Փարիզ. Վերանորոգուած է Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցին
Օրերս վերանորոգուած է Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցին։
Այս մասին գրած է Փարիզի «Նոր Յառաջ»ը։
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդի աթոռը կանոնական ժամկէտներու բերումով կը մնայ թափուր, եւ Առաջնորդական Տեղապահի պաշտօն կը կատարէ Տ. Կոմիտաս ծ.վրդ. Յովնանեանը։
Ինչպէս աւելի վաղ ալ «Արեւելք» գրած էր Ֆրանսայի Թեմակալ Առաջնորդի ընտրութիւնը պիտի կայացուի յառաջիկայ տարուան փետրուարին, իսկ Առաջնորդի պաշտօնին գլխաւոր յաւակնորդ է իր նստաշրջանը աւարտած Առաջնորդ ՝ Տ. Վահան եպս. Յովհաննիսեանը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ հրապարակուած «Նոր Յառաջ»ի կարճ թղթակցութիւնը։
Երկար ժամանակ է որ Փարիզի մայր եկեղեցին հիմնական նորոգութեան կարիք ունէր։ Մանթաշեանի նուիրատւութեամբ կառուցուած տաճարը 117 տարի է չէր վերանորոգուած եւ ներկայիս պահը հասած է այդ աշխատանքը իրագործելու։ Արդէն ամիսներէ ի վեր եկեղեցին դուրսէն շինարարական մետաղեայ հարթակներով շրջապատուած է։ Տանիքի կղմինտրներէն սկսեալ մինչեւ պատուհանի ապակէ նկարներն ու պատերուն քարերը, որոնք տարիներու ջուրի ներթափանցման պատճառով շէնքին կայունութիւնը եւ արտաքին տեսքը տեղ-տեղ խախտած են, կը վերանորոգուին։ Իսկ գմբէթը շրջապատող ութ արծիւներէն միայն մէկը մնացեր էր, պէտք է վերաքանդակել եկեղեցին պահպանող արծիւները։
Եւ ահա Դեկտեմբեր 1-ին, բարերարներուն ներկայութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ նորոգութեան աշխատանքներուն, մասնակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի՝ Յասմիկ Տոլմաջեանի ։
Բացման արարողութիւնը սկսաւ եկեղեցւոյ մուտքին կապուած կարմիր ժապաւէնը կտրելով, որմէ ետք նուիրատուներու անուններով պատին քօղը վար առնուեցաւ, ի յայտ բերելով տասնըմէկ նոր նուիրատուներու փորագրուած անունները։
Կրօնական կարճ արարողութենէ մը ետք, առաջնորդական տեղապահ Կոմիտաս վրդ. Յովնանեան խօսք առաւ յիշելով Վահան Թեքէեանի՝ Հայ եկեղեցւոյ ձօնուած՝ «Եկեղեցին հայկական՝ ծննդավայրն է հոգւոյս»-ը, Փարիզի եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի նախագահ Ժան Դաւիթեան ֆրանսերէնով ամփոփեց նորոգութեանց գործընթացը, շօշափելի կարգ մը տուեալներ հաղորդեց շինարարական աշխատանքներուն եւ անոնց գանձատրման մասին։ Յիշեց մասնաւորապէս Սիմոն Մօտիկեանը, որուն իշխանական կտակին շնորհիւ է, որ վարչութիւնը յանդգնած է նորոգութեան ձեռնամուխ ըլլալու։ Խօսք առաւ նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան։ Արարողութիւնը շարունակուեցաւ երգչուհի Աննա Կասեանի մենակատարութեամբ, երգէոնով ընկերակցութեամբ Անահիտ Տուզեանի։
Երեկոյթը փակուեցաւ ջերմ հիւրասիրութեամբ եւ գեղարուեստական յայտագրով, «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ։
Կարեւոր է նշել որ շինարարութեան ծախսերը ամբողջովին չեն փակուած, Փարիզահայութիւնը եւ ընդհանրապէս Ֆրանսահայութիւնը հրաւիրուած են իրենց նիւթական աջակցութիւնը բերելու եկեղեցւոյ նորոգութեան։