Սփիւռքահայ գրականութիւն
Սփիւռքահայ գրականութիւնը որպէս ամբողջութիւն, իր սկիզբէն մինչեւ այս օրը, այնպիսի երեւոյթ մըն է, որ ամբողջական ներկայացման ապա եւ մանրամասն քննարկումի գրեթէ ենթարկուած չէ, բացի քանի մը լայնածաւալ յօդուածներէ, կա՛մ որպէս յառաջաբան դրուած հաւաքածոներու սկիզբը, կամ մամուլին մէջ, որպէս յօդուածաշարք երեւցած, ինչպէս Վահէ Օշականի, Պէպօ Սիմոնեանի, Անդրանիկ Սարեանի, Մինաս Թէօլէօլեանի, Վազգէն Գաբրիէլեանի եւ ուրիշներու յօդուածները: Որպէս ամբողջական ներկայացման փորձ, կարելի է նշել Գեղամ Սեւանի Սփիւռքահայ գրականութեան պատմութեան ուրուագծեր աշխատութիւնը, երկու հատորով, որ հակառակ ամբողջական ըլլալու փորձին, խոցելի կը մնայ կարգ մը առումներով, որոնցմէ ամենէն ցայտունը քանի մը կարեւոր անուններու բացակայութիւնն է անոր էջերէն: Երբ սփիւռքահայ գրականութիւնը դասակարգելու համար որպէս չափանիշ կ’առնուի հեղինակներուն կեցուածքը Հայաստանի հանդէպ, «կարօտը», – ինչպէս կը սիրէ ըսել գիրքին հեղինակը, -բնականաբար Վահէ Օշականի անունը կրնայ դուրս մնալ այդ ուսումնասիրութեան ծիրէն, իսկ Գրիգոր Պըլտեանին անունը կրնայ միայն հպանցիկ յիշուիլ: Փոխարէնը Գառնիկ Ադդարեան այսպիսի տողերու կրնայ արժանանալ.
Գ. Ադդարեանի Փոխան ուխտադրութեան բանաստեղծութիւնը ինքը ամբողջ խոր, ներքին ինչ որ աղերս ունի Նարեկացուց սկսած մինչեւ Պարոյր Սեւակ հասած հայ պոէզիայի աւանդների հետ, եւ այս ոչ միայն խորքի, այլեւ ինչ որ տեղ ոճական իմաստով:
Կարելի է նշել նաեւ Մ. Թէօլէօլեանի Դար մը գրականութիւն հատորը, որուն երկրորդ, բարեփոխուած հրատարակութիւնը կ’ընդգրկէ 1920-1980 տասնամեակները:
Այս գիրքերուն եւ յօդուածներուն հեղինակներէն իւրաքանչիւրը տարբեր մօտեցում եւ չափանիշ կը ցուցաբերէ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան հանդէպ:
Վ. Գաբրիէլեանն ու Գ. Սեւանը հայրենասիրութիւնն ու Սովետական Հայաստանի հանդէպ հեղինակներուն կեցուածքը նկատի կ’առնեն, ինչպէս նշեցինք:
Պէպօ Սիմոնեան կ’ուզէ շեշտը դնել ա՛յն դէմքերուն եւ գործերուն վրայ, որոնք «սփիւռքահայ միջին եւ մտաւորական ընթերցողը կը համակեն բանաստեղծական յուզումով, ապրումով, իմացական ճառագայթումով, որոնումներով եւ ինքնատիպ ոճով»: Մինաս Թէօլէօլեան երկու մօտեցումներ կը կիրարկէ` բացարձակապաշտ եւ առարկայական, հիմնաւորելով իր այդ երկու մօտեցումներն ալ:
Հակառակ այս գիրքերուն եւ յօդուածներուն, 1965-1995 շրջանի սփիւռքահայ բանաստեղծութիւնը գրեթէ անկոխ դաշտ մը կը մնայ, մանաւանդ այս երեք տասնամեակներէն երրորդը, որ կը յատկանշուի ոչ արհամարհելի թիւով նոր անուններու, որոնք կ’երեւին Սփիւռքի տարածքին, մամուլի էջերուն թէ առանձին հատորներով:
