Պուրճ Համուտի Հայաթափման Հարցը

Վերջին քանի մը տարիներուն խօսակցութեան նիւթ կը դառնայ հայաթափումը Պուրճ Համուտի՝ լիբանանեան այն շրջանը, որ լայնաբաց ընդունած էր աշխարհասփիւռ տարագրուած հայորդիները: 1920ականներուն, Լիբանան դարձած էր հայկական հիմնական գաղթօճախներէն մէկը: Բռնագաղթած հայերը հասնելով այս հիւրընկալ երկիրը հաստատուեցան հիմնական երկու կեդրոններու՝ մէկը գաւառային Այնճարի, իսկ միւսը Պէյրութի արուարձան Պուրճ Համուտի մէջ: Սկիզբը ապաստանելով վրաններու ու տնակներու մէջ, անոնք կրցան պահպանել հայկական բարքերն ու սովորութիւնները՝ Պուրճ Համուտին տալով հայկական դիմագիծ մը, ապա շնորհիւ հայու ամուր կամքին՝ կրցան վերականգնիլ, յատակագիծը դնել ու կառուցել շէնքեր, դպրոցներ ու եկեղեցիներ, բոլոր կառոյցներուն տալով հայկական շունչ ու ոգի եւ ամէն թաղամասի՝ հայկական անուններ, ինչպէս՝ Նոր Մարաշ, Արաքս, Սիս, Ամանոս, Նոր Ատանա, Կիլիկիա եւ այլն: Հայը յաղթական դուրս եկաւ ճակատագրուած գոյամարտէն՝ կառչած մնալով կեանքին: Ան հետզհետէ տիրապետեց արաբական լեզուին ու ընտելացաւ միջավայրին եւ շնորհիւ վճռականութեան, աշխատասիրութեան եւ հմուտ արհեստագործութեան, մասնաւորաբար ոսկերչական, կօշկակարական, երկաթագործութեան, դերձակութեան եւ զանազան արհեստներու՝ յաջողեցաւ Պուրճ Համուտը դարձնելու Լիբանանի առեւտրական հիմնական կեդրոններէն մէկը: Լիբանան այցելող ոեւէ հայ չի հեռանար երկրէն առանց այցելելու Պուրճ Համուտ:
Այդքան բացառիկ եւ յատուկ տեղ մը գրաւելէ ետք համայն հայութեան սրտին մէջ, այսօր կարելի՞ է պատկերացնել, թէ Պուրճ Համուտը կը գտնուի հայկական դիմագիծը կորսնցնելու եզրին․ ի՞նչ պէտք է ընել առաջքը առնելու այս հաւանականութեան:
Լիբանանէն արտագաղթի եւ հետեւաբար Պուրճ Համուտի հայաթափման դրդապատճառները բազմաթիւ են: Տեղին է հայեացք մը նետել հիմնական շարժառիթներուն վրայ: 1975էն 1990 տարիներու երկարող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը արտագաղթի հոսանք մը յառաջացուց երկրին մէջ: Լիբանանահայութիւնը անմասն չմնաց այս հոսանքէն, եւ հայահոծ թաղեր, ներառեալ Պուրճ Համուտը սկսան պարպուիլ իրենց բնիկ ժողովուրդէն: Վերջին քանի մը տարիներուն Լիբանանի նահանջող տնտեսութիւնը ի վերջոյ արձանագրեց մեծ անկում մը: 2019ին բռնկեցաւ կացութիւնը փոխելու ժողովրդային շարժում մը, որմէ ետք աւելի սրեցաւ տնտեսական տագնապը: Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, 2020ին Պէյրութի պայթումը.․․ Այս անկայուն ու դժուարին պայմանները անգամ մը եւս դուռ բացին մեծածաւալ արտագաղթի, որմէ անմասն չմնացին բազմաթիւ լիբանանահայեր՝ նաեւ Պուրճ Համուտէն: Ասոր զուգահեռ, սուրիական պատերազմին պատճառով Լիբանան հասած գաղթականներ եւ օտար աշխատաւորներ սկսան «ներխուժել» Պուրճ Համուտ եւ դժբախտաբար անիկա կամաց-կամաց սկսաւ կորսնցնել իր հայկական դիմագիծը:
