Ներսէս Շնորհալիի 850-ամեակի առթիւ

Զանազան առիթներով յիշուեցաւ թէ այս տարի կը նշենք հայ հոգեւոր գրականութեան մեծանուն բանաստեղծ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի 850-ամեայ յոբելեանը։
Այդ յոբելեանի ծիրէն ներս յաճախ յիշուեցաւ նաեւ անոր հեղինակած «Առաւօտ Լուսոյ» շարականը։ Ան յաղթահարած է բազում դարերու աւերիչ ազդեցութիւնը եւ յաջողած է պահել ամուր այժմէականութիւն։ Անոր այժմէականութեան մասին կը յիշեմ ապրում մը, որ փոխանցած էր լուսահոգի մայրս՝ Սիրանոյշ Էսդուգեան, երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի հետ կատարած ուխտագնացութենէ մը վերադարձին։ «Այդ գիշեր լուսաբացէն շատ աւելի կանուխ դուրս եկանք հիւրանոցէն եւ հանրաշարժներով բարձրացանք լերան լանջն ի վեր։ Որոշ բարձրութենէ մը ետք ճամբան անանցանելի էր ինքնաշարժներուն համար։ Ուստի սկսանք ոտքով մագլցիլ լերան կողը։ Ի վերջոյ հասանք տարածք մը, ուր նշմարելի էին Նեմրութ լերան չաստուածներու հսկայ քանդակները։ Առաւօտուայ այդ ժամուն բաւականին ցուրտ էր Նեմրութի գագաթը։ Այդ մասին նախապէս զգուշացուած ըլլալով մեր հետ ունէինք վերարկուներ եւ անոնց փաթթուած սպասեցինք լուսաբացը։
Երկար սպասումէ ետք, երբ յանկարծ նշմարուեցաւ արեւի առաջին շողերը, այդ պահուն լսելի դարձաւ նաեւ Շնորհք Պատրիարքի խռպոտ բայց կուր ձայնը, որ կ՚աւետէր «Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար։ Առ իսկ լոյս ծագեայ։» Այդ առաջին տողէն ետք դպիրները եւ մենք ուխտաւորներս մեր ձայները խառնեցինք Շնորհք Պատրիարքի աղերսին»։
Ենթադրաբար, երեւակայութեամբ պատկերացուցած էի այդ պահը, եւ համոզուած թէ մարդու կեանքի ամենաշեշտուած ապրումներէն մէկը ըլլալու է ան։ Աշխարհասփիւռ հայ մամուլի անուանի եւ անխոնջ գրաքննադատ Արմենակ Եղիայեան նախորդ օրերուն համացանցի իր հետեւողներուն մատուցեց այս շարականի ամբողջական պատճէնը, իր կողքին յաւելելով անոր աշխարհաբար թարգմանութիւնը։ «Այս բացառիկ ստեղծագործութիւնը, որ աղօթք մըն է միաժամանակ, հազար տարի լուսաւորած է մեր ազգին միտքն ու հոգին եւ անսայթաք առաջնորդած է մեզ։
Այսօր, աւելի քան երբէք ազգովին՝ պետական այրերէն մինչեւ յետին ռամիկն ու շինականը, ծերն ու երիտասարդը անխտիր, պէտք ունինք անոր լոյսին»։