Գրականութեան պատմութեան մէջ քննարկում մը կատարելու համար, գրեթէ օրէնքի կարգ անցած է հեռաւորութիւնը որոշ ժամանակահատուածէ մը, աւելցնելու համար բաղդատութիւններ ընելու կարելիութիւնը:
Կարելի է սակայն, ընթացքի մէջ եղող գրականութիւն մը ներկայացնել, բաղդատութիւն ընելով ոչ թէ երկու ժամանակաշրջաններու միջեւ, այլ քննարկելով այդ գրականութեան ձգտումները եւ անոնց` որքանո՞վ իրականացուած ըլլալու իրողութիւնը:
Այսպէսով է, որ «բաց շրջանի» մը մէջ տակաւին գործող գրականութեան մը քննարկումը կարելի կը դառնայ:
Այս աշխատանքին համար, նախ ներկայացուցած ենք քանի մը տարբեր բաժանումներ, ինչպէս «Աշխարհագրական-գաղութային», եւ «Ոճային-ուղղութենական»: Այս երկու մօտեցումները քննարկելէ ետք յարմար տեսած ենք երկրորդ մօտեցումը որդեգրել, քննարկելու համար 20-րդ դարու վերջին երեք տասնամեակներուն սփիւռքահայ բանաստեղծութիւնը:
1965 թուականը անկիւնադարձային իմաստ մը ունի սփիւռքահայ կեանքին եւ գրականութեան համար, եղեռնի յիսնամեակով, երիտասարդութեան արթնացումով եւ միջազգային շարժումներու ազդեցութեամբ:
Հաւանաբար վէճի եւ կասկածի առիթ տայ ուսումնասիրութեան համար վերցուցած մեր այս շրջանը, այն պատճառաբանութեամբ, որ շրջանը չէ փակուած տակաւին եւ պէտք եղած հեռաւորութիւնը չէ ստեղծուած, ճշգրիտ կերպով քննարկելու եւ դասաւորելու համար այդ շրջանի բանաստեղծութիւնը:
Մեզի համար, սակայն, գլխաւոր հարց մըն է եւ մղիչ ոյժ` այս բաց շրջանը. ինչպէս որ կարելի է ապրող սիրտ մը դիտել եւ քննել բժշկական համակարգիչի պաստառին վրայ, այնպէս ալ կարելի է քննարկել սփիւռքահայ բանաստեղծութիւնը ոչ միայն գոյութիւն ունեցող ազգային, այլ նաեւ արդի միջազգային չափանիշերու հիման վրայ, որովհետեւ գրականութիւն մը, որ կը բխի ազգայինէն, անպայման կը ձգտի միջազգայինին: Կարելի չէ ինքզինք սահմանափակել ազգայինով, կոյր ձեւանալ եւ յաւակնիլ «մեծ գրականութեան»:
Սփիւռքի մէջ այս հարցը որպէս երկսայրի սուր կախուած է գրողներու գլխուն: Իւրաքանչիւր ստեղծագործ անձ, գերզգայուն իր շօշափուկներով, չի կրնար անտարբեր մնալ իր շուրջ խմորուող շարժումներուն, որոնք իրմէ ներս երկրորդ անգամ կը խմորուին, արիւնի եւ ժառանգութեան տաշտերուն մէջ:
Արդիւնքը կրնայ իրապէ՛ս իւրայատուկ ըլլալ ա՛յն բանաստեղծներուն պարագային, որոնց չի պակսիր ո՛չ տաղանդը եւ ո՛չ ալ բանիմացութիւնը:
Միւս կողմէ` ձուլումին վախը կրնայ սանձահարող եւ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ: Վերջին քանի մը տասնամեակները, գիտութեան հսկայ ալիքով, իրենց պարտադրանքը դրին ստեղծագործութեան վրայ, կերպարուեստի եւ գրականութեանմարզերէն ներս: Արուեստագէտները իրենք զիրենք գտան ներշնչումէ եւ քնարականութենէ անդին, գիտութեան պատուհաններուն առջեւ:
Ընդունուած է, որ գրականութիւն մը ներկայացնելու կամ վերլուծելու ատեն, նախ ներկայացուի շրջանը, ուր ծաղկած է այդ գրականութիւնը: Շրջան ըսելով կը հասկնանք թէ՛ տարածաշրջանը եւ թէ՛ ժամանակաշրջանը, որոնք իրենց անխուսափելի ազդեցութիւնը կը ձգեն այդ գրականութեան վրայ աւելի մասնաւոր երեւոյթներով, ինչպէս քաղաքական պայմաններն ու ընկերային դրուածքը:
Հարցը ամբողջովին կը փոխուի սփիւռքահայ գրականութեան պարագային:
Նախ` սփռուածութիւնը, տեղահանութեան որպէս արդիւնք, երբ ժողովուրդի հաւաքականութիւններ տարբեր քաղաքներու եւ երկիրներու մէջ հաստատւեցան: Երկրորդ եւ մանաւանդ` այդ հաւաքականութիւններուն իրենք իրենց վրայ փակուած վիճակը, որ ոչ միայն նուազագոյնի կ’իջեցնէ, այլեւ կը ջնջէ հաւանական ազդեցութիւնը տեղական քաղաքական եւ ընկերային պայմաններուն, գոնէ սկզբնական շրջանին համար:
Կը մնայ հոգեբանական ազդակը, որ ձեւ եւ ուղղութիւն տուաւ սփիւռքահայ գրականութեան, իր առաջին տասնամեակներուն:
Այս փակուածութիւնը կը թուլնայ, որքան հեռանանք եղեռնի կեդրոնէն, Միջին Արեւելքէն դէպի արեւմուտք, հասնելու համար մինչեւ Փարիզ, կամ ԱՄՆի տարբեր քաղաքները:
Փարիզի մէջ օրինակ, երիտասարդութիւնը, որ ստիպուած էր աշխատիլ որպէս բանուոր, ուզէր իսկ չէր կրնար փակուած մնալ ինքն իր վրայ: Մէկ կողմէ ընկերային ծանր վիճակը, միւս կողմէ տակաւին վիրաւոր հոգեկանը պատճառ դարձան, որ Փարիզի մէջ գրականութիւնը տարբեր ուղղութիւն առնէ: Երբ Միջին Արեւելքի մէջ (Հալէպ-Պէյրութ) բանաստեղծներ իրենց կորսնցուցած երկիրն ու տունը կը քերթէին (Մ. Իշխան, Տուներու երգը), կամ որբութիւնը գիրով կը փորձէին չէզոքացնել (Ա. Ծառուկեան, Առագաստներ), Ֆրանսայի տղաքը սկսած էին իրենց մորթին վրայ զգալ այլութիւնը, թէեւ պատկանելիութեան հարցը դեռ քանի մը տասնամեակներու կը կարօտէր բիւրեղանալու համար:
Ի՞նչ է, սակայն, Սփիւռքահայ բանաստեղծութիւնը:
Այս հարցումին մէջ շեշտը բնականաբար սփիւռքահայ բառին կ’երթայ:
Աշխարհագրական տարբեր շրջաններու գաղութներուն մէջ ի յայտ եկած բանաստեղծութիւ՞ն մը, ընդհանուր գիծերով եւ յայտարարներով, թէ՞ անհատ բանաստեղծներու ճիգերն ու անոնց երկերուն գումարը:
Հակառակ յաճախ կրկնուող եւ ֆէթիշի վերածուած ա՛յն կարծիքին, թէ Սփիւռքը գրականութիւն չունի, – այսինքն գրական աւանդութեան կառոյց մը իր ճիւղաւորումներով, հոսանքներով, ներկայացուցիչներով, այդ կառոյցը խարըսխող հասարակութեամբ եւ զայն շարժի դնող հրատարակչական եւ քննադատական մեքենաներով, – հակառակ այս կարծիքին, Սփիւռքը ունի ամբողջ տասնամեակներու վրայ տարածուող գրականութիւն մը ո՛չ միայն անհատ հեղինակներու մեծ թիւով, այլեւ գրական հանդէսներով, գրական շարժումներով եւ, որ ամենէն կարեւորն է, զարգացող շատ ինքնուրոյն գիծով, որ կը սկսի Վահան Թէքէեանէն եւ անոր ձգած ազդեցութենէն ու կը հասնի մինչեւ Նիկողոս Սարաֆեան, Վահէ Օշական, Գրիգոր Պըլտեան եւ Հրազդան Զէյթլեան:
