Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն – (ՄԿՀ) նախկին երկրորդական գիշերօթիկ վարժարան, Նիկոսիա, Կիպրոս:
Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը սփիւռքահայ կեանքէն ներս մեծ աւանդ ունեցած երկրորդական երկսեռ վարժարան էր մինչեւ 2005 թուականը:
Հիմնուած ազգային բարերարներ՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելքոնեան եղբայրներու կողմէ, 78 տարիներու ընթացքին բարձր մակարդակի ուսում պարգեւած ու դաստիարակած է մօտ 40 երկիրներէ ժամանած հայ պատանիներ:
15 Փետրուար 1924-ին հիմնաքարը կը դրուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան, Նիկոսիայէն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բլրակի մը վրայ։ Աշխատանքները կը սկսին եգիպտահայ ճարտարապետ՝ Կարօ Պալեանի նախագիծին հիմամբ: Համալիրը կը համախմբէ զոյգ եռայարկ դպրոցական շէնքեր, բարերարին մենատունը, հիւանդանոց, ուսուցիչներու բնակարաններ, 35 մեթր բարձրութեամբ ջրամբար, խոհանոց, լուացարան, բաղնիք, մառան, արհեստանոց, մեքենատուն ու գոմ:
Շինարարական աշխատանքները կ’աւարտին 1926-ի Դեկտեմբերին: 1926 Փետրուարին բացումը կը կատարուի տղոց, իսկ Մայիսին՝ աղջկանց շէնքերուն:
Շնորհիւ Պոլսոյ Պատրիարք՝ Զաւէն Եղիայեանի ազգանուէր աշխատանքին, 1926 Սեպտեմբերին Մեծ Եղեռնի հետեւանքով որբացած հազարաւոր հայորդիներէն 150-ը բախտը կ’ունենան հաւաքուելու այս նորակառոյց որբանոցին մէջ, վերատեսչութեամբ Զաւէն Պատրիարքին եւ տնօրէնութեամբ Լեւոն Թաշճեանի:
1927-ին բացումը կը կատարուի մատենադարանին ու ընթերցասրահին: Նոյն տարին կը կազմուի Հաստատութեան երգչախումբը խմբավարութեամբ Բարսեղ Կանաչեանի:
Աւելի ուշ կը կառուցուին նաեւ մարզադաշտեր, հովոց, տպարան եւ օժանդակ շինութիւններ:
1928-ին տեղի կ՚ունենայ Ա. դաշտահանդէսը (մարզահանդէս), որ աւանդութեան վերածուելով կը շարունակուի տասնամեակներ շարունակ:
1930-ին Հաստատութիւնը կու տայ իր առաջին շրջանաւարտները:
1934-ին, դպրոցին կրթական աստիճանը նախակրթարանէն կը բարձրացուի երկրորդական վարժարանի, ու կը բացուի վարժապետանոցը, տեսչութեամբ Վահան Թէքէեանի, որուն կը յաջորդէ Պօղոս Գէորգեան:
1937 Ապրիլին կը հրատարակուի «Այգ» տարեգիրքը, որ որոշ ընդհատումներով (1981-1993), կը շարունակուի մինչեւ 2004: 1938-ին կը հիմնուի «ՄԿՀ Արիներ» սկաուտական խումբը:
Նոյն տարին կը բացուի առեւտրական ուսմանց բաժինը:
1940 Մարտին, Կիպրոսի կառավարութիւնը Մելգոնեանը կը ճանչնայ որպէս երկրորդական վարժարան:
1950-ին կը հիմնուի Արենուշական շարժումը:
1952-ին, Կիպրոսի եւ Լիբանանի մէջ կը նշուի Հաստատութեան քսանհինգամեակը:
1955-ին բացումը կը կատարուի բարերարներու դամբարանին (ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեան, քանդակագործ՝ Լեւոն Մուրատօֆ), ուր կ՚ամփոփուին բարերար եղբայրներուն աճիւնները:
1956-ին Մելգոնեանի սաները կը սկսին մասնակցիլ անգլիական GCE քննութիւններուն. 1963-ին ՄԿՀ կը դառնայ նոյն քննութիւններու պաշտօնական կեդրոն:
1974-ին թրքական արշաւանքին հետեւանքով, Մելգոնեանի տարածքին ու շէնքերուն վրայ կ’իյնան ռումբեր, հասցնելով նիւթական մեծ վնասներ:
1983-ին խումբ մը մելգոնեանցի սաներ կ՚այցելեն Հայաստան, հրաւէրովը Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին:
1984-ին հիմը կը դրուի «Հայ Մշակոյթի Շաբաթ»ուայ տօնակատարութիւններուն, որոնք կը յարատեւեն մինչեւ 1993: 1986-ին, Հաստատութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւան, Աթէնք եւ Լոս Անճելըս, հանդսաւորապէս կը նշուի ՄԿՀ վաթսունամեակը:
1986-ին կը վաճառուի դպրոցի քառորդ տարածքը (62,189 քառակուսի մեթր): Վաճառքի նպատակը եղած է այդ գումարը ներդնել նոր մասնաշէնքի մը, գոց մարզադաշտի մը եւ առեւտուրի կեդրոնի մը շինարարութեան: Առեւտուրի կեդրոնէն առաջացած եկամուտը նեցուկ պիտի կանգնէր դպրոցին, թեթեւցնելով անոր տնտեսական դժուարութիւնները: Վերջին տարիներուն, այդ Կեդրոնէն ստացուած վարձքերը բաւարար էին նիւթապէս պահելու համար դպրոցը:
1986 Հոկտեմբերին, Հաստատութեան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Պր. Սեպուհ Աբգարեանին, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի հրաւէրով կ՚այցելէ Հայաստան, ուր 10 համերգներ կու տայ Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
1989-ին կ’աւարտին գիշերօթիկի նոր մասնաշէնքերուն, ուսուցչաց բնակարաններուն եւ գոց մարզադաշտին շինարարական աշխատանքները:
1996-ին հանդիսաւորապէս կը նշուի ՄԿՀ 70ամեակը:
1998 Յունիսին լոյս կը տեսնէ «Հայեացք» քառալեզու ամսաթերթին առաջին թիւը:
2004 թուականի Մարտ 16-ին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իրեն յատուկ պատճառներով որոշում կու տայ փակելու դպրոցը: Այդ տարին դպրոցը ունէր մօտ 250 աշակերտ:
2004 Մարտ 17-ին, Հաստատութեան դարպասներուն մօտ տեղի կ՚ունենայ բողոքի ցոյց, ի դէմ Հաստատութիւնը փակելու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն-ի որոշման:
2004 Մարտ 24-ին, Կիպրոսի Խորհրդարանը միաձայն քուէարկութեամբ կը մերժէ ՄԿՀ փակումը:
2004 Ապրիլ 2-ին, Կիպրոսի Ներքին Գործոց Նախարարութեան քաղաքաշինութեան բաժանմունքը, առաջքը առնելու համար Մելգոնեան կալուածի հաւանական վաճառքին ու ձեւափոխումին, զոյգ շէնքերը կը հռչակէ «ազգային ժառանգութիւն», իսկ որբերուն ցանած պուրակը՝ «կանաչ գօտի»:
2004 Մայիս 27-ին, Հաստատութեան ուսուցիչներն ու պաշտօնեաները գործադուլ կը յայտարարեն, բողոքելով փակման որոշումին դէմ:
2005 թուականի Յունիսին, 78 տարիներ շարունակ, «նահատակուած մեր ցեղին տալով զաւակներէն լաւագոյնը ու բարին», Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը՝ «Տաճարն սրբանուէր թանկագին» կը մարէ լոյսերը «ճշմարտութեան, բարիին»…, ազգին ու հայրենիքին տուած ըլլալով 1650 շրջանաւարտներ (ներառեալ 2006-ի ու 2007-ի շրջանաւարտները), որոնք իրենց ուսումը կ՚ամբողջացնեն American Academy-ին մէջ: