Մարսիլիոյ Աբովեան վարժարան
Հայերը Ֆրանսայի մէջ սկսած են ապրիլ դեռեւս վաղ միջնադարիէն։ Հիմնականին մէջ հաստատուած են Փարիզ, Մարսիլիա, Վերսալիա, Լիոն, Նիս, Փուաթիէ, Լա Ռոշէլ, Պորտօ, Սան Շամոն, Վիեն, Վալանս քաղաքներուն մէջ։ Ֆրանսահայ համայնքի ձեւաւորումէն ի վեր ստեղծուած են բազմաթիւ դպրոց-վարժարաններ, հասարակական, բարեգործական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ, որոնք վերածուած են հայապահպանութեան իւրայատուկ կեդրոններու։ Ատոնցմէ մէկն ալ Մարսիլիոյ Աբովեան վարժարանն է։
Խաչատուր Աբովեան ընկերակցութիւնը, որ նաեւ յայտնի է որպէս Աբովեան Վարժարան, հիմնադրուած է 1989 թուին՝ խումբ մը կամաւորներու շնորհիւ՝ Մարսիլիոյ մէջ գործող Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Սրբոց Թարգմանչաց հայկական տաճարի երկու արդէն գոյութիւն ունեցող դպրոցներու միաւորումով: Կամաւորներուն նպատակը մէկն է՝ յաւերժացնել հայկական ինքնութիւնը եւ մշակոյթը իր բոլոր ձեւերով:
Վարժարանի անձնակազմը կ’իրականացնէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցները՝ խթանելու եւ կազմակերպելու տարբեր միջոցառումներ՝ գեղարուեստական, մշակութային, կրթական, ինչպէս նաեւ հանգստեան ուղեւորութիւններ:
Վարժարանէն ներս կը կարեւորուի թէ՛ մեծահասակներու, թէ՛ երեխաներու կրթութեան որակի բարձրացումը։ Ֆրանսայի հասարակութեան մէջ լիարժէք ներգրաւուելու հարցին մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի ֆրանսերէնին տիրապետելը, հետեւաբար այստեղ կամաւորներուն անձնակազմը կը սորվեցնէ նաեւ ֆրանսերէն։
Վարժարանի ուսուցիչները կը սորվեցնեն ընթերցանութիւն, բանաստեղծութիւն, հայկական ժողովրդական երգեր եւ պարեր, ճատրակ, դաշնամուր, երգչախմբային երգ, նկարչութիւն։ Հայ առաքելական տաճարի հոգեւոր քահանան կ’ուսուցանէ կրօնական դաստիարակութեան հիմքերը:
Խաչատուր Աբովեան դպրոցը առաքելական դպրոց է, որուն նպատակն է ուսուցանել ե՛ւ գիտելիք, ե՛ւ հաւատք։ Խաչատուր Աբովեան վարժարանը կը գտնուի Մարսիլիոյ սրտին մէջ։
«Հայերն Այսօր»