Կա՛յ երեւոյթ մը, de facto, որ կը կոչուի Սփիւռքահայ գրականութիւն, որուն սկիզբ որպէս կրնանք նկատի առնել Շահնուրի Նահանջը առանց երգի (1929) եւ Ն. Սարաֆեանի Անջրպետի մը գրաւումը (1928): Այս գիրքերէն առաջինը կը խօսի արդէն կազմակերպուած գաղութի մը կեանքէն եւ անոր սպառնացող վտանգէն, որ փոքր տարբերութեամբ նոյնն է գրեթէ բոլոր գաղութներուն պարագային: Իսկ երկրորդը կը խօսի սփիւռքացման վիճակի հոգեբանութենէն, թարգմանելով այլութեան կիզիչ ապրումները: Այս իրարմէ ամբողջովին տարբեր երկու երկերուն մէջ է որ կամաց, շա՜տ կամաց կը սկսի ուրուագծուիլ Սփիւռքը որպէս գաղափար եւ վիճակ եւ մեզի իրաւունք կու տայ անցեալ դարու 20-ական թուականներուն վերջերը դիտելու որպէս սկիզբ սփիւռքահայ գրականութեան:
Սակայն Միջին Արեւելքը այդ թուականներուն շատ մօտ կը կենար ջարդերուն. գրողները ուրիշ ատենէ աւելի կը կառչին աւանդութիւններու, իրենց տողերուն մէջ փորձելով ե՛ւ պահել, ե՛ւ ապրիլ «երկիրը», կեանքը այնտեղ եւ ծածկել իրենց որբութիւնը:
Սփիւռքահայ բանաստեղծութիւնը, կարեւոր մէկ բաղադրիչը սփիւռքահայ գրականութեան, ի՞նչ ընդհանրութիւններ ունի գաղութէ գաղութ զինք յատկանշող.
ա. Լեզուն
Որպէս լեզուամտածողութիւն, Սփիւռքի մէջ գործածուած արեւմտահայերէնը անխուսափելիօրէն կ’ենթարկուի տեղական լեզուներու ազդեցութիւններուն,որոնք կրնան որոշ դարձուածքներ ներմուծել լեզուին, սակայն չեն խախտեր լեզուամտածողական հիմքը, որ կապուած է կենսահայեացքի եւ աւանդութիւններու:
Տարածուած կարծիք է, որ Սփիւռքի գրականութիւնը ձեւով մը շարունակութիւնն է արեւմտահայ գրականութեան: Սփիւռքի կազմաւորման առաջին տարիներուն, ջարդէն վերապրած գրողներն էին պատնէշի վրայ: Անոնց յաջորդեց «որբերու» կամ «անապատի» սերունդը` Արեւմտահայաստանը իրենց միտքի յետսակողմը պահող տղաք:
Վերջին երեք տասնամեակներուն գրողներու նոր սերունդ մը եկաւ հրապարակը լեցնել: Եւրոպական երկիրներու մէջ բարձրագոյն ուսման տիրացած տղաք ասոնք, որոնց համար երկլեզուութիւնն ու երկպատկանելութիւնը բնական, նոյնիսկ դրական բաներ են:
Երկլեզուութիւնը այսօր հաւանաբար շատ տարածուած երեւոյթ մըն է բոլոր այն երկիրներուն մէջ, որոնք երրորդ աշխարհին կը պատկանին, կամ որոնք կ’իյնան մեծ պետութիւններու տիրապետութեան եւ հմայքին տակ (անգլերէն եւ ֆրանսերէն` երրորդ աշխարհի երկիրներուն համար, ռուսերէն` նախկին Սովետական Միութեան երկիրներուն համար):
