Վեհանոյշ Թեքեան – Նիւ Ճըրզի
ԱՆՎԵՐՆԱԳԻՐ ներսս տեղ մը patchwork-ի պէս կարկտնուած քաղաք մը կայ կարկտնուած փողոցներով ու ծանրացած շա՜տ ծանրացած կարկտնուած փողոցներս կը սկսէին Երեւանէն ու Հալէպէն կը հասնէին Փարիզ Պէյրութ Գահիրէ փողոցներս թնճուկուեցան ու մնացին պատկերներուն հետ ծանրացած կար ժամանակ կը տանէինք երկու վալիզ -Թխմէ՛, թխմէ՜ … բարակ աւել ու թել պանիր լոլիկի ջուր փոշի…