Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը (բ./գ. մաս)
ԵուԹիուպ
Քորոնա ժահրի ինքնարգելափակման ամէնէն խիստ օրերը զուգադիպեցան քրիստոնէական ամէնէն խորհրդաւոր տօներուն՝ Ծաղկազարդին ու Ս. Զատկուան. այս իմաստով, ծաղկեցաւ պատարագներուն եւ պաշտամունքներուն առցանց հասանելիութիւնը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքը, ԵուԹիուպ-ի վրայ իր արդէն իսկ կայացած Cilicia TV-ի ճամբով, ուղղակի կը սփռէ Մայրավանքին կիրակնօրեայ պատարագները։ Cilicia TV-ն, որ ունի նաեւ իր դիմատետրի էջը, մայրավանքի առցանց կայանն է, որ պարբերաբար եւ ըստ հարկին կը սփռէ Աստուածաշունչի, սաղմոսներու եւ աղօթքներու ընթերցումներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Կաթողիկոսարանի լուրերը եւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամները ։ Քորոնա ժահրին ստեղծած կացութեան հետեւանքով, կայանը կը ստանձնէ նաեւ եկեղեցական արարողութիւններուն առաւելագոյն չափով հաւատացեալներուն հասանելի դարձնելու առաքելութիւնը։ Նոյն առաքելութեան կը լծուին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին։
Արեւմտահայերէնի առցանց ներկայութեան օգտաշատ ծրագիրներէն մէկը պոլսահայ եւ հայաստանաբնակ Սարին Աքպաշին ԵուԹիուպ-ի նախաձեռնութիւնն է՝ «Աթոռ Անահտայ»։ Աքպաշ կը գրէ, որ ալիքին նպատակն է արեւմտահայերէնը ներկայացնել նորարար ու արդի ոճով եւ լեզուական գիտելիքները հասկնալի, համակարգուած, դիւրամատոյց եւ ժամանակակից կերպով հասցնել այս լեզուով հետաքրքրուող հանրութեան։ Կարելի է ըսել, որ «Աթոռ Անահտայ»-ի կարեւորութիւնը ոչ միայն բովանդակութեան մէջ կը կայանայ, այլ նման բովանդակութեան մը կարիքին՝ որովհետեւ ցարդ գոյութիւն չէ ունեցած «մէկ կոճակ անդին» գտնուող արեւմտահայերէնի քերականական դիւրամատչելի շտեմարան մը։
Դաստիարակչական կամ գրականութեան ծանօթացման ծիրին մէջ բաժին ունին մանուկներն ու պատանիները, որոնց համար զանազան ծրագիրներ կարելի է գտնել այս հարթակին վրայ։ Ալիք Արզումանեան, Լիզա Մանոյեան, «Փոքրիկ հեքիաթարան»-ը, «ԻՆԱԼՔՕ»-ի (Օտար լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հաստատութեան) հայկական ամպիոնը Եութիուպ-ի վրայ ունին իրենց կայանները, որ թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ տեղւոյն վրայ արեւմտահայերէնի թարգմանուած մանկապատանեկան պատմութիւններ կ՚ընթերցեն։
Մանկապատանեկան պատմութիւններու ընթերցանութեան գծով, կ՚արժէ նշել VLUME-ը, որ ձայնային ելեկտրոնային գիրքերու հարթակ մըն է, ուր հայ գրողներու կողքին ունի օտար գրողներէ գործեր՝ արեւելահայերէնով թէ՛ արեւմտահայերէնով։ Այս ծրագիրը, սակայն, ոչ թէ ԵուԹիուպի վրայ է՝ այլ ունի իր խելախօսի տարբերակը, որ պէտք է ներբեռնել օգտուելու համար ծառայութենէն։ VLUME-ի առանձնայատկութիւններէն է Ռոպէրթ Լուիս Սթիվընսընի «Գանձերու Կղզի» մանկապատանեկան վէպին արեւմտահայերէնով շարժապատկերի ցուցադրութիւնը, որ կ՚իրականանայ առաջին անգամ ըլլալով։