Եթէ իւրաքանչիւր լեզու ունի իրեն յատուկ լեզուամտածողութիւն, ուրեմն սփիւռքահայ գրողին պարտադրուած երկլեզուութիւնը, երկու լեզուամտածողութիւններու ներդաշնակումով, կը յանգի նոր լեզուամտածողութեան մը, որ, իր կարգին, կը ծնի նոր լեզու մը, զոր կարելի է պայմանականօրէն սփիւռքահայերէն կոչել. այսինքն` հայերէն մը, որուն լեզուամտածողութիւնը կ’ենթարկուի գաղութներուն պատկանած երկիրներու լեզուին եւ լեզուամտածողութեան: Այս կացութիւնը զգալի կը դառնայ առօրեային, խօսակցական լեզուին մէջ, մինչ գրականութեան մէջ այնքան ալ բացայայտ չէ ան:
Անշուշտ կարելի է առարկել, որ օտարամուտ տարրեր կրնան խաթարել լեզուն (արեւմտահայերէնը) եւ անոր իւրայատկութիւնը: Սակայն ամբողջովին փակ շրջանակի մը մէջ, անհաղորդ` ժամանակի պահանջներուն, լեզուն դարձեալ կրնայ խաթարուիլ` լճանալով:
Արեւմտահայերէնը, իր սքանչելի ճկունութեամբ – ժամանակակից հայ գրականութեան իմացական լեզուին կառոյցը արեւմտահայերէնին մէջ է, որ կը դրսեւորուի – կը յարմարի ժամանակի պահանջներուն, ինչ որ կը մղէ կարգ մը արդի գրողներ լեզուաբանական նորութիւններ փորձարկելու հայերէնին մէջ, բան մը, որ կը շարժէ, կ’ապրեցնէ լեզուն: Այսպէս հոգեփոխուած, սփիւռքահայերէն դարձած արեւմտահայերէնը կրնայ լիովին ծառայել ժամանակակից սփիւռքահայ գրողին, որ աշխարհաքաղաքացի մարդ է իր կամքով եւ հակառակ իր կամքին:
բ. Ինքնութեան փնտռտուք
Ինքնութեան փնտռտուքը երկրորդ կէտն է սփիւռքահայ բանաստեղծութեան դիմագիծը որոշող: 1970-ականներուն հրապարակ իջած համալսարանաւարտ երիտասարդներն էին, որ զգացին իրենց կացութեան անորոշութիւնը եւ անոր առնչուող հարցադրումը ըրին իրենց էջերուն մէջ, գրական փորձերէն մինչեւ Եւրոպայի հայ համալսարաններու միութեան պարբերաթերթ Ուսանողի էջերուն: Այդ տղոց համար Ջարդը, երկրորդ ձեռքէ լսուած պատում, չէր կրնար գոհացնել իրենց փնտռտուքը կամ պատասխաններ հայթայթել: Անոնք նոյնքան իրենց ապրած երկիրներուն քաղաքացիներն էին, որքան էին հայ: Բայց այդ երկու պատկանելութիւններն ալ ամբողջական չէին, եւ, ուրեմն, ինքնութեան հարցը անխուսափելի կը դառնար:
Այս տղաքն էին, որ իրենց լեզուէն դուրս հրեցին հայ, հայութիւն, հայրենիք եւ Արարատ, որովհետեւ շատ աւելի խոր բաներու հետամուտ էին: Մակերեսային ա՛յն հայրենասիրութիւնը, որ հրամցուած էր իրենց եւ ազգային ա՛յն դաստիարակութիւնը, որ շրջապատած էր զիրենք իրենց մանկութեան եւ պատանութեան, ո՛չ համոզիչ էին եւ ո՛չ գոհացուցիչ, որովհետեւ հակառակ օտարը թշնամի դիտելու կոչերուն, որոնք ծնունդ էին այդ օտարին մէջ լուծուելու եւ ազգային դիմագիծը կորսնցնելու վախին, այս տղաքը ոչ միայն մօտ կը