու
Եուսուֆ
Եուսուֆեան
Եպիսկոպոսեան
Երեւանենց
Երզնկացի
Երիցանց
Երկանեան
Երկթեւեան
Երկոքեան
Երուանդեան
Երրորդեան
Եւթնփորակեան
Եօզկատլը
Եօթնեան
Զատաեան
Զատէեան
Զարդարեան
Զարիֆեան
Զարմեան
Զարպհանէլի
Զաւրագլխեան
Զաքարովսքի
Զէյթունցեան
Զէքի
Զիլլի
Զիմառացի
Զիւմպիւլեան
Զուրնաճի
Զօհրապենք
Զօրագլխեան
Էլմաեան
Էլմասեան
Էլմասխաթունկիլ
Էլֆազի
Էճզաճի
Էմինեան
Էմինէսքու
Էյրէթի
Էնկին
Էնկիւրլիւ
Էնտամի
Էրզրումցեան
Էքմէքճի
Էքմէքճիպաշը
Էօքսիւզեան
Էօքսիւզ օղլու
Թաթարեան
Թաթար օղլու
Թէլլալեան
Թէյեան
Թէոդորոսի որդի
Թէրզեան
Թէրզի
Թէրզոնց
Թէր Քուքասով
Թէրսխանացի
Թէքէեան
Թըրթըլ
Թիլքիեան
Թիրեաքեան
Թիւրքէր
Թղթեան
Թնկր
Թոռունեան
Թորակալ
Թորգոմեան
Թորոսեանց
Թուլկուրանցի
Թուրվանտակիլ
Թուրքայ որդի
Թօմպուլեան
Թօփալ
Թօփալեան
Թօփհանէլի
Թօփճիպաշը
Թօփուզեան
Թօքաթլեան
Ժամանակեան
Ժողովուրդեան
Իզմիտլեան
Իմաստագեղ
Ինկիլիզեան
Ինճէեան
Ինճիճեան
Իննակնեան
Իսէվի
Իսիգուց
Իսրայէլեան
Իրանեան
Իւանովիչ
Իւզիւմեան
Իւզիւմեէմէզեան
Իւթիւճեան
Լաբչինճեան
Լազարէֆ
Լազարովիչ
Լալաեանց
Լեհացի
Լեռենց
Լեւոնեան
Լեւոնի
Լէյլէկեան
Լիմօնճեան
Լիուպով
Լիօնի
Լուսարարեան
Լուսաւորիչ
Լուսաւորչեան
Լուսինեան
Լօքմակէօզեան
Խալդեան
Խալֆա
Խամպէկ
Խաչատրեան
Խասգիւղցի
Խարբութլեան
Խիւտավէրտեան
Խիւտավէրտի
Խնամունց
Խոզեան
Խոյեան
Խոսրոենց
Խորդեան
Խորենացի
Խորխոռունեաց
Խորխոռունի
Խորոզեան
Խուլ
Խուլթիկցի
Խուռնավիլցի
Խրիմեան
Խօճենց
Խօճէնց
Խօրասան
Խօրասանճեան
Խօրասանճի
Ծաղիկեան
Ծերենց
Ծովիկեան
Ծոփաց
Ծռվիզեան
Կազեան
Կալաթալը
Կալաթացի
Կաղզուանցի
Կայեան
Կայծակն
Կանաչեան
Կարագեան
Կարապեան
Կարապետեան
Կարբեցի
Կարեան
Կարենեան
Կարինեան
Կարմիրեան
Կարսեան
Կեչառեցի
Կէլիպօլեան
Կէտաեան
Կէրմիրցի
Կէօզիւպէօյիւքեան
Կէօզսիւզեան
Կէօչէօղլու
Կըկըռիկեան
Կիլիկեան
Կիսեան
Կիւլեան
Կիւլէրեան
Կիւլմէզեան
Կիւլպէկ
Կիւլպէնկեան
Կիւլպէնկ օղլու
Կիւմիւշեան
Կիւրինլեան
Կիւրճեան
Կոլոտ
Կողբացի
Կողմեան
Կոստանդեան
Կոստանեան
Կորեան
Կորեկեան
Կորիւն
Հազարապետեան
Հալէպլեան
Համազասպեան
Համամճեան
Համասպեան
Համատանցի
Հայկազեան
Հայկազնեան
Հայկեան
Հայրիկեան
Հանգստեան
Հանէսօղլուեան
Հանըմեան
Հապէշեան
Հասկաքաղ
Հասանղալէցի
Հարենց
Հարմակ
Հացկատակեան
Հերացի
Հերեան
Հէլէբլու կամ
Հէլէպլի
Հէքիմ
Հէքիմեան
Հինդլեան
Հիւնքեարպէյէնտեան
Հիւպատեան
Հմայեակեան
Հնասէր
Հնչակեան
Հոլաթեւեան
Հողոցմեցի
Հոռեան
Հովեան