Արեւմտահայերէնի հարուստ ամբարանոց մըն է Armlands Հայկաշխարհ-ը, որ իր անձնական կայքն ալ ունի, եւ որուն յաճախակի դրութեամբ թարմացող էջին վրայ կարելի է քաղել գրաւիչ կերպով ներկայացուած դաստիարակչական նիւթեր՝ ինչպէս մարմնի մասերու, մարմնի մաքրութեան, Վանայ կատուին եւ այլ նիւթերու մասին։ Անհատական նախաձեռնութիւններէն կարելի է նաեւ նշել Լենա Արապօղլեանին ԵուԹիուպ-ի կայանը, որ լսատեսողական կերպով արեւմտահայերէնով թուաբանութիւն կը բացատրէ։ Արեւմտահայերէնով գիտական գիտելիքներու կայան մըն է նաեւ «գիւտ մը նիւթ մը»-ն, որ նուազ քան 5 վայրկեանի սահմաններու մէջ «հայ գիւտարարի մը հնարքը եւ անոր կեանքէն պատառիկներ կը հրամցնէ՝ մանուկներու եւ պատանիներու համար պատրաստուած»։
Կ՚արժէ նշելԵուԹիուպ-ի վրայ Պօղոս Եղիազարին «Հացին երգը» վերնագիրով տեսանիւթերը, ուր հարազատ եւ թեթեւ ոճով հայկական աւանդական ուտելիքներ կը պատրաստէ, ինչպէս՝ զատկուան չէօրէկ, հաւկիթով խճողակ, մեհենական եղինձ, ճակնահաց եւ բոկեղ։ Պօղոս Եղիազարեան իւրաքանչիւր պատրաստութեան ընթացքին կը բացատրէ աւանդութեան մէջ տուեալ ուտելիքին մշակոյթը եւ ամենէն կարեւորը՝ կը խօսի տուեալ ուտելիքին հետ իր ունեցած յիշատակներուն մասին՝ Պոլսոյ մէջ իր ապրած օրերուն ընթացքին։
Արեւմտահայերէնի զարգացումին ուղղուած իր ծաւալուն ծրագիրներուն կողքին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցման» եւ «Խօսք առ» մրցանակները, ինչպէս նա՚եւ յատուկ Լիբանանի երիտասարդներուն ուղղուած «Նորարար մշակոյթի ծրագիրը» առիթ հանդիսացան զանազան ծրագիրներու մշակման։ Այս ծիրին մէջ կարելի է նշել երիտասարդ դերասան եւ բեմադրիչ Սերուժ Յովսէփեանին պատրաստած «Նաթիւր Մորդ եւ Շարժում» փորձառարական կարճ ֆիլմը, որ լայն տարածութիւն գտաւ համացանցի վրայ՝ մանաւանդ երիտասարդներուն մօտ, որոնց մտահոգութիւնները կ’արտացոլային ֆիլմին մէջ տեղ գտած խօսքերուն մէջ: Դարձեալ «Խօսք առ»-ի կոչէն դրդուած, Հայկ Կրակեան յօրինեց «Զարթիք» երգը, ուր կը քննադատէ այսօրուան ղեկավարութիւններուն եսակեդրոն ռազմավարութիւնները եւ անօգնական ժողովուրդներուն վիճակը: Արեւմտահայերէնով ստեղծուած արուեստի այս նոր եւ երիտասարդ գործերը միայն սկիզբն են, որոնք հաստատութիւններու եւ հիմնարկութիւններու նեցուկը վայելելով կայծ մը կրնան տալ աւելի ամչկոտ ստեղծարար գաղափարներու փթթումին:
Նման նախաձեռնութիւնները կու գան այս անգամ ոչ թէ հայատառ արեւմտահայերէնի տարածմանը նպաստելու, այլ արեւմտահայերէն հինչիւնը ներկայութիւն դարձնելու առցանց աշխարհին մէջ։ Հնչիւնին կողքին, արեւմտահայերէն փոփ մշակոյթին մաս կազմող դարձուածքներուն ձայն կու տայ Վահէ Պէրպէրեանը։ Ուղիղ սփռուող յայտագիրը բաժնուած էր զանազան բաժիններու, ուր Պէրպէրեան կ՚անդրադառնայ դէպքերու եւ դէմքերու, գիրքի եւ ֆիլմի յանձնարարութիւններ կու տայ, առցանց կը հիւրընկալէ տարբեր գաղութներէն հանրածանօթ անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ, գործիչներ։ Պէրպէրեանին յայտագիրին ընթացքին, հաղորդակցութեան բաժինին մէջ դիտողներ իրենց գրաւոր մասնակցութիւնը կը բերեն եւ յայտկանշական է, որ իւրաքանչիւրը կը գրէ իր ո՛ր գաղութէն դիտած ըլլալը։
Այլ հարթակներ
Պէտք է նշել, որ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն կամ էջ իր ներկայութիւնը կրնայ ունենալ աւելի քան մէկ հարթակի վրայ։ Սաունտքլաուտ-ի վրայ Parev.Arev-ը, կ՚իրականանայ Անահիտ Սարգիսեանի, Վահան Քերովբեանի եւ Մարալ Քերովբեանի կողմէ, եւ կը ներկայացնէ մանկապատանեկան հետաքրքրկան կարճ խաղերգերու ձայնագրութիւններ, որոնց շարժապատկերուած տարբերակները կրնանք գտնել Եութիուպ-ի վրայ։ Սաունտքլաուտ-ի վրայ ներկայութիւն է նաեւ անձնական նախաձեռնութեամբ մը ընթացք առած «Ողկոյզ մը