ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ԳԻՐՔԻ, ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԵՒ ԼԵԶՈՒԻ ՓՈՇՈՏ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Բազմանուն մակդիրներով սոսկ ծագումով հայ ըլլալու տանող փապուղիի վրայ խուփ աչքերով կ’ընթանանք: Դէպի ո՞ւր եւ ի՞նչ ընելու: Վերջնական կայանները պիտի կրեն ծանօթ-անծանօթ երկիրներու եւ քաղաքներու անուններով «հայութիւններ». լեհահայ, թրքահայ իսպանահայ, լիբանահայ, ֆրանսահայ, ամերիկահայ, չինահայ, ապուխտի պէս շերտելով իւրաքանչիւր ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը: Շերտելով նաեւ շերտերը, բազմապատիկ անուններով, ինչպէս հալէպահայ, պոլսահայ, մարսիլիահայ, արդէն լոսանճելըսահայ, նիւեորքահայ, իրլանտահայ, Ալասքահայ…: Պիտի գայ օր, երբ այդ շերտերուն մէջ որոնում ընող գիտնականներ պիտի ըլլան, տեւաբար գիւտը ընեն նորերու: Շերտեր, շերտեր: Այսօր կա՞յ բանգէտ մը, որ ըսէ, թէ ի՞նչ է արդէն անոնց թիւը:
Բարեկամ մը գիրքեր բերաւ, մոռցուած- մոռցուող գիրքեր: Անոնցմէ մէկուն կողքին վրայ գրուած էր՝
ԹՐՔԱԼԵԶՈՒ ՀԱՅ ԱՇՈՒՂՆԵՐ (օսմանեան կայսրութիւն 16-20րդ դարեր
ԽԱՉԻԿ ԱՄԻՐԵԱՆ 196 էջ): Համացանցը ըսաւ՝ լոյս տեսած 1993ին, Փարիզ:
Հիմա ալ ունինք այլալեզու գրողներ, երգիչներ, բանաստեղծներ, ինչպէս որ եղած են թուրքալեզու աշուղներ:
Եւ կը ծափահարենք: Ի՞նչ բան եւ ինչո՞ւ, միամտացածի ո՞ր փառքի համար:
Գիրքի: էջ 1-ի վրայ մէջբերուած էր Ղազարոս Աղայեանի խօսքը. «Մեծ սխալ ենք գործում, երբ մի աշըղի հայերէն խաղերը հաւաքում, տպում ենք, իսկ նրա թուրքերէն խաղերը զանցառութեան տալիս, այս միեւնոյնն է, թէ Պոլսի «Մասիս»ը հայկական լրագիր համարենք, իսկ «Մանզումէ»ն ոչ, միայն նրա համար որ «Մասիս»-ի լեզուն հայերէն է, իսկ «Մանզումէ»ինը՝ թուրքերէն»: Այսօր այդ տաղտուկը չկայ. բազմաթիւ լեզուներով թերթեր կը հրատարակենք, բոլորն ալ կը համարենք հայկական, նոյնիսկ օտարալեզու հրատարակութիւնը՝ նախամեծար:
Թերթատեցի գիրքը եւ ինքզինքս գտայ քանի մը հանգուցաւոր հարցերու դիմաց:
Թրքալեզու աշուղական երգը, նոյնիսկ հայատառ, ինչպէս որ կայ գիրքին մէջ, որպէս բանաստեղծութիւն, մաս կը կազմէ՞ հայ գրականութեան, հայկական ժառանգութեան:
Ընդհանրապէս, օտար լեզուներով հայերու գրական ստեղծագործութիւնները, որո՞ւ մշակութային գանձարանին մաս կը կազմեն: Ուիլիըմ Սարոյեանը անթաքոյց հայ էր, անոր ամերիկերէն գրականութիւնը, նոյնիսկ համեմուած հայերէն անուններով, ամերիկեան գրական ժառանգութեան մաս կը կազմէ: Գրական աշխարհի մէջ Ուիլիըմ Սարոյեանի անունը եւ հռչակը հայուն հպարտութիւն կը պատճառեն, բայց… Այդպէս է նաեււ Հանրի Թրուայայի կամ Շարլ Ազնաւուրի եւ որիշներու պարագային: Հայածնունդի օտարալեզու ստեղծագործական նուաճումը «բարենիշ» է մեր ժողովուրդի ինքնասիրութեան, փայփայանք, աւելցուցէ՛ք նաեւ՝ հայու պատշաճելու կարողութեան, զինք ընդունած ժողովուրդին-ժողովուրդներուն հանդէպ երախտագիտութեան, քանի որ ան կրցած է հարազատ միջավայրէն դուրս, հիւրընկալ երկրի մէջ, նոյնիսկ օտարի տիրապետութեան տակ, ինքզինք իրականացնել որպէս անհատ, ոչ որպէս ազգի իրաւ ժառանգորդ եւ շարունակութիւն: Միշտ հարց պէտք է տալ, որ հայերու օտարալեզու ստեղծագործութիւնը, բացի անկէ որ կը շոյէ մեր ինքնասիրութիւնը, որո՞ւ ազգային-մշակութային ժառանգութեան մաս կը կազմէ, իսկ անոնց անուններով եւ գործով հպարտանալ մակերեսայնութիւն է եւ տեղատուութեան հետ հաշտեցում: Այս մօտեցումը անոնց անհատական արժէքի թերագնահատում չէ, այլ՝ ժառանգութեան ճիշդ հասցէագրում՝ որ կը վերաբերի տիրութեան, հարազատութեան, առանց անհատի ազգային ըմբռնումները եւ զգացումները անտեսելու եւ ստորագնահատելու:
Հայածնունդի «օտարալեզու գրականութիւնը», նոյնիսկ հպարտառիթ, արտայայտութիւն է նահանջի եւ պարտութեան, դիմագիծի եւ խորքի կորուստի, այդպէս են նաեւ օտարալեզու հայկական մամուլը, համաժողովները, գիտաժողովները: Միշտ պէտք է յիշել Մուշեղ Իշխանի իմաստութիւնը, որ «հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն, ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ»: Ի՞նչ կը մնայ, երբ կորսուած կ’ըլլայ «հարազատ»-ը: Կը մնայ բեմերէ եւ քաղաքական ճառերէ բացակայ նախորդ դարու մոռցուած հայ մեծ գրող Վիգէն Խեչումեանի դառն իրատեսութիւնը: Ան ըսած էր. «Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:
Լեզուն ինքնութիւն է, բառերու եւ ձայներու կոյտ չէ:
Թրքալեզու աշուղներու հայատառ թրքերէն բնագիրը եւ եւ անոնց հայերէն թարգմանութիւնը դրուած են կողք կողքի: Աշխատանքը կատարուած է վերծանելու եւ հայացնելու ճիգով: Բայց այդ տաղերու վերծանման մէջ մնացած է թրքական շունչը, անոնց կը պակսի հայկական զգացողութիւնը: Այս մասին յստակ խօսք ըսած է ֆրանսացի իմատասէր Լէոն Պրէօնշվիկ. «Բառերու ժառանգութիւն, գաղափարներու ժառանգութիւն» (héritage de mots, héritage d’idées): Չկայ գաղափարը, ուստի չկայ ինքնութիւնը:
Հայ մարդու ականջին ի՞նչ կ’ըսեն արագիլը, կռունկը, cigogne, grue, լէյլէկը: վերջին երեքը կը խօսին թռչուններու մասին, պատկերներու, իսկ անոնց համապատասխան հայերէնները ինչե՜ր կը թելադրեն հայուն, այդ բառերով զգացումներ, գաղափարներ, պատմութիւն կը ստանանք, եւ բառը կը դադրի սոսկ ձայն ըլլալէ:). Ֆրանսերէն կամ անգլերէն, թրքերէն թարգմանութեամբ ըսէք, գրեցէ՛ք կամ երգեցէ՛ք «կռունկ ուստի կու գաս», ֆրանսացին, ամերիկացին եւ հայը անտարբեր պիտի մնան, այդ թռչուններու օտար անունները գաղափար եւ զգացում չեն փոխադրեր հայու միտքին եւ հոգիին, մինչդեռ հայերէնով անոնք կը խօսին եւ կը պատմեն:
Հայուն ըսէք «Կռունկ», ան պիտի աձագանգէ, եթէ արդէն օտարուած չէ, եւ պիտի շարունակէ «…ուստի կու գաս… Հայ լեզուին, բառին եւ խօսքին հետ կը ստացուի հարազատութիւնը: Օտարալեզու գիրը եւ խօսքը կը նմանին վարձու սենեակի, հիւրանոցի սենեակի, անոնք «տուն» չեն : Հայու Տուն լեզուն» միշտ յարձակման թիրախ եղած է, նաեւ մեր մեղսակցութեամբ, ինչ որ մեր ամէն բնոյթի նահանջներուն մեկնակէտն է, ընթացքը: Եւ հայու միտքն ու ինքնութիւնը հոսած են եւ կը շարունակեն հոսիլ այլութեան աւազաններու մէջ: Չեն ոռոքեր հայութիւնը: Հետեւա՞նքը: Ի՞նչ ոռոքած են թրքալեզու աշուղները: Ամէն կարգի նոյնաձեւ նահանջները եւ պատշաճեցումները եղած են եւ են այլասերման եւ օտարման (aliénation) փափուկ անկողին:
Թրքալեզու աշուղներ օտարախօս եւ օտարագիր հայեր, ամէն գոյնի, որպէս գործնապաշտ ներկայացողներ, հաւաքաբար պատասխանատու են մեր պարտութիւններուն:
Օտարալեզու գիրի, գրականութեան եւ մամուլի համար մսխուած եւ մսխուող ճիգը եւ ներդրումները եթէ գործածած ըլլայինք եւ գործածենք հարազատութիւնը տանելու իւրաքանչիւր հայուն, անոր յարկին տակ, աւելի հզօրացած կ’ըլլայինք:
Միթէ՞ անկարելի է հոսանքին դէմ երթալ եւ վերականգնիլ:
Եթէ այսօր չանդրադառնանք աղէտին եւ չկազմակերպենք վերականգնումը, վաղը այդ անկարելի պիտի ըլլայ:
Ինչո՞ւ չունինք իր անուան արժանի լեզուի համազգային քաղաքականութիւն, որ ազգի համրանքի հոգեբարոյական պաշտպանութիւնը առաջնորդէ:
Հայ հարազատ մտաւորականութիւնը, առանց տուրք տալու անմիջականին, քաղաքական-տեսական աղմկակարարութեան, գերանցելով զանոնք, պէտք է լուսաբանէ զանգուածը եւ զայն առաջնորդէ այս իրա՛ւ ինքնապաշտպանութեան շարժման ըմբռնումով: Մնալու եւ շատանալու ցանկութեան եւ ճառին իրաւութեան խորք տալով:
Միթէ՞ սփիւռք(ներ) եւ Հայաստան չենք տեսներ եւ չենք հասկնար, որ չենք վտանգուած միայն հեռուի եւ մօտի դրացիներու անբարեացակամութեամբ, այլ նաեւ ու մանաւանդ մեր բազմերես պատեհապաշտութեամբ, թեթեւսոլիկութեամբ: Լեզուի պաշտպանութեան քաղաքականութեան ծաւալումը իսկական ինքանպաշտպանութեան կռիւ է, զոր պէտք չէ շփոթել անմիջականի կարկտաններու հետ եւ չբաւարարուիլ կիսամիջոցներով: Այս կ’ըլլայ առանց ճապկումներու, ազգային իրաւ յանձնառութիւն եւ քաղաքականութիւն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Ի՞նչ կրնանք սպասել առանց հոգեբարոյական զրահի ռազմաճակատ ղրկուած զինուորէն:
Ղեկավարութիւնները, միշտ բազմաթիւ, կրնա՞ն ըլլալ ԻՐԱՒ, չգոհանալ «բարձընտիր» եւ «կոչունք»-ային ըլլալով, եւ հայերէն խօսքն ու գիրը տանիլ իւրաքանչիւր հայածնունդի յարկին տակ: Այս՝ տոկալու տեւելու, իրաւունք պաշտպանելու եւ հուսկ ՝յաջողելու, ազգի վերականգնումի անշրջանցելի գրաւականն է:
Որպէսզի հայերը չդառնան սոսկ «ծագումով» բազմանուն մակդիրներով հայեր:
Կրկին մտածեցի Լիբանանի մուսալեռցի-այնճարցի հայ գիւղացիի իմաստութեան մասին: Գիւղը ծայրամաս էր: Դրացի երկրէն բաժանման պատ եւ փշաթել չկային: Կար լեռ մը: Գիւղացիին հարցուցի, թէ ո՞ւ ր կ’աւարտի Լիբանանը, ո՞ւր կը սկսի Սուրիան: Ան ըսաւ. «Երբ անձրեւէ, ջուրին հոսած կողմը կը ճշդէ սահմանը»:
Ի՞նչ է այն հոգեբարոյական սահմանագիծը , որմէ անդին հայը կ’ըլլայ ծագումով հայ:
«Թրքալեզու աշուղներու» տաղերու թարգմանութիւնը կարդացի բարձրաձայն, ոչինչ զգացի, բառեր կային, կը բացակայէր հարազատի թրթռացումը, քանի որ զգացում եւ յուզում չէին շաղուած հայերէն բառ ու խօսքի մէջ, հայու ինքնութիւն եւ գաղափար չէին ձուլուած նոյն աւազանին մէջ:
Չեմ արտագրեր թրքալեզու հայ աշուղներէն տողեր: Ափսո՜ս անոնց մսխուած տաղանդին… եւ այսօր ալ մսխուող տաղանդներու, այլ տեղեր հոսող անձրեւի ջուրերուն պէս:
Ա՛յս՝ սփիւռք(ներ) եւ Հայաստանի վերջին յոյսի բեկոր՝ Հանրապետութիւն:
Ե՞րբ գիրքեր պիտի գրենք անգլիագիր, ֆրանսագիր, գերմանագիր, արաբագիր, չինագիր, եւ աշխարհի բոլոր լեզուներով գրող հայածնունդներու մասին: Քանի որ «համաշխարհային ազգ ենք» եւ «ամէն տեղ հայ կայ»… Կը մտած՞նք ամէն տեղ չըլլալու եւ միայն մեր լեզուով մտածելու, գրելու եւ երգելու մասին, որպէսզի…
Որպէսզի ոչ միայն պատշաճեցումներով եւ հրաժարումներով մեծ կամ պզտիկ յաջողութիւններ ունենանք, այլ ըլլանք հարազատ եւ ուղիղ:
Չըլլանք կիսուած ե՛ւ մանրուած…սփիւռք(ներ) ե՛ւ Հայաստանի վերջին յոյսի բեկոր՝ Հանրապետութիւն:
Եթէ Համազգային բարձրամակարդակ ազգային գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ կազմակերպութիւն չյառաջացնենք, սփիւռքեան «համայնք»-ները պիտի զարգանան որպէս առանձին միաւորներ, ընդելուզուելով իրենց շրջապատին, մէջ, լեզուով, մշակոյթով եւ բարքերով, ժամանակն ալ պիտի ընէ այնպէս՝ որ համայնքը համարուի տեսակ մը ազգ: Անոր մշակոյթն ալ պիտի զարգանայ տեղական լեզուներով, ինչ որ արդէն արագօրէն տեղի կ’ունենայ: Թերեւս օր մը, ինչպէս կը խօսինք թրքալեզու աշուղներու մասին, պիտի խօսուի արաբալեզու, ֆրանսալեզու, գերմանալեզու, յունալեզու եւ այլ լեզուներով աշուղներու կամ այդպէս բաներու մասին:
Միթէ՞ այս հարցով համահայկական խորհրդաժողով մը, առանց դասական հանգամանաւորներու, պերճանք կ’ըլլայ:
Կը նայիմ «սփիւռքի Տարուան», Հայ Պետութեան եւ անոր Լեզուի Տեսչութեան ուղղութեամբ: Սփիւռքի նախարարութիւնն ալ չկայ, որ լսուելու փորձ ընեմ:
Յ. Պալեան
«Հայրենիք»