Հովիւեան
Հռիփսիմեան
Հռիփսիմեանց
Հրազդան
Հրանդ
Հօրօլօկիարուս
Ձիւնականեան
Ղազարեանց
Ղօնչէկիւլեան
Ղարիբեան
Ճամուզեան
Ճեպիտէլիքեան
Ճերմակեան
Ճէհէննէմվէրտիվէնի
Ճրագեան
Ճօսլին
Մագասճեան
Մագիստրոս
Մազերեանց
Մազերով
Մալախովսքի
Մակաբեան
Մահկեր
Մաղխազունեան
Մամգոն
Մամգոնեան
Մամիկոնեան
Մամկոնենոց
Մամիկոնէից
Մամիկոններին
Մանազկերտացի
Մանանդեան
Մանաւազեան
Մանավազեան
Մանավազներին
Մանդակունի
Մանկունի
Մաննացի
Մանուէլեան
Մանուկեան
Մանունեայ
Մանօեան
Մասիթաց
Մատաթեան
Մատաթով
Մատթէոսեան
Մարամօրուշ
Մարաշլեան
Մարգարենք
Մարզուանեան
Մարթաեան
Մարկոսեան
Մարմարեան
Մարուգով
Մարտիրոսի որդի
Մարքիէվիչ
Մելգումենց
Մելիքեան
Մոկացի
Մոշեան
Մորթեան
Մունճուսունլու
Մուշեան
Մուշեղեան
Մուրատբէգեան
Մուսաբէգեանց
Մուրատշահեան
Մօսկօֆեան
Մօրուքեան
Յակոբեան
Յակոբենց
Յարութիւնեան
Յովհաննէս
Յովհաննէսեան
Յովսէփենց
Նազար
Նազարեան
Նազարէնսքի
Նալբանդեանց
Նալեան
Նախարարեան
Նահապետ
Նաղաշ
Նամի
Նանասով
Նարդեան
Նարեկացի
Նարեկեան
Նաւասարդեան
Ներբողեան
Նէրիմանեան
Նիկողայոսեան
Նիկողոսեան
Նիհատի
Նոխազեան
Նոշիրական
Նորատունկեան
Նուպար
Նուպարեան
Նուրեան
Նուրիջան
Նուրլուեան
Նուրհան
Նօխուտեան
Նօվա
Շաբաթեան
Շահին Գայա
Շահինենց
Շահին կիլ
Շահին կիլլէր
Շահինշահ
Շահմուրատեան
Շահումեան
Շահպարոնեան
Շահպարոնեանց
Շահպարոնենց
Շահրիման
Շամլեան
Շապանեան
Շապանենց
Շապան օղլու
Շապուհոյ որդի
Շէճիի
Շէպին Ղարահիսարլը
Շէրպէթեան
Շէքէրճեան
Շիրակացի
Շիրակունի
Շիրինեան
Շիրվանզատէ
Շղթայակիր
Շնորհալի
Շնորհք
Շնորհքեան
Շնչեան
Շօռօթեցի
Ոսկան
Ոսկեդաբեան
Ոսկիեան
Որդունիք
Որդունւոց
Ուզանպերան
Ուզունեան
Ուղուրլեան
Ուղուրլու
Ումուտեան
Ուսէփկիլլէր
Ուտեան
Ուտիեան
Ուրարտեան
Ուրծայ
Չամիչեան
Չամչեան
Չայեան
Չավուշեան
Չարշըլը
Չերազ
Չէրքէզեան
Չէրքէզ օղլու
Չիգի
Չիչէկեան
Չնարեան
Չնքուշեան
Չորեքեան
Չորթանեան
Չպլաքեան
Չօպանեան
Չօրլուեան
Պաթիֆօլ
Պաթմանեան
Պալատցի
Պալեան
Պալգեան
Պալթաեան
Պալունեաց
Պահթիարեան
Պահլաւ
Պահլաւեան
Պապաեան
Պապակեան
Պապեան
Պապիկեան
Պապկունի
Պապուկ
Պասմաճեան
Պատեան
Պատմիչ
Պարթեւ
Պարթեւազեան
Պարոնեան
Պաւղոսեան
Պեդասեան
Պետրոսեան
Պզտիկեան
Պէզէսթէնլի
Պէզճեան
Պէկեան
Պէկօղլիցի
Պէյազեան
Պէշիկթաշլեան
Պէշիկթաշլը
Պէշիկթաշցի
Պէպութօֆ
Պէռենք
Պէտան
Պէտանեան
Պէտանօֆ
Պէտխուեան
Պէրպէր
Պէրպէրեան
Պէօրէկեան
Պըյըքեան
Պըյըքլեան
Պըյըքլիու
Պիլէզիկճեան
