«Քամբ Արմէն»ը նոր ոգի պիտի բերէ հայաշունչ Պոլիսին
Պոլսոյ «Թուզլա» շրջանին մէջ գտնուող եւ երկար տարիներ համայնքին ծառայած «Քամբ Արմէն»ը դարձեալ վերակառուցուի։
Կը սպասուի, որ յառաջիկայ ամիսներուն Հայ Աւետարանական համայնքի ճիգերուն շնորհիւ կարելի ըլլալ մեծագումար յատկացումներ կատարել իրականութիւն դարձնելու համար համայնքին համար այդքան կենսական եւ կարեւոր երիտասարդական այս կեդրոնի բացումը։
Բնականաբար տակաւին վաղ է, խօսիլ այն մասին, թէ ինչ տեսակի ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ պիտի մշակուին եւ գործի ալ դրուին «Քէմբ Արմէն»ի մէջ, սակայն բոլորին համար պարզ ու յստակ է, որ կեդրոնը պիտի դառնայ Պոլսահայ մատղաշ սերունդներուն համար կարեւոր կեդրոն մը, ուր փոխն ի փոխ եւ իրարու ձեռք տալով նոր սերունդներ պիտի հասցուին։
Անշուշտ կարեւոր է նաեւ, որ ոչ միայն Պոլսոյ այլ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը ակնդէտ հետեւի այս կեդրոնի վերականգման աշխատանքներուն զարկ տալու համար հայախօսութեան, հայեցի դաստիարակութեան ու կերպով մըն ալ սատարելու, որ մեզի բոլորիս համար կենսական դեր ունեցող հայաշունչ Պոլիսը դարձեալ թեւեր առնէ ու իբրեւ հայութեան կեդրոն շարունակէ իր աներեր առաքելութիւնը։
Տեղին է ամրագրել, որ բնականաբար «Քամբ Արմէն»ի վերականգնողական ճիգերուն իր միահամուռ եւ կեդրոնական նեցուկը ցոյց պիտի տայ Ամերիկայի Հայ Աւետարանաչական Միութիւնը (ԱՀԱԸ), որուն երախտարժան առաքելութեան ամենաէական մասը կը համարուի քրիստոնաէական եւ հայեցի կրթութիւն փոխանցելու նուիրական մօտեցումը։
Այստեղ հարկ է նշել, որ «Քամբ Արմէն»ի մասին օրերս յատուկ լրատւութեամբ մը հանդէս եկաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից ՝ «Ժամանակ» օրաթերթը, ուրկէ ալ մեր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք «Քամբ Արմէն»ի մասին լոյսին տրուած թղթակցութիւնը։
«Ժամանակ» կը գրէ ՝
Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի ստորագրութեամբ երէկ Կէտիկփաշայէն թերթիս խմբագրութեան ուղարկուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որով տեղեկացուցած է, որ մեծ ոգեւորութեամբ յառաջ կը տարուի ծրագիր մը, որ կը վերաբերի Թուզլայի «Քամփ Արմէն»ին։ Այս հաղորդագրութիւնով պաշտօնապէս տեղեկացուած է, որ նոր «Քամփ Արմէն»ի մը շինարարութեան ձեռնարկուած է։ Այս նիւթը երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուէր եւ այժմ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի կողմէ հրապարակուած բացատրութիւններով ամէն ինչ կը յստականայ եւ կը հիմնաւորուի, ինչ որ դրական իրադարձութիւն մըն է՝ Թուզլայի ընդարձակ տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման յաջորդած ժամանակաշրջանին ձեռքբերումները ապահովագրելու տեսակէտէ։
Ըստ հաղորդագրութեան, նոր «Քամփ Արմէն»ը պիտի կառուցուի 4 հազար 715 մեթր քառակուսի տարածութեան մը վրայ։ 3 հազար 200 քառակուսի մեթր փակ բաժին պիտի ունենայ համալիրը։ 100 հոգիի տարողութեամբ կացարան մը պիտի ունենայ նոր քամփը՝ հաւասարապէս 50 աղջիկի եւ 50 մանչու համար։ Ուսուցիչներու կացարաններ, արհեստանոցներ կամ աշխատանոցներ, ցուցադրասրահներ, 200 հոգի տարողութեամբ լսարան մը, բազմանպատակ այլ դահլիճներ, համակարգչային նախագիծեր մշակելու յարմարութիւններով օժտուած աշխատանոցներ եւ վարչական այլ բաժիններ պիտի ընդգրկէ այս համալիրը։
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ դիտել տրուած է, որ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ սնտուկէն ցայսօր շուրջ 50 հազար ամերիկեան տոլարի համապատասխան ծախս մը կատարուած է այս ծրագրին համար, որու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ շուրջ 2 միլիոն 500 հազար ամերիկեան տոլար։ Նոյն առթիւ դիտել տրուած է, որ այս նախագիծը կեանքի կոչելու համար նիւթական աջակցութեան կարիք գոյութիւն ունի։
Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու անսահման շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք ցայսօր իրենց նպաստը բերած են այս ուղղութեամբ։ Ան յոյս յայտնած է, թէ բոլորը անկեղծ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն՝ նոր «Քամփ Արմէն»ի կերտման ճանապարհին։