Արմենակ Եղիայեանի յորդորը ու հաստատումը կը բաժնենք արտատպելով շարականի ամբողջութիւնը։
ԱՌԱՒՕՏ ԼՈՒՍՈՅ
Առաւօտ լուսոյ,
Արեգակն արդար,
Առ իս լոյս ծագեա:
Լուսաւո՛ր առաւօտ,
Արդար արեգա՛կ,
Իմ վրաս լոյս ծագեցուր:
Բըղխումն ի Հօրէ,
Բըղխեա ի հոգւոյս
Բան քեզ ի հաճոյս:
Հօրմէ՛ բխած,
Բխեցուր հոգիիս մէջ
Խօսք` քեզի հաճելի:
Գանձդ ողորմութեան,
Գանձիդ ծածկելոյ
Գըտող զիս արա:
Գա՛նձդ ողորմութեան,
Ծածուկ գանձիդ
Գտնո՛ղն ըրէ զիս:
Դուռն ողորմութեան
Դաւանողիս բաց,
Դասեցո վերնոցն:
Ողորմութեան դուռը
Դաւանողիս առջեւ բա՛ց,
Դասէ՛ վերիններուն հետ:
Երրեակ միութիւն,
Եղելոց խնամող,
Եւ ինձ ողորմեա:
Եռեա՛կ միութիւն,
Արարածները խնամո՛ղ,
Ինծի՛ ալ ողորմեա:
Զարթիր, Տէր, յօգնել,
Զարթո ըզթմրեալս,
Զուարթնոց նըմանիլ:
Զարթի՛ր, Տէ՛ր, օգնելու,
Արթնցուր թմրածները,
Որ հրեշտակներուն նմանին:
Էդ Հայր անսկիզբն,
Էակից Որդի,
Է միշտ սուրբ Հոգի:
Անսկի՛զբ է Հայրը,
Գոյակի՛ց է Որդին,
Է միշտ Սո՛ւրբ Հոգին:
Ընկալ զիս, գըթած,
Ընկալ, ողորմած,
Ընկալ, մարդասէր:
Ընդունէ՛ զիս, գթա՛ծ,
Ընդունէ՛, ողորմա՛ծ,
Ընդունէ՛, մարդասէ՛ր:
Թագաւոր փառաց,
Թողութեանց տուող,
Թող ինձ զյանցանս:
Թագաւո՛ր փառքերու,
Թողութիւններ տուո՛ղ,
Ներէ ինծի յանցանքներս:
Ժողովող բարեաց,
Ժողովեա եւ զիս
Ժողովս անդրանկաց:
Ժողովո՛ղ բարիքներու,
Ժողովէ եւ զի՛ս
Առաջիններու ժողովին մէջ:
Ի քէն, Տէր, հայցեմ,
Ի մարդասիրէդ,
Ինձ բժշկութիւն:
Քեզմէ կը հայցեմ, Տէ՛ր,
Մարդասէրէ՛դ,
Ինծի բժշկութիւն:
Լեր կեանք մեռելոյս,
Լոյս խաւարելոյս,
Լուծանող ցաւոյս:
Եղիր կեա՛նք` մռեալիս,
Լո՛յս` խաւարեալիս,
Վերացնո՛ղ` ցաւերուս:
Խորհրդոց գիտող,
Խաւարիս շնորհեա
Խորհուրդ լուսաւոր:
Խորհուրդներու՛ գիտակ,
Խաւարիս շնորհէ
Խորհուրդ լուսաւոր:
Ծնունդ Հօր ծոցոյ,
Ծածկելոյս ստուերաւ
Ծագեա զլոյս փառաց:
Հօր ծոցի ծնո՛ւնդ,
Ստուերով ծածկուածիս վրայ
Ծագեցու՛ր լոյսը փառքերուդ:
Կենարար փրկիչ,
Կեցո զմեռեալս,
Կանգնեա զգլորեալս:
Կենարա՛ր փրկիչ,
Ապրեցու՛ր մեռնողս,
Կանգնեցո՛ր գլորուողս:
Հաստեա հաւատով,
Հաստատեա յուսով,
Հիմնեցո սիրով:
Ամրացուր հաւատքով,
Հաստատէ յոյսով,
Հիմնէ սիրով:
Ձայնիւս աղաչեմ,
Ձեռօքս պաղատիմ,
Ձիր բարեաց շնորհեա:
Ձայնովս կ’աղաչեմ,
Ձեռքերովս` կը պաղատիմ,
Բարիքներու պարգեւը շնորհէ:
Ղամպարամբ լուսոյ,
Ղեկավար ճարտար,
Ղօղեալս1 ամրացո:
Լուսաւոր ջահովդ,
Ճարտա՛ր առաջնորդ,