զգային իրենց ծնած երկիրներու մշակոյթին, այլեւ որոշ չափով համոզուած էին անով: Սակայն խորունկ, չլռող հարցը` թէ «ո՞վ ենք մենք ճշգրիտ հաշուարկներով», կը ստիպէր, որ անոնք շատ հեռու երթային հայի եւ հայրենիքի ապրումներէն, փնտռելու համար հայուն էութիւնը, միշտ խուսափելով անտեղի զեղումներէ, փորձելով մնալ պեղումի եւ պրպտումի գիտական ծիրին մէջ: Անոնց յանձնառութիւնը բառերէն անդին էր:
Ունեցա՞ն անոնք զիրենք գոհացնող բանաձեւ մը:
Այս կեցուածքին գլխաւոր ներդրումը եղաւ ա՛յն, որ Սփիւռքը դադրեցաւ ժխտական երեւոյթ մը ըլլալէ եւ ըստ այդ` ջլատելէ մարդոց եռանդը, երկար, անկարելի սպասումի մը գամելով զիրենք:
Այս երիտասարդ սերունդին համար աւելի քան յստակ դարձաւ, որ գրականութիւնը ազգապահպանում չէ, որովհետեւ ա՛յդ եղած էր նախորդ սերունդներուն կեցուածքը, այսինքն` միակ դերի մը` հայապահպանումին մէջ սահամանափակել մշակոյթն ու արուեստը:
Եւ ոչ միայն նախորդ: 1965-1995 երեսնամեակին լոյս տեսած բանաստեղծական գիրքերուն ջախջախիչ մեծամասնութեան համար Սփիւռքը կը շարունակէ մնալ այն օթեւանը, վտանգաւոր եւ անապահով, ուր կը սպասեն վերադարձի վարդագոյն առաւօտի ծագելուն: Մինչեւ որ ծագի այդ առաւօտը, պէտք է անխաթար պահել ինչ որ ունին, ինչ որ բերած են. պէտք է մերժել ամէն արտաքին ազդեցութիւն, ձուլումի ահաւորութենէն սարսափած: Կեցուածք մը, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ արդէն տժգունած, սպառած եւ պարպուած բանաստեղծութեան մը մէջ, որ ինքն իր վրայ դարձող պարապ շրջանակի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ:
Անապատի սերունդը չստանձնեց Սփիւռքը այն իմաստով, որ ինքզինք չկրցաւ տեսնել ամբողջապէս որպէս սփիւռքահայ, որովհետեւ մնաց իր ներքին ինքնութեան եւ ապրած երկրի պատկանելիութեան բախումի կէտին։ Աւելին, յետադարձ շարժումով կառչեցաւ Երկրին եւ սիրոյ երազներուն։
Մեծ անուններու ներկայութիւնը այդ սերունդին մէջ (Մ. Իշխան, Ա. Ծառուկեան եւ այլն) հմայեց նոր գրողներ եւս, որոնք անպարոյկ համոզումով շարունակեցին նախորդներուն ուղին, սփիւռքահայ բանաստեղծութեան մէկ թեւը անելի եւ ամլութեան տանելով:
գ. Հայրենիք
Երրորդ եզրը Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան դիմագիծին հայրենիքի գաղափարն է. այստեղ հայրենիք բառը առած ենք իր պարզագոյն, անգլխագիր ձեւին մէջ, որովհետեւ բանաստեղծներու մեծամասնութեան համար այս բառը Հայաստան կը նշանակէ, Սովետական Հայաստան, Հայաստանի Հանրապետութիւն թէ սոսկական գաղափար:
Փոքր տոկոսի մը համար ան պարզապէս վայրն է ըլլալուն, որովհետեւ «արուեստը հայրենիք չունի». այս փոքրամասնութեան համար ըլլալն է առաջնահերթը, ըլլալ` անկախ հայրենիքէն. ասիկա անշուշտ ոչ մէկ հակադիր կեցուածք կը նշանակէ, բաց աչքերով նայիլ մըն է իրականութեան, առօրեային. Երազներով օրօրուելու փոխարէն` շրջապատը ընդունելու, անոր մերուելու եւ ինքզինք ըլլալպահելու ճիգ մըն է:
Հայրենասիրական բանաստեղծութեան ամենէն հետաքրքրական դրսեւորումը Իսթանպուլահայ բանաստեղծութեան մէջ կը գտնենք, որովհետեւ այնտեղ եղած քաղաքական ճնշումը կը ստիպէ այդ բանաստեղծներուն նոր միջոցներ որոնել: Այստեղ սակայն մենք չենք անդրադառնար այդ բանաստեղծութեան, նախ որովհետեւ համոզուած ենք, որ այդ գրականութիւնը, իր սկզբնական կառոյցով, ապա ապրած հոգեբանութեամբ, որոշ չափով կ’առանձնանայ ընդհանուր Սփիւռքէն եւ առ այդ առանձին քննարկումի եւ ուսումնասիրութեան կը կարօտի։
Ապա անոր համար, որ նուազագոյն երկու մեծ աշխատութիւններ նուիրուած են այդ բանաստեղծութեան` Սեդա Ծաղիկեան-Տեմիրճեանի եւ Հիլտա Գալֆայեանի գրիչներով:
Կար նաեւ հայրենիքի գաղափարը. ի վերջոյ կարելի չէր անտեսել Հայաստանի գոյութիւնը, որ ժամանակաշրջանի պայմաններուն հետեւանքով չէր կրնար առօրեական ապրում ըլլալ բանաստեղծներուն համար։ Կար անիկա որպէս իրականացած, բայց տակաւին չապրուող երազ, որուն տարողութիւնը քիչերուն միայն տրուեցաւ յաջողապէս արտայայտել (Վահան Թէքէեան, Մուշեղ Իշխան)։ Այդ գրողներուն կողմէ Հայաստանը կ’արժէքաւորուէր ոչ միայն որպէս հայրենիք, այլեւ որպէս գեղեցկագոյն երազ։ Ու եթէ Հայաստանի կարգ մը բանաստեղծներ ապրուած տողերու վերածեցին զայն, ինչպէս Պարոյր Սեւակ կամ Յովհաննէս Գրիգորեան, սփիւռքահայ բանաստեղծներուն համար ան մնաց երազ մը, որուն իրականութենէն հեռու էին սակայն։
Մնացեալը ընդհանրապէս լորձնաշուրթն, գովաբանական եւ յաճախ կեղծ հնչող ոտանաւորներու մեծ թիւն է:
Մեր բանաստեղծութեան պատմութեան մէջ երեւցող այլազանութիւնը, մինչեւ Ջարդ ու անկէ ետք, կը կրուի նոյն համակարգէն եւ ունի նոյն հէնքը:
Ասիկա կու գայ ամբողջ համակարգի մը` աշխարհընկալման, հոգեխառնութեան, տեղի եւ նիւթի գոյութենէն:
Երբ Ջարդը ուղղակի կը քանդէ այդ հէնքը, կը սպասուէր, որ գրողներու յաջորդ սերունդը ունենար կամ շինէր ուրիշ` ամբողջովին նոր հէնք մը, ուրիշ համակարգի վրայ խարսխուած: Ինչ որ եղաւ սակայն ա՛յն էր, որ հէնքը մնաց, իր բզիկ-բզիկ վիճակով քաշկռտուեցաւ եւ անոր վրայ շարունակել փորձեցին մեծ թիւով գրողներ:
Եղան քանի մը ընտրեալներ ալ, որոնք կրցան նոր պայմաններուն համեմատ հէնք հիւսել, ինչպէս Նիկողոս Սարաֆեան:
Սփիւռքահայ բանաստեղծութիւնը կը հասնի արտայայտութեան ծայրագոյն եզրերուն եւ հոն ալ կը կենայ. ոչ մէկ ճիգ` փնտռելու զիրենք այդտեղ գամող տագնապը, ոչ մէկ ճիգ` ճանչնալու տագնապին էութիւնը:
Մարուշ Երամեան
«Բագին»