ԴԱՐՁ
Տենչ մը անպատում
Կ’անձրեւէ յար խոպան դաշտերու լռումին կուտակ:
Ու կ’իջնեն սպիտակ ձիւնի փաթիլներ
Մանուկ օրերուս համբոյրին քնքուշ:
Կենեղ լոյսին հետ
Մարգարտաշար դաշտերուն սերմերը բարի
Յուսահատ կեանքիս ղզջումը կու լան:
Ո’չ մէկ տարակոյս վաղուան յարածուփ խինդին:
Այս անձրեւը լոյս խոպան դաշտերու
եւ զղջումը բարւոք դարձի փառաւոր
Զիս ետ կը կանչեն
Առօրեայ կեանքին հրճուանքին բիւր:
Ազնիւ Գարալէքեան Միքայէլեան