Պօղոս Նուպար Փաշա

Պօղոս Նուպար փաշա Պօղոս Նուպար փաշա (1851-1930) առանց փառասէր ըլլալու, համազգային առումով եղաւ ամենէն առաջ իմաստուն, ողջմիտ եւ մանաւանդ գործնական հայորդին իր լիաբուռն առաքինութիւններով, զորս անվարան գործի վերածեց ճշմարիտ հայրենասիրութեան ոսկեայ շրջանակին մէջ, պայքարելով աղքատութեան եւ տգիտութեան դէմ։ Ան հիմնադիրն է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ): Կեանքի Գիծերը Եգիպտահայ ազգային եւ հասարակական գործիչ, անձնուէր հայորդի…

Մուշեղ Իշխան

Մուշեղ Իշխան #Գործեր Առաջին գերեզմանը  Երբ աչքերս կը փակեմ, ժամանակը կը ջնջուի ահա եւ ես կը մանկանամ նորէն: Մանկական աշխարհիս հորիզոնին վրայ կը տեսնեմ հողակոյտ մը, կարմրագոյն եւ խոնաւ հողի պզտիկ դէզ մը, ուղտի սապատի նման: Կը տեսնեմ մայրս, սեւեր հագած եւ ծնրադիր այդ հողակոյտին քով: Կապոյտ աչքերէն արցունք կը հոսի եւ կուրծքը կ’ելեւէջէ խեղդուած…

Երանուհի Գույումճեան

Երանուհի Գույումճեան  #Գործեր ՓՈՒՆՋ ՄԸ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ  ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՍ ՇՇՈՒՆՋԸ Տարիներուս շշո՛ւնջն առի զեփիւռի մեղմ շոյանքներէն, Լուսաբացի շաղոտ-շողոտ արեւահամ համբոյրներէն, Կապո՛յտ-կապո՛յտ երկինքներէն ծորող շի՛թ-շի՛թ մաքուր ցօղէն, Արահետէն իմ մանկութեան մշտաբուրեան պարտէզներէն…   Տարիներուս ժպիտն առի մանկան անմեղ հայեացքներէն, Ծեր մամիկի աղօթաբոյր մաղթանքներէն, օրհնութենէն, Հոգենուէր աշխատանքէս, երկնապարգեւ արարումէս Ու բառերէս որոնք իջան դպան գրչիս աստղերու պէս:   Հոգիիս…