պատմուածք» ծրագիրը, որ դարձեալ հեքիաթներու աշխարհ մըն է՝ առաւելաբար Լեւոն Շանթի «Մանկական Աշխարհ» շարքէն։ Համազգայինի «Լալան ու Արան» նախաձեռնութիւնը ունի իր կայքն ու մանկապատանեկան դաստիարակչական բջիջային ծրագիրները, որոնց ընդմէջէն երեխան կը ծանօթանայ գոյներու, ձեւերու եւ գիրերու աշխարհներուն։ Նոյնն է պարագան «Փթիթ»-ին, որ երկար տարիներ տպագիր կերպով հրատարակուելէ ետք արդէն քանի մը տարիէ ի վեր անցած է առցանց՝ կայքի միջոցով, եւ ունի տարբեր բնոյթի (լեզուական, տրամաբանութեան…) մանկական եւ պատանեկան խաղեր։ Հարկ է նշել որ այս բոլոր արդէն գոյութիւն ունեցող եւ յաջողութիւն գտած նախաձեռնութիւնները նաեւ աշխուժացան համաճարակի օրերուն: Իրենց նորութիւններուն մասին բոլորը կը ծանուցեն Դիմատետրի իրենց էջերուն վրայ:
Իւրայատուկ է պլոկներուն կամ ցանցատետրերուն, պարագան, որոնց գոյութիւնը շատ աւելի հին է քան վերոնշեալ ընկերային ցանցերուն հարթակները։ Հոս կարելի է նշել Իշխան Չիֆթճեանի Հայերէնblog-ը, որ իր շուրջ կը համախմբէ գրողներու խումբ մը, Նորա Պարութճեանի «Ծիծեռնակ» պատանեկան եւ երիտասարդական պլոկը, որուն նպատակն է «դասարանային նեղ սահմաններէն ազատագրել հայերէնը» եւ երիտասարդներուն տալ «տեղ մը՝ մարզելու գրաւոր լեզուն եւ ձեռք բերելու հայերէնով արտայայտուելու դիւրութիւն», Սեւան Տէյիրմենճեանի «Առօրեայ Անկիւններ»-ը, որ ջանք մըն է «այցելուներուն մատուցելու [Տէյիրմէնճեանին] գրութիւններ[ը] տարբեր նիւթերու շուրջ, ինչպէս նաեւ ծանօթացնելու Պոլիսը», Կիւլէն Գոճայեանի «Krutyunner»-ը, որ յիշատակարան մըն է Լիբանանի մէջ իր պատանեկութեան շրջանին հայկական սովորութիւններուն եւ կենցաղին մասին, Նարեկ Նաճարեանի պլոկը, Նարեկ Սեֆերեանի պլոկը՝ «գրաւոր նիւթերու եւ այլ ստեղծագործութիւններու», «Քրիստոնեաներուն տունը» պլոկը, որ հայ ուղղափառ եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւններու, տօներու եւ եկեղեցական հարցումներու մասին է, Նարինէ Գոնճայեանին «Նարինէ’s Blog»-ը, որ ունի տեսադարան, լսադարան եւ թարգմանութիւններ, Արազ Գոճայեանին «#ArazOrya»-ն, որ կը պարունակէ կարծիքներու եւ ապրումներու գրութիւններ, եւ «yerteveg»-ը, որ կը պարունակէ «շարունակելի պատմուածքներ։ Աշխարհիկ գրութիւններ։ Սնահաւատութիւն։ Քիչ մը աղով ու պիպեռով։ Հապճեպով գրուած, բայց անկեղծ»։ Յուշագրաւ է, որ արեւմտահայերէնով գրուող ցանցատետրերը չեն կրցած հող մը ստեղծել իրար հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու եւ մնացած են առանձին, իրարմէ հեռու՝ յաճախ վստահելով այլ ընկերային ցանցերու, տարածելու համար իրենց պարունակութիւնը։
Նշեալ ժամանահակատուածին առցանց խանդավառութիւն ստեղծած են Պոլիսէն հնչող արեւմտահայերէն փոտքասթ-երը՝ Asbantagը, Սապէսը եւ senyagpodcast-ը։ Դրական աղմուկ բարձրացուց նաեւ «Ի՞նչ կայ չկայ» Թելեկրամ-ի ալիքը, որ հետաքրքրական գիտելիքներ, գրականութեան կարճ հատուածներ, հարցումներ եւ հետաքրքրական յղումներ կը կատարէ, իսկ կարճ ժամանակի մը համար Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Ազատամարտ» մասնաճիւղի «գրադարան յանձնախումբ»-էն խումբ մը երիտասարդներ Թելեկրամ-ի վրայ Հարց-Պատասխան ալիք մը ստեղծած էին ու շաբաթական դրութեամբ հարց-պատասխաններ կը ղրկէին՝ «#ՏունՄնացէք» հեշթեկի օգտագործութեամբ։
Արազ Գոճայեան
(բ./գ. մաս)
darperag21.net