Լողորդս փրկէ1
Ճառագայթ փառաց,
Ճանապարհ ինձ ցոյց,
Ճեպել2 ի յերկինս:
Ճառագա՛յթ փառքի,
Ճանապարհ ցոյց տուր ինծի`
Փութալու դէպի երկինք:
Միածինդ հօր,
Մոյծ զիս յառագաստ
Մաքուր հարսանեացդ:
Հօր միածինդ,
Մտցո՛ւր զիս առագաստը
Մաքուր հարսանիքիդ:
Յորժամ գաս փառօք
Յահագին աւուրն,
Յիշեա զիս, Քրիստոս:
Երբ որ գաս փառքով
Ահեղ դատաստանի օրը,
Յիշէ՛ զիս, Քրիստո՛ս:
Նորոգող հնութեանց,
Նորոգեա եւ զիս,
Նորոգ զարդարեա:
Նորոգո՛ղ հնութիւններու,
Նորոգէ՛ զիս ալ,
Նորով3 զարդարէ:
Շնորհատու բարեաց,
Շնորհեա զքաւութիւն,
Շնորհեա զթողութիւն:
Շնորհատո՛ւ բարիքներու,
Շնորհէ՛ քաւութիւն,
Շնորհէ՛ թողութիւն:
Ուրախացո, Տէր,
Ոգւոյս փրկութեամբ,
Ոյր վասն4 եմ ի սուգ:
Ուրախացո՛ւր, Տէ՛ր,
Հոգիիս փրկութեամբ,
Որ սուգի մատնած է զիս:
Չար մշակողին,
Չար սերմանց նորին
Չորացո զպըտուղն:
Չար մշակողին,
Անոր չար սերմերուն
Պտուղը չորցո՛ւր:
Պարգեւիչ բարեաց,
Պարգեւեա իմոց
Պարտեացս թողութիւն:
Պարգեւի՛չ բարիքներու,
Պարգեւէ իմ
Պարտքերուս թողութիւն:
Ջուր շնորհեա աչացս,
Ջերմ հեղուլ զարտօսր,
Ջնջել զյանցանս:
Ջո՛ւր շնորհէ աչքերուս,
Որ ջերմ արցունք հեղեն՝
Ջնջելու յանցանքներս:
Ռետինդ5 քաղցու,
Ռամ6 հոգւոյս արբո,
Ռահ ցոյց ինձ լուսոյ:
Քաղցր հոյզովդ
Ռամիկ6 հոգիս յագեցուր,
Լուսաւոր ուղի ցոյց տուր ինծի:
Սէր անուն Յիսուս,
Սիրով քով ճըմլեա
Սիրտ իմ քարեղէն:
Սէր անուն Յիսուս,
Սիրովդ ճմլէ
Իմ քարացած սիրտս:
Վասըն գըթութեանդ,
Վասն ողորմութեանդ,
Վերստին կեցո:
Շնորհիւ գթութեանդ,
Շնորհիւ ողորմութեանդ`
Վերստի՛ն ապրեցուր:
Տենչալւոյդ տեսլեամբ
Տուր ինձ յագենալ,
Տէր Յիսուս Քրիստոս:
Տենչալիիդ տեսքով
Ձգէ ինծի յագենալ,
Տէ՛ր Յիսուս Քրիստոս:
Րաբունդ երկնաւոր,
Րոտեա զաշակերտս
Րամից երկնայնոց:
Ուսուցի՛չ երկնաւոր,
Աշակերտդ միացուր
Երկնայիններու երամին:
Ցօղ արեան քո, Տէր,
Ցօղեա ի հոգիս,
Ցընծասցէ անձն իմ:
Արիւնիդ ցօղը, Տէ՛ր,
Ցօղէ՛ հոգիիս մէջ,
Որպէսզի ցնծայ անձս:
Իիւծեալըս մեղօք
Իիւծեալ աղաչեմ,
Իիւսել ինձ բարիս:
Մեղքերէն հիւծածս
Հիւծեալ կ’աղաչեմ`
Հիւսէ՛ մէջս բարին:
Փրկիչ բոլորից,
Փութա զիս փրկել
Փորձութեանց մեղաց:
Փրկի՛չ բոլորի,
Փութա՛ փրկել զիս
Փորձութիւններու մեղքերէն:
Քաւիչ յանցանաց,
Քաւեա զօրհնաբանս՝
Քեզ երգել զփառս:
Քաւի՛չ յանցանքներու,
Քաւէ՛օրհնաբանող(ի)ս(մեղքերը)`
Քեզի փառք երգելու: