Օրենճ Քաունթիի մէջ Ազգային Միջնակարգ Վարժարան պիտի հաստատուի
Երեքշաբթի, 8 Փետրուարի յիտմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց տէր եւ տիկին Արիս եւ Անժելա Իսթամպոլեանները, որոնք հոգեկան անսահման ուրախութեամբ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին՝ ընդհանրապէս Արեւմտեան թեմին եւ մասնաւորաբար Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, եւ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային նախակրթարանը միջնակարգի մակարդակի բարձրացնելու նպատակին՝ ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Ոսկան եւ Էլիզ Իսթամպոլեաններուն, նուիրեցին երկու միլիոն տոլար:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Իսթամպոլեան ամոլին ցուցաբերած ազգային կեցուածքը, որմով հայ ազգի յաւերժութեան պահպանման նպաստող ազնիւ մտածում մը կը կոչուի կեանքի, միաժամանակ դիտել տալով, որ Ազգային առաջնորդարանի ներկայութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի կեանքին մէջ, առաւել եւս կ՛իմաստաւորուի՝ Ազգային վարժարաններու ճամբով կատարուած ծառայութիւններու եւ կրթական ծրագիրներու իրագործումով:
«Յուրախութիւն բոլորիս, Ազգային առաջնորդարանը, Սփիւռքի տարուան առիթով, ահա՛ Օրենճ Քաունթիի մէջ նոր ձեռքբերում մը կ՛արձանագրէ: Մենք կը հաւատանք, որ, եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը մեր կեանքէն ներս եզակի դերակատարութիւն մը ունի եւ կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի գոյութեան կարեւոր կռուաններէն մէկը», հաստատեց Թորգոմ սրբազանը:

Կարեւոր այս հանդիպման առաջնորդ սրբազան հօր կողքին էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինին հետ կապ Ճորճ Չորպաճեան, գանձապահ Գալուստ Ակոբեան, Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Խնամակալ մարմինի անդամ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Մանօ Տիշոյեան, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Անի Շահինեան Սարգիսեան եւ Ուսումնական մարմինի անդամ եւ Հոգաբարձութեան հետ կապ Արա Մալաքեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ, մատենագէտ Յակոբ Չոլաքեանի այս առթիւ կատարած ֆէյսպուքեան գրառումը.-