Ներկայիս Պուրճ Համուտի փողոցները կորսնցուցած են իրենց հմայքը: Այն վաճառատուները, որոնք մօտիկ անցեալին տակաւին իրենց շքեղ եւ աչքառու երեւոյթով կը շլացնէին անցորդները, այսօր բաւականին անշուք մնացած են. նոյնիսկ շատեր փակած են իրենց դռները: Այն փողոցները, ուր կը փոխանակուէին հայերէն բարեւներ ու կը տիրէր հայերէն խօսակցութիւնը, այսօր «ճոխացած» են «բաբելոնեան» լեզուներով:
2018ին հիասթափեցուող էր ականատես ըլլալ այն ծանր երեւոյթին, երբ հայկական շարք մը կրթօճախներ, տասնեակ տարիներ կանգուն մնալէ ետք, փակուեցան՝ մէկ կողմէ իբրեւ ցուցանիշ լիբանանահայութեան թիւի նուազումին, իսկ միւս կողմէ՝ այլասիրութեան ու ցուցասիրութեան. շատերը կը նախընտրեն իրենց զաւակները ուղարկել ոչ հայկական «սինյէ» դպրոցներ:
Վերջերս շրջանը ցնցած երկրաշարժները խնդրոյ առարկայ դարձուցին նաեւ հնակառոյց շէնքերը: Պուրճ Համուտի մէջ նաեւ գոյութիւն ունին բազմաթիւ հին շէնքեր, որոնք կը կարօտին վերանորոգման: Թէեւ քաղաքապետարանը երկրաշարժէն անմիջապէս ետք այցելեց շրջանի բնակավայրերը ստուգման համար, սակայն պատասխանատուներու կողմէ լայնածաւալ աշխատանք տարուելու է վերանորոգելու եւ ամրապնդելու բոլոր շէնքերը:
Շրջելով Պուրճ Համուտի մէջ, կը նշմարուի կարգ մը հիմնական կառոյցներու եւ հաստատութիւններու բացակայութիւնը, ինչպէս`հիւանդանոցի մը եւ հիւրանոցի մը, որոնք կը նպաստեն նաեւ զբօսաշրջութեան: Կարեւոր է անդրադառնալ նաեւ հանրային պարտէզի մը չգոյութեան՝ նման խճողուած շրջանի մը բնակչութեան եւ մանուկներուն հանգստեան եւ ժամանցի միջավայր մը ստեղծելու հեռանկարով: Ճիշդ է, կան փոքր եւ աննշան պարտէզներ, սակայն այսօր անոնք փակուած են հանրութեան առջեւ:
Թէեւ գնահատելի են հայկական երիտասարդական ու մշակութային հաւաքներն ու մարմնամարզական ակումբներն ու դաշտերը, սակայն կը նահանջէ մշակութային կեանքը, մասնաւորաբար՝ թատերական եւ պարախմբային ձեռնարկները:
Այս առաջարկներուն իրականացումը կը կարօտի հայ բարերարներու աջակցութեան: Պուրճ Համուտի բնակչութեան նուազումին պատճառները ընդհանրապէս եղած են անկայունութիւնն ու անգործութիւնը, հետեւաբար զանոնք դարմանելու որեւէ լուրջ աշխատանք պէտք է հիմնուած ըլլայ աշխատավայրեր եւ գործի առիթներ ապահովելու նախաձեռնութիւններու վրայ, ինչ որ կը յուսադրէ երիտասարդները եւ զանոնք կը մղէ կառչած մնալու իրենց հարազատ Պուրճ Համուտին:
ՔԱՐԷՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«ՏԱՐԲԵՐԱԿ 21»