Պիտար
Պիւլպիւլ
Պիւլպիւլեան
Պոլսեցի
Պուլութեան
Պուրնուքէսիկեան
Պուրնօթիճի
Պուրունսուզեան
Պուրսալեան
Պուրսալը
Պրուսացի
Պօլպօլճի
Պօղոսեան
Պօյնուէյրի
Պօնճիպօնճի
Պօշկէզէնեան
Ջալալբէգեանց
Ջալալեանց
Ջանատայ որդի
Ջուլհաեան
Ջուղայեցի
Ջունդ
Ջունդեան
Ռշտունեան
Ռշտունեաց
Ռշտունի
Ռօքոսեան
Սաբէլեան
Սալլանթեան
Սալհունի
Սալպաշեան
Սահաթճի
Սահակայ որդի
Սահակեան
Սահակիէվիչ
Սամաթիացի
Սամանճեան
Սամուէլեան
Սայլապազեան
Սանզա
Սանզախոյչ
Սանտալճի
Սապահկիւլեան
Սապօնճեան
Սասանեան
Սարարատեան
Սարգիսով
Սարեան
Սարրաֆ
Սաֆար
Սեբաստացի
Սելճուգեան
Սեղբոսեան
Սեպուհեան
Սետեֆինեան
Սերկեան
Սեւեան
Սէթեան
Սէթեանց
Սէլիսի
Սէրբօս
Սէֆէրեան
Սըվազլը
Սթամպօլեան
Սթամպօլցի
Սիպիլ
Սիպիլեան
Սիւնեաց
Սիւնեցի
Սիւնի
Սիւնիք
Սմբատեան
Սոկրատեան
Սուլթանեան
Սունդուկեան
Սուպհի
Սսեցի
Սվաճեան
Սրմաքէշ
Սրովբէեան
Սրուանձտեան
Սօֆճի
Վալիտէեան
Վահեւունեաց
Վահէվահեան
Վահրամ
Վաղորդեան
Վանանդեցի
Վանեցի
Վանլեան
Վանցեան
Վառած փատ
Վասակայ որդի
Վատնեան
Վարազտիրոցեան
Վարդանեան
Վարդանենց
Վարդապետեան
Վարդեան
Վարդերեսեան
Վարդուհեան
Վարժապետեան
Վէզիրեան
Վկայասէր
Վշտասպի
Վրացեան
Տագրեան
Տաթեւացի
Տամատեան
Տայունց
Տանաեան
Տանիլովիչ
Տասնապետեան
Տատեան
Տարապհանացի
Տէլիպօղոսեան
Տէհրի
Տէմիրճեան
Տէմիրճիպաշը
Տէյիրմէնճեան
Տէվկանց
Տէտէեան
Տէր Ղուկասեանց
Տէրենց
Տէրունի
Տէրտէրեան
Տէօտաթթի
Տիլ աչար
Տիլպէր
Տիլսիզեան
Տիրայր
Տիրաց
Տիրացուեան
Տիւզ
Տիւզեան
Տիւզ օղլու
Տնտեսեան
Տոհմունի
Տուտուկիլ
Տօլմաճի
Տօմինօ
Տօմուզեան
Րէմզի
Փալամուտեան
Փախստեան
Փաշաեան
Փառազեան
Փառնաւազեան
Փարթամեան
Փարպեցի
Փաւստոս
Փափազեան
Փափազ օղլու
Փէհլէվի
Փէշտիմալճեան
Փէքմէզ
Փիլաւեան
Փիլաֆճի
Փիլիպպոսեան
Փիշմիշեան
Փշտասփեան
Փոսպըյըքեան
Փորթուգալ
Փորթուգալեան
Փոփովիչ
Փոքուզեան
Փչըմրրիկեան
Փչիկեան
Քաուչչի
Քառակերպեան
Քավորենք
Քարեան
Քարենց
Քացախեան
Քեաթիպեան
Քերթող
Քէլէշեան
Քէլէշ օղլու
Քէլինց
Քէշիշեան
Քէշիշ օղլու
Քէչեան
Քէրէսթէճի
Քէօլէեան
Քէօմիւրճեան
Քէօրօղլուեան
Քիւթահեալը
Քիւլհանճի
Քիւչիւքեան
Քիւրտեան
Քիւրտիստանցի
Քիւրքճիխանլը
Քղեցեան
Քղեցոնց
Քուշնէր
Քուչակ
Քուչակեան
Քուքասօֆ
Քրիզանթէմ
Քրիստոսեան
Օխտը պէլա
Օղլանեան
Օնպաշեան
Օտապաշեան
Օրագեան
Օրբէթացիք
Օրբէլեան
Օրբէլեանց
Օրբուլք
Օրմանեան
Ֆաթին
Ֆիլիպօս
Ֆնտգեան
Ֆրէնկեան
Ֆրիկ
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս